
ԱՐՓԻ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 1 Մայիսին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական խորհուրդի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբը իր տարեկան համերգը ներկայացուց, ունկնդիրները տեղափոխելով երկիրէ երկիր։
Երգչախումբի խմբավարն էր մայէսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան․ դաշնամուրով երգչախումբին կ՛ընկերակցէր Շողեր Օհանեան-Քահքէճեան։
Ելոյթին բացումը կատարուեցաւ Սուրիական հանրապետութեան եւ Հայաստանի քայլերգներով։
Գեղեցիկ բեմի յարդարանքը, երգողներու ճաշակաւոր տարազները եւ երգչախումբի հարուստ երգացանկը մանուկներու գունեղ աշխարհին հարազատ պատկերը կ՛արտացոլացնէին։
Հայերէն բացման խօսքով Սեւանայ Հալլաճեան անդրադարձաւ հայ երաժշտութեան՝ զայն համարելով արտայայտիչը մեր երազներուն, արտացոլացումը մեր պատմութեան եւ հայ ազգը բնորոշող արուեստի պայծառ երանգը։ Ան կարեւոր համարեց Համազգայինի դերը հայ մշակոյթի պահպանման մէջ։
Երախտագիտութիւն յայտնելով թեմիս առաջնորդին մշտական քաջալերանքին, տարիներու վաստակաշատ խմբավար Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ երգչախումբին մաս կազմող փոքրիկներու ծնողներուն՝ ան լուսարձակի տակ առաւ երգչախումբին այս տարուան համերգի խորագիրը, դիտել տալով որ Արամ Ա. կաթողիկոսը այս տարին հռչակեց «Սփիւռքի տարի», ուստի երգչախումբին ելոյթը նուրիուած էր աշխարհի մէջ տարածուած զանազան հայ գաղութներուն։
Արաբերէն բացման խօսքով Սիլվա Ճապաղջուրեան ըսաւ, որ որքան ուրախալի է միջավայրը, երբ գարունը եւ երաժշտութիւնը միատեղ կը ծաղկին։ Ան յայտնեց, որ երգչախումբը կարճ ճամբորդութեամբ մը մեզ պիտի փոխադրէ աշխարհի զանազան երկիրներ, ուր հայկականին կողքին պիտի ծանօթանանք տարբեր մշակոյթներու։ Ապա ան շնորհակալութիւն յատնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան երգչախումբին։ Շնորհակալութեան երկրորդ խօսքը ուղղուած էր երկրիս նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին՝ մշակույթը եւ արուեստը մշտապէս քաջալերելուն համար։ Համերգին բեմավարները երգչախումբի անդամներ էին։ Իւրաքանչիւրը հրամցուած երգի մը մեկնաբանութիւնը ներկայացուց։
Յայտագիրը բաժնուած էր երկու մասերու։ Մեր ճամբորդութիւնը սկսաւ Սուրիայէն՝ «Անա Սուրի» արաբերէն երգով, յետոյ անցանք Ֆրանսա, Ամերիկա, ապա Սպանիա, Իտալիա, Լիբանան եւ վերջապէս Ռուսիա։ Մատուցուեցաւ իւրաքանչիւր երկրէ հանրածանօթ երգ մը։
Երկրորդ մասով մեր օդանաւը վայրէջք կատարեց Հայաստան ու մնաց հոն, ունկնդիրներուն հրամցնելով հայրենասիրական եւ ազգային երգեր՝ վերյիշեցնելով մեր ազատագրական պայքարը, Շուշիի մէջ նահատակուած ընկերներ եւ մեր գեղեցիկ ու քաղցրիկ Հայաստանը։
Առաջնորդ սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց երգչախումբին մաս կազմող պատանիներուն փայլուն, յոյս եւ լաւատեսութիւն ներշնչող ելոյթին համար։
Ան փափաք յայտնեց, որ այս փոքրիկները օր մը անպայման այցելեն Արցախ, Հայաստան ու առնչութիւն ունենեն մայրենի հողին։
Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Հալէպ, յաղթահարելով իր դժուարութիւնները՝ կ՛ապրի եւ կը ծաղկի։
«Պատի՛ւ հալէպահայութեան, պատի՛ւ Բերիոյ Հայոց թեմին եւ Ուսումնական խորհուրդին, որոնք 49 տարի այս երգչախումբը քրտինքով պահեցին, ծրագրաւորումով պահեցին, որպէսզի մեր զաւակները հայ երգը սորվին ու երգեն ոչ միայն բեմերու վրայ, այլեւ ուր որ երթան, որպէսզի պահեն մեր ազգային արժէքները։ Հալէպահայ մեր հերոսներն ալ Արցախի մէջ զոհուեցան՝ պահելու մեր ազգութիւնը, մեր հայրենիքը։ Անոնց հայրենասիրական ոգին այս բեմէն կը ծլէր, հոսկէ կ՛արմատանար։ Այս գաղութին, այս բեմին վրայ հայը կը պայծառանայ, վաւերական հայ կը դառնայ։ Պատի՛ւ սուրիահայութեան, որ հակառակ ամէն դժուարութիւններուն եւ զրկանքներուն, իր կեանքը կը կազմակերպէ ու կը վերաորակաւորէ: Սիրելի՛ փոքրիկներ, այսօր մեզ ներշնչեցիք եւ յոյսը ծաղկեցուցիք մեր մէջ ձեր երգերով։ Կը խոստանանք այս գաղութը ամուր պահել, որպէսզի դուք ծաղկիք եւ ձեզի յաջորդող սերունդներն ալ այս բեմին վրայ կանգնին ու հայ երգը ծաղկեցնեն»։
Առաջնորդը ապա անդրադարձաւ խմբավարուհի Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի՝ հալէպահայութեան մշակութային կեանքի ծաղկեցման նուիրած 30 տարիներու աշխատանքին, դիտել տալով, որ ան ինքզինք նուիրեց այս գաղութին ու հանդէս եկաւ ոչ թէ իբրեւ սովորական խմբավար, այլ՝ իբրեւ վարպետ։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Աւելցնենք, որ երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ նաեւ հալէպահայ վարժարաններու աշակերտութեան համար, Ուրբաթ, 29 Ապրիլին։