ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ օդային իշխանութիւնները «Flyone Armenia» ընկերութեան արտօնութիւն չտուին Թուրքիոյ օդային տարածքով դէպի եւրոպական երկիրներ թռիչքներ կատարել (overflight):
Լուրը հաղորդեց «Flyone Armenia» ընկերութիւնը՝ նշելով, թէ ստեղծուած իրավիճակին իբրեւ արդիւնք ընկերութիւնը ստիպուած է չեղարկել մինչեւ 10 Յունիս նախատեսուած Երեւան- Լիոն- Երեւան եւ Երեւան- Փարիզ-Երեւան ուղղութիւններով թռիչքները:
Կը նշուի, որ Երեւան-Պոլիս-Երեւան թռիչքները կը կատարուին թռիչքի ճշդուած ցանկին համաձայն: Թռիչքներու վերսկսման վերաբերեալ պիտի տրուի համապատասխան տեղեկատուութիւն: