Վերջերս շատ կը խօսուի Թուրքիոյ մէջ ապրող իսլամացած հայերու մասին։ Թիւերը կը գնահատուին մինչեւ մէկուկէս միլիոն։ Պաշտօնական Թուրքիա երբեք չէ ճանչցած այս իրողութիւնը եւ չի խօսիր այս մասին։
Պահ մը ոստում մը ընենք դէպի 2046 թուականը։ Թուրքիա, Եւրոպական միութիւն մտնելու իր ճիգերուն մէջ, այս «թապու»ն վերցնելով հայ մահմետականներուն արտայայտուելու եւ ընտրութեան ազատութիւն կու տայ եւ Հայաստանի հետ ալ բնականոն ու բաւական սերտ յարաբերութիւններ կը զարգացնէ։ Իսլամացած հայերէն մեծ թիւ մը փափաք կը յայտնեն փոխադրուիլ Հայաստան եւ հայրենի կարավարութիւնն ալ, տեղի տալով Եւրոպայի եւ Ամերիկայի բարոյական ճնշումներուն եւ մանաւանդ նիւթական շռայլ խոստումներուն, իր դուռները կը բանայ այն հայ իսլամներուն, որոնք կ՚ուզեն հոն ապրիլ։ Եւ 2014-2020 տարիներուն ընթացքին, մօտաւորապէս չորս հարիւր հազար իսլամացած հայեր, արեւմտեան պետութիւններուն օժանդակութեամբ եւ կարգադրութեամբ, կը փոխադրուին Հայաստան։ Անոնցմէ փոքր թիւ մը կը հաստատուի Արցախ, Սիսիան, Վանաձոր, Արարատեան դաշտ եւ այլ շրջաններ. մեծ մաս մը Գիւմրի, իսկ ամենամեծ թիւը՝ Երեւանի շրջակայքը, ստեղծելով բոլորովին նոր աւաններ՝ Նոր Համշէն, Նոր Պոնտոս եւ Նոր Անատոլու անուններով։
Թինան 28 տարեկան եւ ամերիկածին փաստաբան է։ Իր ծնողները գաղթած են Միջին Արեւելքէն։ Մարք 34 տարեկան երրորդ սերունդի ամերիկահայ է եւ իր նոր տեսութիւններով, տնտեսական մարզին մէջ բաւական աղմուկ բարձրացուցած միջազգային չափանիշով հանրածանօթ տնտեսագէտ է։ Հինգ տարի առաջ հայկական համագումարի մը, Մարք եւ Թինա կը ծանօթանան եւ իրարու շատ համակրելով կը դառնան անբաժանելի, որմէ երկու տարի ետք ալ ամուսնանալով կը հաստատուին Լոս Անճելըսի հարաւը, ծովեզերեայ Փալոս Վերտէս արուարձանը։
Շնորհիւ «Ասալա»ին, Մարք եւ Թինա կը պատկանին սփիւռքահայ այն սերունդին, որոնք գիտակից են իրենց հայութեան, ծանօթ հայոց պատմութեան եւ մանաւանդ նախանձախնդիր հայերէն լեզուին նկատմամբ։ 2020ական թուականներուն, Հայաստանի ամէնէն հարուստներէն երկոտասնեակ մը, զզուած եւ յուսահատ արտերկրի հայ երիտասարդութիւնը հայ պահելու ճիգերու ամլութենէն եւ անկարողութենէն, կը հիմնէ «Ասալա»ն (Արմենական Սերունդների Ազգային Լինելութեան Ապահովում)։ Այս կազմակերպութիւնը, ամէն տարի մօտաւորապէս հարիւր պատանիներ՝ Հայաստանի ամէնէն տաղանդաւորներէն եւ ներկայանալիներէն, կը զետեղէ իւրայատուկ ճամբարներու մէջ, շատ խիստ մարզումի ենթարկելով զանոնք մարմնամարզի, երաժշտութեան եւ շարժարուեստի ճիւղէն ներս։ Եօթը-ութը տարի ետք, այս երիտասարդներէն գրեթէ տասը տոկոսը կը գրաւէ ամէն ազգի երիտասարդութեան սրտերը, ողիմպիականի իրենց ոսկի մետալներով, շարժաշխարհի մէջ շահուած «Օսքար»ներով եւ երաժշտական փառաւոր նուաճումներով։ Իսկ հայ երիտասարդութեան համար անոնք կը դառնան մէկական կուռք։ Իրենց յաջող ելույթներէն ետք, այս երիտասարդ-երիասարդուհիները կը շրջագային հայկական գաղութներ, հմայելով հայ նոր սերունդները իրենց մաքուր հայերէնով եւ հայկականութեամբ՝ զանոնք ներմուծելով անոնց մատղաշ սրտերէն եւ հոգիներէն ներս։ Տարիներ գլխու պտոյտ պատճառող յաջողութիւններէ ետք, հայուն յատուկ նկարագիրի արդիւնք, որ լաւ գործ մը շատ խանդավառ սկսելէ եւ յաջողութենէ ետք, անպայման ներքին պառակտումի, նախանձի եւ փառամոլութեան հաշւոյն կը խոչընդոտէ գործը, ներկայիս «Ասալան» գրեթէ անուանական է, բայց գործին արձագանգները տակաւին նշմարելի են Սփիռքի մէջ։
2046ի Սեպտեմբերին Մոսկուայի մէջ տնտեսագետներու գիտաժողով մը կայ, ուր Մարք հրաւիրուած է դասախօսելու։ Մարք եւ Թինա այս յարմար առիթը կ՚օգտագործեն, Մոսկուայէն ետք անցնելու Հայաստան, վայելելու իրենց պապենական հայրենիքը առաջին անգամ ըլլալով։ Շատ խանդավառ են այս ճամբորդութեամբ։ Թինա օրագրութիւն կը պահէ եւ հետեւեալ տողերը կը վերաբերին օրագրութեան իրենց Հայաստան կեցութեան շրջանին։
«Կիրակի Սեպտ. 20.-
«Երեկոյեան ժամը 6ին հասանք Երեւանի կոկիկ եւ շատ արդիական օդակայանը։ Հայաստանի ազգային դրամատան տնօրէնը՝ Վահան անունով, որ Մարքին հետ քանի մը անգամ Ամերիկա իր այցելութիւններուն հանդիպած է եւ իրար հետ հաղորդակցութեան մէջ են, մեզ դիմաւորեց եւ V.I.P. բաժնէն արագ մը անցնելէ ետք, ուղղուեցանք մեզի համար վարձած յարկաբաժինը։ Նոյն գիշեր Վահան իր շքեղ բնակարանին մէջ մեզի համար խնճոյք մը սարքած էր, հրաւիրելով տնտէսագէտներ եւ տեղացի ու օտար դրամատուներու տնօրէններ։ Գիշերուան մէկը անց էր, երբ տուն վարադարձանք եւ շատ յոգնած ըլլալով, անմիջապէս քունի անցանք։
«Երկուշաբթի Սեպտ.21.- Առտու 8:30ին արթնցայ եւ սուրճ մը պատրաստելէ ետք պատշգամ ելայ եւ ինչ տեսնեմ… Արարատը իր շքեղ վեհութեամբ ճիշդ դիմացս էր, այնքան մօտ եւ սարսուռ ազդող։ Անմիջապէս արթնցուցի Մարքը եւ երկուքս նստած լուռ, մեր սուրճերը կը խմէինք, ըմբոշխնելով պահը եւ տարուած զգացումներով, որ միայն Արարատը կրնայ պարգեւել, մանաւանդ հպարտ, որ մեր պապերուն երազած սրբազան լեռը այլեւս մերն էր։ Ժամը 10ին Մուրատը, Վահանին կողմէ մեզի յատկացուած վարորդը, եկաւ մեզ Սարդարապատ եւ Ծիծեռնակաբերդ տանելու։ Մուրատ, երկարահասակ եւ գեղադէմ, խոհարարական ուսումնարանի ուսանող իսլամ հայ երիտասարդ մըն է։ Ճամբու ընթացքին չորս-հինգ գիւղաքաղաքներէ անցանք, որոնք բնակեցուած էին իսլամ հայերով եւ ամէն մէկը իր մզկիթով։ Մեզի համար տարօրինակ էր, քրիստոնէութիւնը առաջինը ընդունող եւ ինչ զոհողութիւններու գնով այդ հաւատքը պահող մեր նախահայրերուն քրիստոնեայ բնօրրանին մէջ, մեր այցելութեան առաջին օրը տակաւին եկեղեցի չտեսած, այսքան մզկիթ տեսնել։ Մուրատ, ամէն մէկ գիւղաքաղաքին եւ մզկիթին մասին պատմելիք մը ունէր, որ մեզ չէր հետաքրքրեր եւ պատմութեան մէջ, յաճախ գուրանէն մէջբերումներ կ՚ընէր, որոնք շատ կ՚անհանգստացնէին Մարքը։ Երբ Սարդարապատ հասանք, Մարք խնդրեց Մուրատէն, որ շրջագայութեան ատեն մեզ առանձին ձգէ։ Երբ քիչ ետք յայտնեցի դժգոհանքս Մուրատին հանդէպ իր կոշտ վերաբերմունքին համար, Մարք ըսաւ, թէ Սարդարապատը տարիներով իրեն համար ունեցած է յատուկ սրբավայրի նշանակութիւն եւ շատ խորթ պիտի զգար հոն շրջագայիլ իսլամի մը հետ եւ գուրանէն խօսքեր լսել։ Ես իր նկատողութիւնը անտեղի գտայ։ Սարդարապատէն ուղղուեցանք Ծիծեռնակաբերդ։ Հոն Մուրատ մեզի ցոյց տուաւ այն ծառը, որ անցեալ տարի Երեւան իր այցելութեան, Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահը տնկած էր, ի յարգանք Եղեռնի զոհերուն։
«Ժամը 6ին շուրջ տուն վերադարձանք։ Մեր յարկաբաժինը կը գտնուի Հիւսիւսային պողոտային վրայ, որ կը նկատուի Երեւանի ամէնէն թանկարժէք թաղը։ Նախքան վեր բարձրանալը, Մարքին հետ ուզեցինք պողոտային բացօթեայ սրճարաններէն մէկը գարեջուր մը առնել եւ դիտել ժողովուրդը։ Այս փողոցը լեցուն է աշխարհահռչակ մակնիշներ կրող սուղ վաճառատուներով, ոսկերչական խանութներով եւ շքեղութեամբ մէկը միւսը գերազանցող ճաշարան-սրճարաններով։ Այս ժամուն պողոտան կը վխտար մանաւանդ երիտասարդութեամբ։ Քրիստոնեայ հայ աղջիկներուն վերջին նորաձեւութեամբ հագուածքին դէմ, տխուր հակասութիւն էր դիտել իսլամ հայ աղջիկները, որոնք մեծամասնութեամբ վերէն վար սեւով ծածկուած էին եւ լաչակաւոր։ Մարք հայհոյանք մը սահեցուց այդ լաչակաւոր աղջիկներուն հասցէին, որմէ երբեք չախորժեցայ, եւ ինք լաւ գիտնալով այս, տակաւին շարունակեց իր գռեհիկ նկատողութիւնները այս խեղճերուն նկատմամբ։ Քիչ ետք յարկաբաժին բարձրացանք պատրաստուելու գիշերուան համար, որովհետեւ ժամը ութուկէսին Վահան, ազգային դրամատան տնօրէնը, մեզ պիտի տանէր ընթրիքի հիւրը ըլլալու մեծահարուստ գործատէրի մը, որ Մարքին հետ ուզած էր տեսակցիլ ու իր կարծիքը առնել Ամերիկայի մէջ իր ընելիք մեծ ներդրումներուն կապակցութեամբ։ Ժամը 8ին ես պատրաստ էի, սպասելով Մարքին, որուն պատրաստութիւնը միշտ կինէ մը աւելի կը տեւէ։ Հեռատեսիլը բացի։ Լուրերու ժամն էր։ Վերջերս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուած էին եւ նոր Ազգային ժողովի առաջին նիստի բացումն էր, որ կը հեռասփռուէր։ Հանրապետութեան մեծ միւֆթի իմամ Գուրգէնի գուրանի ընթերցումէն եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Բ.ի աղօթքէն ետք, ժողովը սկսաւ իր օրակարգին։ Մարք հազիւ պատրաստուած էր, երբ Վահան վարէն հեռաձայնեց։ Ճամբան Վահան բացատրեց, թէ անձը, որուն հետ պիտի տեսնուինք, Հայաստանի ամէնէն մեծ գործատէրերէն մէկն է։ Բուն անունը Կիրակոս է, բայց որովհետեւ ժամանակին փողոցները փուչիկ ծախած է, ժովուրդին կողմէ ճանչցուած է որպէս փուչիկ Կիկօ։ Երբ Մարք հարցուց, թէ փուչիկ ծախող մը ինչպէ՞ս կրնայ այսքան դրամի եւ դիրքի տիրանալ, Վահան պատասխանեց.- Ինչպէս դուք Ամերիկայի մէջ ունիք ձեր նշանաւոր «Only in America»ն, մենք ալ կ՚ըսենք «Միայն Հայաստանում»։
Ճաշարանը, ուր գացինք, կը նկատուէր Երեւանի ամէնէն «exclusive»ը եւ մուտքին մեծ գիրերով գրուած՝ «լաչակաւորներուն մուտքը արգիլուած է»։ Մենք չորսս տեղաւորուեցանք սեղան մը, իսկ փուչիկ Կիկոյին հինգ թիկնապահները, որոնց վիզերը իմ մէջքէս ալ հաստ էին՝ քովի սեղանը։ Փուչիկ Կիկօ միջահասակ, քիչ մը գիրուկ, արագախօս եւ ամէն ինչի խնդացող, դիւրահաղորդ մէկն էր։ Մարք իր չափէն աւելին խմեց եւ սկսաւ փուչիկ Կիկոյին պարոն փուչիկ կոչել. անգամ մը նոյնիսկ «Mr. Baloon» ըսաւ։
«Երեքշաբթի Սեպտ. 22.-
«Երբ արթնցայ, առաջին գործս եղաւ սուրճս առնել եւ պատշգամ ելլելով՝ Արարատը վայելել։ Անբացատրելի զգացում մըն է ամէն առաւօտ Արարատը ըմբոշխնելը։ Գիշերը լաւ չկրցայ քնանալ։ Կէս քուն վիճակիս մէջ յանկարծ լսեցի «Ալլահու աքպար, Ալլահու աքպար» որմէ անմիջապէս ետք «Սուրբ Աստուած սուրբ եւ հզօր» եւ չկրցայ եզրակացութեան մը յանգիլ։ Քիչ ետք Մարք, տակաւին քունը աչքերուն եւ սուրճի գաւաթը ձեռքին, միացաւ ինծի եւ հարցուց.- «Ինչ կը կարծես, փուչիկ Կիկոն տպաւորուեցա՞ւ ինձմէ երէկ գիշեր»։ «Շատ լաւ»,- ըսի,- «մանաւանդ երբ խեղճ մարդուն Mr. Baloon կոչեցիր։ – «Այդպէ՞ս ըսի»,- ըսաւ զարմացած եւ մեծ աչքերը աւելի լայն բացած. ապա սկսաւ լաւ մը խնդալ։ Այս տղան երբեք պիտի չմեծնայ։ Երբ Մուրատ եկաւ, իրեն հարցուցի երէկ գիշերուան լսածիս մասին. այսպէս բացատրեց։ «Իսլամները երբ իրենց մզկիթներէն սկսան «Ալլահու աքպար»ով հաւատացեալները աղօթքի կանչել, քրիստոնեաները հակառակեցան եւ բաւական աղմուկ բարձրացաւ։ Վերջապէս քրիստոնեայ նախագահին եւ իսլամ վարչապետին միջնորդութեամբ կաթողիկոսը եւ միւֆթին համաձայնեցան, որ ամէն գիշեր մէկ անգամ միայն, մզկիթներէն պիտի լսուի «Ալլահու աքպար, Ալլահու աքպար, լա իլահու իլլաÿլլահ», որմէ անմիջապէս ետք եկեղեցիներէն՝ «Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, ողորմեա՛ մեզ»։ Մարք եւ ես իրարու նայեցանք եւ Մարք կը պատրաստուէր դիտողութիւն մը ընել, երբ ես նիւթը փոխեցի։
Երկու նուէրներ ունէինք, որոնք պէտք է յանձնէինք։ Առաջինը Մարքին ամէնէն մօտ ընկերը՝ Վրէժ, Նուպար անունով իր զարմիկին ղրկած էր, որ հին եւ հազուագիւտ գիրքերու խանութ մը ունէր։ «Գրատուն Նուպար»ը կը գտնուէր Մոսկովեան փողոցի վրայ, Մաշտոցին մօտ։ Իսկ Մաշտոցի եւ Մոսկովեանի անկիւնը հսկայածաւալ եւ հոյակապ ճարտարապետութեամբ մզկիթ մը կար, որուն ճակատին ոսկէ տառերով գրուած էր. «Հայաստանեայց ուղղափառ մայր մզկիթ»։ Նուէրը Նուպարին յանձնելէ ետք երբ ինքնաշարժ վերադարձանք, Մուրատ առաջարկեց այցելել մզկիթը ըսելով, թէ Կովկասի ամէնէն շքեղն էր եւ թէ ամէն կողմէ անոր այցելութեան կու գային։ Մենք քաղաքավարութեամբ մերժեցինք։ Մզկիթին մուտքին, մեծ պաստառի մը վրայ գրուած էր՝ «Դէպի աղբիւրը ճշմարտութեան»։ Իսկ մզկիթին դիմացը, երեք յարկանի ընդարձակ եւ արդիական շէնքի մը այրած կմախքը միայն մնացած էր։ Մուրատ ցոյց տալով այդ շէնքը, ըսաւ։
– Այս ալ միասեռականներուն կեդրոնն էր։
– Ի՞նչ եղաւ, որ այս վիճակին հասաւ,- հարցուցի։
– Այրեցաւ, կամ աւելի ճիշդը, այրեցին։
– Որո՞նք։
– Թէեւ փաստեր չկան, բայց ամէն ոք կ՚ենթադրէ, թէ «Իսլամ ազատագրական պայքարի հայ առիւծներն»ն էին։
– Ինչու՞,- հարցուցի,- չկրցա՞ն հանդուրժել միասեռականներուն ներկայութիւնը։
– Երբ միասեռականները երկու տարի առաջ իրենց նորակառոյց ակումբը բացին մզկիթին ճիշդ դիմացը, լաւ չընդունուեցաւ իսլամական համայնքին կողմէ։ Շատեր ըսին, թէ դիտումնաւոր էր վայրին ընտրութիւնը։ Անցեալ տարի ալ, երբ թրքահայոց մեծ միւֆթի իմամ Վռամը Հայաստան այցելեց, իր ճամբորդութեան համար ընտրած էր «Դէպի աղբիւրը ճշմարտութեան» նշանաբանը, որ շատ ժողովրդականութիւն գտաւ եւ մեծ միւֆթի իմամ Գուրգէնը զայն որդեգրելով, պաստառի մը վրայ մեծ գիրերով զետեղել տուաւ մզկիթին ճակտին, ինչպէս կը տեսնէք դիմացնիդ։ Ատկից ետք, տարբեր արհեստակցական ընկերութիւններ իրենց համագումարներուն, այս նշանաբանին ժողովրդականութենէն մեկնելով, կէս-կատակ, կէս-լուրջ, տարբեր բնաբաններ յղացան։ Այսպէս. շիշերով ջուր արդադրողներուն համագումարին նշանաբանն էր «Դէպի աղբիւրը ջուրին», գիրքի հրատարակչատուներու համագումարին բնաբանը՝ «Դէպի աղբիւրը գիրին», ելեքտրական լոյսի կազմածներ արտադրողներունը՝ «Դէպի աղբիւրը լոյսին»։ Եւ երբ միասեռականներուն տարեկան համագումարը եկաւ, այս երջանիկները յանդգնութիւնը ունեցան իրենց նշանաբանը մեծ պաստառի մը վրայ զետեղելով, իրենց շէնքին ճակտին դնել։
– Ի՞նչ էր նշանաբանը,- հարցուցի։
Մուրատ առանց մեզի նայելու եւ ցած ձայնով ու խպնելով ըսաւ։
– Իրենց նշանաբանը «Դէպի աղբիւրը սերմին» էր։
Հոս Մարք քահ-քահ մը ձգեց, որ իսկապէս նեղացուց զիս եւ վրդովեցուց Մուրատը։
– Յետո՞յ ինչ եղաւ,- անտեսելով Մարքը, հարցուցի Մուրատին։
– Հայ իսլամ առիւծներուն համբերութեան բաժակը յորդած էր եւ երկու օր ետք, գիշերով, ամբողջ շէնքը հրոյ ճարակ դարձաւ։
– Մուրատ, դուն այդ իսլամ առիւծներու խմբակցութեան անդա՞մ ես,- հարցուցի։
– Ոչ,- ըսաւ,- ես նոյնիսկ այս մզկիթին չեմ պատկանիր։ Կ՚այցելեմ միայն, երբ զբօսաշրջիկներ զայն տեսնել ուզեն։
– Բայց, չէ՞ որ իսլամ ես։
– Այո իսլամ եմ, բայց գուրանական։
– Գուրանակա՞նը ինչ է։
– Գուրանական մեր համայնքը կը հաւատայ եւ կը հետեւի միայն գուրանին ուսուցումներուն։ Հայ ուղղափառ իսլամները ունին շատ մը ծիսակատարութիւններ, որոնք առած են քրիստոնէական եւ հեթանոսական ծէսերէն։ Օրինակ. մզկիթ մտնելէ առաջ մոմ կը վառեն։ Վարդավառի օրը մզկիթ կ՚երթան եւ իրենց կը բաժնուի փոքր գաւաթներով, միւֆթիին կողմէ օրհնուած ջուր. աղօթքէն ետք, ամէն ոք այդ ջուրը կը նետէ քովը նստողին երեսին, իբրեւ թէ այս կը ծառայէ հոգիներու մաքրութեան։ Տակաւին, մեծ միւֆթի իմամ Գուրգէնը իր գուրանակիրը ունի։
– Գուրանակի՞րը ինչ է։
– Իմամ մը, որուն միակ պաշտօնն է, մեծ միւֆթին ուր որ երթայ, երկիւղածութեամբ եւ շատ լրջութեամբ անոր ոսկեզօծ գուրանը շալկէ։ Իսկ ամէնէն տարօրինակը, թլփատումի երեսունքն է։
– Թլփատումի երեսո՞ւնք,- գոչեցի զարմացած։
– Այո,- շարունակեց Մուրատ,- թլփատումէն երեսուն օր ետք, այդ կտրուած մաշկին յիշատակին արարողութիւն կ՚ընեն եւ յետոյ կերուխում-խրախճանք։ Գուրանին մէջ այսպէս բաներ երբեք չէ գրուած։ Հայրս կը պատմէ, թէ տարիներ առաջ, խումբ մը ազատամիտ եւ ուսեալ իսլամներ, որոնց մէջ նաեւ ինք՝ ուզած են բարեփոխումներ ընել, որպէսզի հրաժարին աւելորդապաշտական այս ծէսերէն, բայց մեծ միւֆթի իմամ Գուրգէնը զիրենք բանադրելով մզկիթէն դուրս շպրտած է։ Մերիններն ալ գուրանական այս համայնքը սկսած են։ Թիւով շատ քիչ ենք, բայց համեմատած մեծ աշխատանք կը տանինք՝ դպրոցներ եւ որբանոցներ բանալով։ Սակայն իմամ Գուրգէնը մեզ իսլամական աղանդ կը նկատէ եւ ամէն միջոցի կը դիմէ մեր աշխատանքները խոչընդոտելու. շատ նեղմիտ է եւ սահմանափակ։ Թրքահայոց մեծ միւֆթի իմամ Վռամը, ճիշդ հակառակը, շատ շրջահայեաց եւ լայնախոհ է ու ամէն հոս այցելութեան, մեր կեդրոնն ալ այցելելով մեզ կը քաջալերէ։
Իսլամութեան մասին բաւական տեղեկանալէ ետք, ուղղուեցանք Եռաբլուր։ Յարգանքով այցելելէ ետք զօր. Անրանիկին, Վազգէնին եւ նահատակ միւս մարտիկներուն գերեզմանները, Մուրատ մեզ տարաւ տապան մը, որուն վրայ գրուած էր. Ապտալա Օճալան, իսկ անմիջապէս տակը (Յակոբ Արթինեան)։ «Ա՞յս հոս ինչ գործ ունի»,- ըսաւ Մարք ինքզինքէն ելած։ «Հայ է, ահա կարդա՛, բուն անունը Յակոբ Արթինեան է, ան ալ ազատագրական պայքարի հերոս մըն է»,- ըսաւ Մուրատ, շարունակելով։ «Երբ Օճալան մահացաւ թրքական բանտին մէջ, իսլամ հայերը, մանաւանդ քրտահայերը, որոնցմէ մէկն ալ ես եմ, պնդեցին, թէ անոր աճիւնները հոս փոխադրուին, որովհետեւ ան այն ժամանակուան թուրք յետադիմական պետութեան դէմ պայքարած է՝ ի նպաստ քիւրտ եւ քրտահայերու բարօրութեան»։ Մարք գրեթէ պոռթկաց։ «Սուլթան Համիտին ալ աճիւնները բերէք, վերջանանք։ Չէ որ անոր մայրն ալ հայ է»։ «Պրն. Մարք, այդ շատ վիրաւորական էր։ Ինչպէ՞ս կրնաք Ապտիւլ Համիտը բաղդատել Օճալանին հետ, որ մեզի համար պաշտելի հերոս մըն է. ինքզինքս անարգուած կը զգամ»,- ըսաւ Մուրատ։ Մարք լռեց, բայց յստակ էր, թէ Մուրատին ներկայութիւնը այլեւս իրեն հաճելի չէր։
Երկրորդ յանձնելիք նուէրը, մեծ տուփ մը խաղաքարթեր էին հօրս կողմէ՝ Օհան անունով իր նախկին boss-ին։ Երբ ծնողքս Ամերիկա կը փոխադրուին, հայրս կը պաշտօնավարէ բջիջային ամէնէն մեծ ընկերութիւններէն մէկուն մէջ, ուր իր բաժանմունքին տնօրէնը այս Օհանը կ՚ըլլայ եւ իր հոգատարութեան տակ առնելով, կ՚օգնէ հօրս իր պաշտօնի բարձրացումներուն մէջ։ Երբ հասցէն Մուրատին տուի, ըսաւ, թէ լաւ ծանօթ է այդ շրջանին եւ իրեն յատուկ սովորութեամբ, սկսաւ մանրամասնութիւններ պատմել։ Ուրեմն 2013 թուականին Ամերիկայի մէջ խմբական շատ մեծ դատ մը կը բացուի viagra դեղահատերը շինող ընկերութեան դէմ (ես այդ դատին ծանօթ էի փաստաբանական դպրոցէն), որովհետեւ զանոնք գործածողները ժամանակի ընթացքին կամ տեսողութիւննին լման կը կորսնցնեն եւ կամ ալ՝ մասամբ։ Դատ բացողներուն մէջ կը գտնուին մեծ թիւով հայեր, որոնցմէ քանի մը հարիւրը, իրենց ստացած մեծ գումարներով կը շինեն այս թաղամասը եւ ամէն մէկը իր երիտասարդ հոմանուհիով հոն կ՚ապրի։ Անոնցմէ շատերը մահացած են, ապրողներն ալ՝ ծերացած։ Մեռնողներուն տուները սեփականացուցած են հոմանուհիներն ու իրենց ընտանիքները, որոնցմէ շատերուն դէմ մահացածներուն ամերիկաբնակ ազգականները դատ բացած են։ Տեղացիները այս շրջանը կը կոչեն «վիակրաւան», իսկ թրքահայերը՝ «քէօրլէր մահալլէսի»։ Օհանին տունը այս թաղամասին մէջ, Երեւանի լիճին կողքին էր, մասնաւոր մուտքով, ուր պահակ մը ստուգելէ ետք ուր երթալդ, թոյլ կու տար թաղամասէն ներս մտնել։ Կը նմանէր ամերիկեան լաւ արուարձանի մը, թէնիսի դաշտերով եւ լողաւազաններով։ Օհան երկարահասակ, առատ ճերմակ մազերով, ութսուննոց մէկն էր եւ հակառակ տեսողութիւնը բաւական կորսնցուցած ըլլալուն, տակաւին թիկնեղ եւ առոյգ էր։ Բացաւ տուփերէն մէկը, քարթերը դուրս հանելով սկսաւ շոյել եւ գրեթէ կուրցած աչքերը սկսան ճառագայթել։ Այս խաղաքարթերը մասնաւոր շինուած էին ամերիկայի կոյրերու braille institute-ին կողմէ. աւելի մեծ չափով, ցցուն թիւերով, որ մասնաւոր բաղադրութեամբ մը պատրաստուած ըլլալով, կը լուսարձակէր։ «Ասոնք լաւագոյնն են. հիմա իսկ տղոց պիտի զանգեմ, որ այս գիշերուան փոքէրը ամերիկեան նոր քարթերով են»։ Ըսաւ Օհան եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, շատ հին քոնիակի շիշ մը տուաւ հօրս տանելու։ Երբ ցտեսութիւն կ՚ըսէինք, «բարով վայելես, ամմօ, յուսամ այս նոր խաղաքարտերը աւելի բախտաւոր կ՚ըլլան» ըսաւ Մարք, որ երբեք լռել չի գիտեր։
Ճամբան Մուրատ, որ լաւ խոհարար ըլլալուն համար բաւական յոխորտացած էր, ուզեց եւ պնդեց, որ կէսօրուան ճաշը ինք պատրաստէ։ Ուրիշ ծրագիր մը չունենալով, ես սիրով ընդունեցի առաջարկը, իսկ Մարք՝ դժկամակութեամբ։ Ինքնաշարժը հազիւ շարած էր, երբ Մուրատ դուրս ելաւ ըսելով, որ կ՚երթայ «հալալ» հաւու միս գնելու եւ շուտով կը վերադառնայ։ Իր ետեւէն Մարքն ալ դուրս ելաւ ըսելով, թէ ինք ալ «քօշըր» միս պիտի գնէ։ Բերանս բաց մնաց։ Մարք թէեւ քանի մը ամառ իր մօրեղբօր քով անցուցած է, որ ամուսնացած է հրէուհիի մը հետ եւ հոն ծանօթացած «քօշըր»ական ճաշերուն, բայց ինքզինք երբեք, երբեք «քօշըր»ակեր չէ նկատած եւ Ամերիկայի իր ամէնէն մօտ հրեայ ընկերը միշտ քաշքշած է անոր «քօշըր» ըլլալուն համար։ Ի՞նչը մղեց զինք այս «քօշըր»ականութեան։ Կարծեմ մարդկային խառնուածք է. երբ չախորժած անձդ դիմէ մէկ ծայրայեղութեան, դուն բնազդաբար կը դիմես՝ հակառակին։ Վեր ելլելով՝ սեղանին վրայ նոթ մը ձգեցի Մարքին եւ Մուրատին ըսելով, թէ իրենք թող իրենց «հալալ» եւ «քօշըր» ճաշերը վայելեն։ Ճաշարան մը գացի եւ փառաւոր ճաշ մը ընելէ ետք, սկսայ Երեւանի փողոցները թափառիլ եւ Ամերիկայի հարազատներուս քանի մը նուէր գնելէ ետք, երբ կէսօրէ ետք բաւական ուշ վերադարձայ յարկաբաժին, Մարքը առանձին էր։ Երբ Մուրատին մասին հարցուցի, ըսաւ, թէ գործը ձգեց։ Հարցուցի, թէ ի՞նչ պատահեցաւ։ Չպատասխանեց, ըսաւ, թէ պարզապէս գործը ձգեց։ Գիտէի ապրանքս, անպայման խայթող նկատողութիւն մը ըրած ըլլալու է։ Որքան պնդեցի, Մարք անդրդուելի մնաց ըսելով, թէ այսպէս աւելի լաւ է եւ թէ ինք Վահանին հեռաձայնած է, որ նոր վարորդ մը ղրկէ եւ անպայման քրիստոնեայ ըլլայ։
Քիչ ետք Վահան եկաւ հետը բերելով նոր վարորդը, Վահէ անունով։ Վահան, Մարքին ուսին փաղաքշական զարնելով եւ բարձրաձայն խնդալով կ՚ըսէր։ «Մարք, այդ ինչ ըսեր ես խեղճ Մուրատին, այսքան սրամիտ ըլլալդ չէի գիտեր»։ Երբ Վահանին հարցուցի եղածին մասին, հակառակ Մարքին առարկութեան, Վահան պատմեց եղելութիւնը։ Ուրեմն իմ բացակայութեան երբ Մարք եւ Մուրատ կը նստին ճաշելու, Մուրատ շատ լրջութեամբ կը հարցնէ Մարքին, թէ իր կերած միսը ինչպէ՞ս «քօշըր» կ՚ըլլայ, կենդանին տակաւին ողջ եղած ատեն, ռաբի մը կ՚աղօթէ՞ անոր վրայ։ Մարք պատասխանելէ ետք, այս անգամ ինք կը հարցնէ Մուրատին, թէ իր կերած հաւը ինչպէ՞ս «հալալ» կ՚ըլլայ, արդեօք տակաւին հաւկիթ եղած ատեն, մեծ միւֆթի՞ մը թուխսի կը նստի անոր վրան։ Մուրատ չկարենալով հանդուրժել նախատինքը, նոյնիսկ ճաշը կէս ձգելով կը հեռանայ։ Վահան կը խնդար եւ կ՚ըսէր, թէ խեղճ Մուրատ յաճախ կը կրկնէր. «Այսպէս բան կ՚ըսուի՞, պրն. Վահան, դուն ըսէ, այսպէս կատակ կ՚ըլլա՞յ»։ Մարք յանցանքի վրայ բռնուած դպրոցական աշակերտի մը պէս կը խուսափէր նայուածքէս։
Վահէ Մուրատին ճիշդ հակապատկերն էր, բաւական շատախօս, կեանքով լեցուն, քիչ մը շատ ձեռքի շարժումներով եւ շատ կատակասէր ու ներկայանալի ուսանող մըն էր։ Մարք ուզեց գեղեցիկ բացօթեայ սրճարան մը երթալ։ Վահէ մեզ տարաւ սրճարան մը, որ կը կոչուէր «Դրախտ»։ Իսկապէս ալ դրախտային տեղ մըն էր, գեղեցիկ պարտէզներով եւ քաղաքին արուարձաններէն մէկուն բարձունքին վրայ, ուր Երեւանին համայնապատկերը տեսողութեանդ առջեւ էր։ Ճամբու ընթացքին եւ սրճարանին մէջ, Վահէն էր գրեթէ խօսողը, միշտ կատակախառն յարձակումներու ենթարկելով լաչակաւոր աղջիկները, իսլամներուն բարքերը եւ մանաւանդ անոնց լոգանք չառնելով հոտելու յատկութիւնը, որ խիստ կը զուարճացնէր Մարքը։ Տուն վերադարձին Մարք ուզեց կրկին հանդիպիլ «Գրատուն Նուպար», ուրկէ կ՚ուզէր քանի մը հազուագիւտ գիրքեր գնել։ Երբ ինքնաշարժը նորէն շարեցինք «Գրատուն Նուպար»ին կողմնակի փողոցը, մզկիթին եզերքին, Վահէ լկտի արտայայտութիւն մը ունեցաւ մզկիթին հասցէին, որուն ձայնակցեցաւ նաեւ Մարք, անհանգստացնելով զիս։ Եւ Վահէ ցոյց տալով միասեռականներուն այրած կեդրոնը, ըսաւ թէ իսլամ բարբարոսներն էին անոր պատասխանատուն ու կը պատրաստուէր պատմել մանրամասնութիւնները, երբ իրեն յիշեցուցի, թէ տեղեակ ենք եղելութեան, նոյն ատեն իրեն հարց տալով, թէ ինք միասեռակա՞ն է։ «Թէեւ ամէն ոք կը կարծէ, թէ միասեռական եմ, բայց ճիշդ բնութագրումը պիտի ըլլար ըսել, թէ ես երկսեռական եմ»։
«Այս գիշեր նորէն Վահանի կարգադրութեամբ հիւրն էինք ուրիշ գործատէրի մը։ Ես գլխու ցաւ պատրուակելով ուզեցի տունը մնալ, որովհետեւ այս հանդիպումները այլեւս ձանձրացուցիչ էին։ Կ՚ուզէի տունը մնալով քիչ մը հեռատեսիլ դիտել, աւելի ծանօթանալու համար տեղական երեւոյթներուն եւ մանաւանդ կ՚ուզէի «Գրատուն Նուպար»էն գնած այդ հազուագիւտ գիրքերը քիչ մը սերտել։
«Չորեքշաբթի, սեպտ. 23.-
«Այս առաւօտ նորէն սուրճս պատրաստած, նստած պատշգամը եւ Արարատի խորհուրդով խորասուզուած էի, երբ Մարք ալ սուրճ մը առած միացաւ ինծի եւ ըսաւ։
– Գիտե՞ս Թինա, ես քիչ մը յուսախաբ եղայ Հայաստանէն։ Թէեւ սքանչելիօրէն գեղեցիկ է եւ հրապուրիչ, բայց շատ տգեղ երեւոյթներ կան։ Լաչակաւորները, իսլամներուն գէշ հոտիլը, Օճալանի գերեզմանը, այս բոլորէն տեսակ մը հիասթափեցայ եւ չեմ կարծեր, թէ մօտ ատենէն կ՚ուզեմ նորէն գալ։ Դուն ի՞նչ կը մտածես։
– Ի՞նչ կ՚ըսես, Մարք, այդ ինչե՞ր կը խօսիս։ Կը տեսնե՞ս սա Արարատը դիմացդ. անոր առթող ներքին հրճուանքը տեղ մը չենք կրնար գտնել։ Կը կարծե՞ս, թէ չնկատեցի, թէ ինչպէս մարմինդ փուշ-փուշ եղաւ, երբ առաջին օրը, այս նոյն պատշգամէն Արարատը տեսար։ Հայաստանը այդ է, Մարք, հայրենիքը այս Արարատն է, Սարդարապատը, ուր այնքան վերացած այցելեցիր, հայրենիքը Եռաբլուրն է, որուն համար այդ հերոսները իրենց արիւնը, իրենց մատղաշ կեանքերը զոհեցին, որովհետեւ հայրենիքի ըմբռնումին հասկացողութիւնը եւ գիտակցութիւնը ունէին։ Եւ եթէ մենք հայրենիքի ըմբռնումը պիտի դատենք լաչակաւոր աղջիկներով եւ լոգանք չառնող ու հոտող մարդոցմով, այն ատեն մենք արժանի չենք հայրենիքին, արժանի չենք մեր պապերուն մեզի կտակած ուխտին եւ աշխարհի չորս ծագերէն մեր հայութեամբ հպարտանալու եւ ամէն հաւաքոյթի յոխորտալով «Հզօր Հայաստան»ը երգելու։ Կը յիշե՞ս երէկ, երբ Մուրատ կը պատմէր «դէպի աղբիւրը այս, դէպի աղբիւրը այդ» խեղկատակութիւններուն մասին. Հայաստանը սակայն միակ եւ իսկական աղբիւրն է, Մարք։ Մեր իղձերուն եւ երազներուն յոյս տուող աղբիւրը, հայութեամբ պապակած մեր հոգիներուն ծարաւը յագեցնող միակ աղբիւրը։ Հայրենիքը պանդոկ մը չէ, Մարք, որ որեւէ դժգոհանքի համար յաջորդին ուրիշ պանդոկ մը ընտրենք եւ ոչ ալ գործատեղի, որ չսպասուած եկամուտին համար ծախենք զայն եւ նոր գործի մը նայինք։ Հայրենիքը այս բոլորէն վեր է։ Ան զգացում է եւ խորհուրդ եւ մեր սիրտերուն խորը թաղուած սուրբ հաղորդութիւն։ Ոչ թէ պիտի գանք, այլ մօտ ատենէն, երբ զաւակներ ունենանք, զանոնք ալ պիտի բերենք եւ յաճախ, որպէսզի անոնք ալ հաղորդակից դառնան հայրենիքի կանչին, անոնք ալ իրենց ոտքերուն տակ զգան հայրենի հողին զօրութիւնը եւ Արարատը յաւերժ դրոշմուի իրե՛նց ալ սրտերուն մէջ։
«Մարք թախծոտ եւ այդ գեղեցիկ աչքերով դիտեց զիս պահ մը, ուր խոնաւութիւնը նշմարելի էր, ապա զիս առաւ իր բազուկներուն մէջ եւ սկսաւ համբուրել ուժգին, խածնելու աստիճան, համբուրեց կիրքով մը, որուն ամուսնանալնէս ի վեր չէի հանդիպած։ Վստահ էի, թէ համաձայն պիտի գտնուէր ինծի։ Ա՜հ, որքան կը սիրեմ իմ Մարքս, մեծ դահլիճներու մէջ իր տեսութիւններով տնտեսագէտներուն հիացմունքին արժանացող, բայց հոգիով տակաւին երեխայ, պատանի իմ Մարքս։
Յ.Գ.- Բաւական երկարելուն համար հոս կը վերջացնեմ օրագրութիւնը, խոստանալով կրկին շարունակել, եթէ անշուշտ ընթերցողներուն կողմէ հետաքրքրութիւն ըլլայ։ Իմացուցէք։»