ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1».- Հոկտեմբեր 27 եւ 28ին Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիան մեծ շուքով պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 60ամեակը: Այս երկու օրերու ընթացքին տեղի պիտի ունենան շարք մը ձեռնարկներ. ակադեմիայի շէնքին մէջ պիտի զետեղուիի ակադեմիայի հիմնադիր Արա Սարգսեանի կիսանդրին, այնուհետեւ պիտի ցուցադրուին ուսանողներու աշխատանքները, իսկ Հոկտեմբեր 28ին ֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ համերգ:
Ակադեմիան մասնաճիւղեր ունի նաեւ Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ, ուր կ’ուսանին 900 ուսանողներ: