
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 28 Ապրիլին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի (ՀԸԳՀ) ներքոյ կազմուած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան կոմիտէի երրորդ նիստը, որ 1 Մարտ 2021ին այս համաձայնագիրին ուժի մէջ մտնելէ ետք առաջին հանդիպումն էր:
Գործընկերութեան կոմիտէի նիստին քննարկուեցաւ համաձայնագիրի կատարման ընթացքը:
Եւրոպական Միութիւնը ընդգծեց իր աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ, եւ գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի՝ բարեփոխումներու օրակարգին շարունակական յանձնառութեան եւ կարգ մը ոլորտներու մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար՝ խրախուսելով Հայաստանը շարունակել բարեփոխումներու ընթացք՝ համաձայնագիրի դրոյթներուն համահունչ: Եւրոպական Միութիւնը ողջունեց խաղաղութեան վերաբերող բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւուելու վերջին ջանքերը եւ ընդգծեց մարդասիրական ու վերականգնման համար տրամադրուող շարունակական աջակցութիւնը:
Նշուեցաւ, որ գործընկերութեան վերջնական նպատակն է՝ ապահովել յստակ օգուտներ՝ ի շահ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի քաղաքացիներու:
Քննարկուեցան համագործակցութեան տարբեր ոլորտներու վերաբերող հարցեր եւ շեշտուեցաւ աշխատանքը շարունակելու կարեւորութիւնը: Օդային հաղորդակցութեան առումով, Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստան պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերին՝ ընդլայնելու օդային ապահովութեան շուրջ համագործակցութիւնը: Ամփոփուեցաւ նաեւ տնտեսական զարգացման, աշխատանքի եւ կրթութեան բարեփոխումներու ընթացքը: Անդրադարձ կատարուեցաւ գաղթականութեան եւ շարժունակութեան ուղղութիւններով ձեռք բերուած յառաջընթացին եւ ի գիտութիւն ընդունուեցաւ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան կարելի եղածին չափ շուտափոյթ մեկնարկի Հայաստանի պատրաստակամութիւնը:
Հանդիպումը համանախագահեցին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան եւ արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերու կառավարող փոխտնօրէն Լիւք Տեւին: