
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոեան Ուաշինկթընի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական Պապ Մենենտեզի եւ Ծերակոյտի հանրապետականներու ղեկավար Միչ ՄքՔանըլի հետ։
Միրզոյեան Մենենտեզի հետ քննարկեց հայ-ամերկեան յարաբերութիւններու օրակարգը, Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած ապահովական կացութիւնը եւ տարածաշրջանային իրավիճակի հարցեր, ներկայացուց Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակը եւ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումը։ Այս պարունակին մէջ շեշտուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ լարուածութեան հրահրման անթոյլատրելիութիւնը։ Ընդգծուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացի պատանդներու հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը։
Միրզոյեան ներկայացուց նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերջին զարգացումները։ Աւարտին ան Մենենտեզին փոխանցեց «Բարեկամութեան շքանշան»ը` հայ-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ անոր ունեցած նշանակալի աւանդին համար։

ՄքՔանըլի հետ հանդիպման ընթացքին եւս Միրզոյեան ընդգծեց Արցախի հակամարտութեան խաղաղ լուծման վերաբերող ամերիկեան միջնորդական ջանքերուն կարեւորութիւնը՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահող պետութիւն։ Միրզոեան ՄքՔանըլին փոխանցեց «Մխիթար Գոշ» մետալը, որմով վերջինս պարգեւատրուեցաւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման համար։
Միջազգային հանրապետական հիմնարկին մէջ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Եւրասիոյ տարածաշրջանային տնօրէն Սթիվըն Նիքսի հետ, որ հաստատեց, թէ հիմնարկը պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական հիմնարկներու կարողութիւններու զարգացման գործին։