
Շաբաթ, 7 Մայիսին, Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ կատարուեցաւ ՀՄԸՄի նոր կեդրոնի բացումը՝ ներկայութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ֆէտի Խաժակ Գազանճեանի։ Բացման հանդիսութեան ընթացքին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ «Արտակարգ» պատուանշանով պարգեւատրուեցաւ Օննիկ Գելիչին, իսկ Մեկուսի շրջանին կողմէ «Ծառայութեան» շքանշանի արժանացաւ Փայլակ Աւետիսեան։ Կատարուեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանցում։