
ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Նիւ Եորքի մէջ, պատասխանելով Ատրպէյճանէն լրագրողներու հարցումներուն՝ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Ըստ անոր՝ Երեւանի ղեկավարութիւնը երկրին մէջ արմատականներու, իսկ երկրէն դուրս՝ Սփիւռքի կողմէ ճնշման տակ է։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան բարեացակամ մօտեցումներու պատասխան պէտք է տայ Ատրպէյճանի գծով ։
Ըստ թրքական «Անատոլու» գործակալութեան՝ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր տարած յաղթանակէն ետք, Ատրպէյճան կը ձգտի խաղաղութեան եւ տարածաշրջանին մէջ անդորրութեան։ Պաքու առաջարկած էր, որ Երեւանի հետ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կնքէ եւ սահմաններու յստակացման համար համատեղ յանձնաժողով մը կազմուի։ Ըստ Չաւուշօղլուի՝ Ատրպէյճան կը խրախուսէ նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի բանակցութիւնները։
Նշենք, որ Չաւուշօղլու Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակից Էնթընի Պլինքընի հետ, քննելով Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմին, Շուէտի եւ Ֆինլանտայի՝ ՆԱԹՕի անդամակցութեան եւ Հարաւային Կովկասին վերաբերող հարցեր, ներառեալ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։