
Կիրակի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ոգեղէն ներկայութիւն դարձան Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու, Արցախի 44օրեայ պատերազմին հայոց բանակի եւ կամաւորական գունդերու քաջարի զոհուած զինուորներու, ինչպէս նաեւ անհետ կորսուած ազատամարտիկներու ու ազերիաթրքական գրոհին տակ ինկած Արցախի խաղաղասէր բնակիչներու հոգիները, աննախընթաց համերգի մը ընդմէջէն, որ կը վայելէր նախագահութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, եւ անթերի կազմակերպուած էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերուն ու Հոգաբարձութեան՝ մասնաւորաբար կազմի ատենապետ Կարօ Էշկիեանի կողմէ:
Ազգային եւ հայրենասիրական երգերու դասական ոճի բարձրորակ այս համերգին ներկայ եղան Եփրեմ արք. Թապագեան, շրջաններու հոգեւոր հայրեր, Ազգային եւ Կեդրոնական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, համայնքին մէջ գործող կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու պատասխանատուներ, անդամներ եւ շուրջ հազար հայորդիներ:
Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան, հանդիսատեսները շունչերնին բռնած, պիրկ ու լարուած՝ հետեւեցան հայ ազգային արուեստի ուժականութեամբ յագեցած համերգի ծրագիրին եւ եկեղեցւոյ դասէն հնչող բիւրեղ ձայներու ճաճանչներով լուսաւորեցին իրենց ներքին աշխարհը, շնորհիւ համերգի գեղարուեստական ղեկավար Պերճ Քիրազեանի (թենոր), Վահագն Հովենցի (պաս) եւ Հեղինէ Ասատրեանի (սոփրանօ), որոնք յաջորդաբար մեկնաբանեցին հայ հոգեւոր եւ ազգային-հայրենասիրական գոհարներ, երգեհոնի եւ դաշնամուրի վրայ ընկերակից ունենալով Արմենուհի Տէրտէրեանը:

Հայոց զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգին բացման խօսքը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, ապա եռաստղ մենակատարները իրենց հոգեթով մեկնաբանութեամբ նախ մատուցեցին Մ. Եկմալեանի «Ամէն Հայր Սուրբ»ը, ապա հանդէս եկան առանձինն եւ յաջորդաբար երգեցին «Հայու Մաղթանք» (Վ. Հ.), Կոմիտասի «Կռունկ»ը (Պ. Ք.) Ա. Սաթեանի «Մարտիկի Երգը» (Հ. Ա.), Ա. Ահարոնեանի խօսքերով «Գարահիսար»ը (Պ. Ք.), Ա. Տիգրանեանի «Դաւիթ Բէկ» օփերայէն մեներգ, (Վ. Հ.), «Գուսանի Երգ»ն (Պ. Ք.) ու «Հարի Հարալօ»ն (Հ. Ա.), եկեղեցւոյ պատերուն ներքեւ թեւ ու թռիչք տալով հայոց երգարուեստի ամէնէն զրնգուն հայրենասիրութեան, մարտունակութեան, եղբայրութեան ու խաղաղատենչութեան խազերուն, որոնք կը կազմեն ցեղային յատկանիշները մեր ժողովուրդին:

Համերգի երկրորդ բաժինով եկեղեցւոյ դասը բարձրացան Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբի մօտաւորապէս երեսուն անդամները եւ առաջնորդութեամբ մեներգիչներու՝ կատարեցին Խ. Աւետիսեանի «Հայրենիք Իմ Սուրբ»ը (մենակատար՝ Միքայէլ Արապեան), Ս. Լուսիկեանի «Նոր Հայաստան»ը (Պ. Ք.), Կոմիտասի «Հայաստան»ը (Պ. Ք.), Ա. Պապաճանեանի «Ազգ Փառապանծ»ը (Հ. Ա.), Է. Յովհաննիսեանի «Սարդարապատ»ը (Պ. Ք.), Ա. Յարութիւնեանի «Հայրենիքիս Հետ»ը (Պ. Ք., Հ. Ա., Վ. Հ.), ղեկավարութեամբ վաստակաւոր խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի:
Երեկոյթի աւարտին, ծրագիրի ղեկավար Քիրազեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներուն, Հոգաբարձութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին համերգի յաջողութեան ի խնդիր, ապա հրաւիրեց սրբազանը, որ փոխանցէ իր սրտի խօսքը:
Բարձր գնահատելէ ետք համերգի դերակատար արուեստագէտները, «Կոմիտաս» երգչախումբի երգիչ-երգչուհիները, նուագողն ու խմբավարը եւ ներկաներու յորդ ծափողջոյններուն արժանացնելէ ետք կատարողներն ու կազմակերպիչները՝ Թորգոմ սրբազանը ըսաւ, որ այսօր աւանդական հասկացողութեամբ չենք նշեր Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, այլ որակական նոր մօտեցումով կ՛արժեւորենք անոնց ոգին ու հոգին մեր կենաց մէջ, որովհետեւ այս համերգին ընդմէջէն մեր արուեստագէտները ոչ-սովորական հասկացողութեամբ ոսկիներ, ադամանդներ, յակինթներ եւ մարգարիտներ ցօղեցին մեր բոլորին վրայ: Ապա, անդրադառնալով զոհերու յիշատակին՝ սրբազան հայրը շեշտեց, որ այսօր մենք ազգովին նոր ուխտ կը կատարենք՝ քալելու այն ճանապարհէն, որմէ մեր մեծերը, մեր յաղթականները, մեր ժողովուրդի ղեկավարները, մեր կաթողիկոսներն ու մեր ազգի նուիրեալ զաւակները քալեցին եւ ներկաներուն թելադրեց մէկ ազգ-մէկ բռունցք դարձած՝ համատեղ քալելու հայ ազգի, Հայաստանի եւ Արցախի յաւերժութիւնը նպատակ ըրած մեր անցեալի զոհերու եւ ներկայի անմահներու ճանապարհէն:
Հուսկ, իբրեւ խորհրդանշական արժէք ու նուիրումի բարձրակէտ՝ հայրենասիրական զգացումներով բորբոքուն համերգը նուիրուեցաւ Արցախի 44օրեայ զոհերուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն:
Յայտնենք, որ ոգեկոչական այս ձեռնարկը իր լրումին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգի համախումբ երգեցողութեամբ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
