
ԵՐԵՒԱՆ.- 25 Ապրիլին, Երեւանի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մօտէն ընթացք առաւ «Զարթնի՛ր, լաօ»՝ «Դիմադրութեան» շարժման իրազեկման երթը, որ շարունակուեցաւ ամէնօրեայ դրութեամբ՝ 5 օրուան ընթացքին, տարբեր շրջաններէ քայլարշաւներով, հաւաքներով եւ իրազեկման շարժումներով։
Ընդդիմութիւնը փողոցային պայքարի սկսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Արցախի կարգավիճակի նշաձողը իջեցնելու մասին ելոյթէն ետք: Ընդդիմադիրները կը պնդեն, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը մտադիր է Արցախը ճանչնալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, իսկ այդ, ըստ իրենց, կրնայ տապալիլ հանրային ճնշումով Փաշինեանը իշխանութենէն հեռացնելով: Ընդդիմութեան պահանջը Փաշինեանի հեռացումն է։
Հայաստանի 4 մարզերէն դէպի Երեւան ուղղուեցան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներուն գլխաւորած ցուցարարները։
26 Ապրիլին, երթը ընթացք առաւ Սասունցի Դաւիթ արձանի մօտէն, 27 Ապրիլին՝ Գարեգին Նժդեհ հրապարակէն, 28 Ապրիլին՝ Բաշ Ապարանէն եւ Սարդարապատէն, 29 Ապրիլին՝ Արամ Մանուկեանին արձանին մօտէն։
Ծրագրուած է 1 Մայիսին Երեւանի մէջ իրականացնել ընդդիմութեան հանրահաւաքը։
Այս ցոյցերուն զուգահեռ, նոյն պահանջով Ազատութեան հրապարակին վրայ նստացոյցը կը շարունակէ խորհրդարանի միւս ընդդիմադիր խմբակցութեան` «Պատիւ Ունեմ»ի ղեկավար Արթուր Վանեցեան, որ իր կարգին քայլարշաւներու կը նախաձեռնէ Երեւանի փողոցներուն մէջ։
Արթուր Վանեցեան դիտել տուաւ, որ անջատ նախաձեռնութիւններով ընդդիմադիր ուժերը ցոյց կու տան, որ իրենց պայքարի նպատակը մէկ է։ «Մենք չունենք որեւէ առաջնորդ ստեղծելու խնդիր, մենք պայքարում ենք յանուն մեր հայրենիքի եւ յանուն հայրենիքի բոլորս պէտք է միաւորուենք»: Ան շեշտեց, որ 1 Մայիսին իրենք պիտի միանան «Հայաստան» խմբակցութեան հանրահաւաքին:
Ամէնօրեայ դրութեամբ տեղի կ՛ունենան գիշերային քայլերթներ Երեւանի թաղամասերուն մէջ՝ ազգային երգերու ընկերակցութեամբ եւ շարժումին միանալու կոչերով։ Քաղաքացիներ պատուհաններէն եւ մայթերէն յաճախ կ՛ողջունեն ցուցարարները։
Յայտնենք, որ այս շարժումին ընթացքին մեծաթիւ ոստիկաններ ընկերացան ցուցարարներուն եւ կատարուեցան ձերբակալութիւններ։
Այս շարժումի մեկնարկի օրը, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Այսօրուանից սկսած` եւս մի քանի կարեւոր գործեր ունենք. ցոյցերի ու երթերի կողքին պէտք է ձեւաւորենք դիմադրութեան նոր օջախներ: Խնդրանքս է բոլորին` ձեր բակերում, փողոցներում, կոլեկտիւներում (տեղական համայնքներուն մէջ), գիւղերում ու քաղաքաներում ինքնակազմակերպուէք եւ սկսէք անհնազանդութեան բողոքի նոր ակցիաներ (գործողութիւններ): Խօսէք ձեր հարազատների, հարեւանների, գործընկերների հետ: Նրանց պէտք է բացատրել պահի լրջութիւնն ու յապաղելու կործանարար հետեւանքը: Մենք պէտք է կարողանանք ոտքի հանել ողջ ժողովրդին եւ շատ կարճ ժամանակում յաղթահարել մեր առջեւ դրուած բոլոր մարտահրաւէրները: Խնդրանքս հետեւեալն է` ձեւաւորէք դիմադրութեան այդ օջախներն ու ամէն կերպ աջակցէք փողոցներում ակցիաներ իրականացնող մեր ակտիւիստներին (շարժումի գործիչներուն) ու երիտասարդներին»:
