
ՊԸՐՊԵՆՔ․- Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Թատերական միաւորի նախաձեռնութեամբ եւ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ յօրինող, երգիչ եւ դերասան Շարլ Ազնաւուրին նուիրուած եւ Մայիս 6ին, Պըրպենքի «Քալընի» սրահին մէջ տեղի ունենալիք երաժշտական-թատերական ներկայացումին՝ «Դարձեալ Քեզի Համար՝ Ազնաւուր»ին (Encore Pour Toi Aznavour) բոլոր տոմսերը կարելի եղած է սպառել:
Այս ձեռնարկի առաջին տարբերակը «Քեզի համար՝ Ազնաւու»ը (Pour Toi Aznavour) տեղի ունեցած էր անցեալ Հոկտեմբերին, մեծ յաջողութիւն ապահովելով։
Նոր ձեռնարկին կը մասնակցին նաեւ Համազգայինի «Նայիրեան» երգչախումբը եւ հռչակաւոր «Փարի Շանսոն» խումբը։