
Չորեքշաբթի, 18 Մայիսի առաւօտեան, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի եւ իր կնոջ՝ Յասմիկի, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական աթոռոյ կեդրոն՝ Անթիլիասի Մայրավանք, Լիբանան:
Անթիլիաս իր կեցութեան ընթացքին, առաջնորդը Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ պիտի կատարէ կուսակրօն քահանայութեան ձեռնադրութիւն եւ օծում, որուն կնքահայրութեան պաշտօնը ստանձնած է տէր եւ տիկին Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեան ամոլը: Անոնք նաեւ վեհափառին հետ պիտի ունենան խորհրդակցական հանդիպումներ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի ապագայ ծրագիրներուն գծով:
Յայտնենք, որ առաջնորդը եւ Ազգային վարչութեան ատենապետը պիտի վերադառնան 25 Մայիսին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ