ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Էյ.Փի.».- Եւրոպական յանձնաժողովը յայտարարեց, թէ երկու շաբաթով յետաձգած է Եւրոպական միութեան անդամակցութեան ծիրին մէջ Թուրքիոյ արձանագրած յառաջընթացին մասին տեղեկագիրին քննարկումը։
Փորձելով յստակացնել, թէ քննարկումը ոչ քաղաքական պատճառներով յետաձգուած է մինչեւ Նոյեմբեր 7, յանձնաժողովի բանբեր Քրիսթինա Նակի ըսաւ. «Պարզապէս յանձնաժողովին օրակարգը փոխուած է։ Կատարուածը միայն (հարցի քննարկումը) յաջորդ նիստին յետաձգել է»։
Թուրքիա անդամակցութեան բանակցութիւններուն սկսաւ Հոկտեմբեր 2005ին։
Անգարա կը շարունակէ մերժել ճանչնալ Կիպրոսը եւ իր նաւահանգիստներն ու օդակայանները բանալ յունական Կիպրոսէն եկող նաւերու եւ օդանաւերուն առջեւ, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ, որ Եւրոպական յանձնաժողովը սառեցնէ անդամակցութեան բանակցութիւնները։