ԹԵՀՐԱՆ.- «Սքայ Նիուզ»ը, յղում կատարելով իրանեան լրատուամիջոցներուն՝ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Կիրակի օր այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի հետ։ Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ երկկողմ յարաբերութիւնները աւելիով ամրապնդելու կարեւորութիւնը։
«Սուրիոյ դիրքը այժմ նախկինէն շատ բարձր է, որովհետեւ անիկա ներկայիս աւելի ուժեղ է», ըսաւ Խամենէի՝ աւելցնելով. «Մերձակայ կարգ մը երկիրներու ղեկավարները հանդիպում կ՛ունենան սիոնական գոյացութեան (Իսրայէլի) ղեկավարութեան հետ եւ միասնաբար սուրճ կը խմեն»:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը վստահեցուց, որ Իրան պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ, որպէսզի վերջինս ամբողջացնէ ահաբեկչութեան դէմ իր յաղթանակը եւ ազատագրէ իր մնացեալ տարածքները:
Սուրիոյ նախագահը իր կարգին յայտնեց, որ շրջանային եւ միջազգային հարցերուն մէջ Իրանի գործելաոճը ո՛չ միայն Իրանի եւ Սուրիոյ շահերուն կը ծառայէ, այլ նաեւ՝ ամբողջ շրջանին: «Կարելի է վերակառուցել պատերազմին քանդածը, սակայն եթէ հիմերն ու սկզբունքները քանդուին, զանոնք կարելի չէ վերակառուցել», ըսաւ Ասատ:
Ասատ կարեւոր նկատեց Իրանի եւ իր երկրին միջեւ գործակցութիւնը՝ «արգելք հանդիսանալու համար, որ Ամերիկա վերականգնէ ահաբեկչական համակարգը, զոր շրջանին վնաս պատճառելու համար կ՛օգտագործէ»:
Միւս կողմէ, Մոսկուայի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ յայտնեց, որ իր երկրի իշխանութիւնները Անգարայի հետ երկխօսութեան սկսելու հեռանկարներ չեն տեսներ:
«Անգարա կանոնաւոր կերպով Հասաքէ նահանգի միլիոնաւոր բնակիչները կը զրկէ ըմպելի ջուրէ, ինչպէս նաեւ չյարգեց Ասթանայի հոլովոյթին իբրեւ երաշխաւոր երկիր իր յանձնառութիւնները, որոնց համաձայն՝ պէտք է յարգէ Սուրիան, անոր գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ կը շարունակէ աջակցիլ ահաբեկչական խմբաւորումներու ու կը խոչընդոտէ տագնապի խաղաղ լուծումը: Մեզի համար կառավարական մակարդակի վրայ թուրք-սուրիական որեւէ երկխօսութիւն տեղի պիտի չունենայ, մինչեւ որ Թուրքիա չհրաժարի իր բարբարոս քաղաքականութենէն», ըսաւ Հատտատ: