ՓԱՐԻԶ.- Կիրակի, 24 Ապրիլին տեղի ունեցած Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանին, Էմանուէլ Մաքրոն վերընտրուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ:
Ըստ նախնական տուեալներուն՝ Մաքրոն ապահովեց քուէարկողներուն մօտաւորապէս 58.5 տոկոսին քուէն, մինչ ծայրայեղ աջ հակող Մարին Լը Փէն ստացաւ քուէներուն 41.5 տոկոսը:
Երկու թեկնածուները 5 տարի առաջ եւս իրարու դէմ մրցած էին, սակայն այդ տարի Մաքրոն ապահոված էր քուէներուն 66 տոկոսը։
Նշենք, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ Յունիսին։