Ուրբաթ, 22 Ապրիլի առաւօտեան, Ազգային առաջնորդարան այցելեցին եւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի ջերմագին ընդունելութեան արժանացան Վ. եւ Ա. Շամլեան Ազգային վարժարանի Ա. կարգի 100 աշակերտները, ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Քարկոտորեանի, դաստիարակ ուսուցիչներու եւ ծնողներու:
Մանուկ աշակերտները երկիւղածութեամբ թարմ ծաղիկներ զետեղեցին Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ յուշակոթողին առջեւ, ապա «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ փունջ մը հայրենասիրական երգերով յարգեցին յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, հուսկ իրենց մատնահետքերը կրող յիշատակի նուէր մը յանձնեցին Թորգոմ եպիսկոպոսին:
Առաջնորդ սրբազան հայրը, իր կարգին, բարձր գնահատեց հայ փոքրիկ աշակերտներու այցելութիւնը եւ երգեցողութեան կատարումը, ինչպէս նաեւ մեծերուն՝ տնօրէնուհի-ուսուցի-ծնող, ցուցաբերած հոգածութիւնը նոր սերունդի զաւակներու ազգային դաստիարակութեան ծիրին մէջ եւ այս առիթով յուշանուէր բաշխեց այցելուներուն:


