ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24ին, Թիֆլիս ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովին պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է Ռուսիոյ մէջ վրացիներու դէմ առնուած քայլերուն պատճառով, պնդելով, թէ ռուսական այդ քայլերը «ցեղային հալածանք»ի համազօր են:
Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան, Ռուսիա կ’ոտնակոխէ ապօրինի միջոցներով Ռուսիա մուտք գործած վրացիներու տարրական իրաւունքները:
Հակառակ Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու Արեւմուտքի կոչերուն, Ռուսիա կը շարունակէ Թիֆլիսի դէմ որդեգրուած պատժամիջոցները անփոփոխ պահել, բողոքելով ռուս սպաներ ձերբակալելու վրացական քայլին դէմ:
Յայտնենք, թէ Ռուսիա խզած է Վրաստանի հետ օդային, ցամաքային եւ ծովային բոլոր կապերը ու 800 աւելի վրացիներ արտաքսած է:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կելա Պեժուաշւիլի Նոյեմբեր 1-2ին Մոսկուա պիտի այցելէ ու խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ, երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով: