
Լոս Անճըլէս
ԿԱՅԾԱԿ
Տեղւոյս Կովկասահայ Տիկնանց միութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր Զատկի առթիւ հացկերոյթ մը սարքելու, ի նպաստ Հայաստանի որբերուն:
Ջանք չէր խնայուած զուտ հայկական բնոյթ տալու խնճոյքին եւ ջենք կարող մեր հիացմունքը ծածկել այն անկեղծ եւ անձնուէր եռանդին համար, որ ցոյց կու տան մեր Կովկասահայ քոյրերը, իրենց կրցածէն աւելին ընելով:
Հացկերոյթին սեղանապետ ընտրուեցաւ Պ. Աշոտ Բագրատունի, որ հակիրճ կերպով բացատրեց խնճոյքին նպատակը: Եղան քանի մը ուրիշ խօսողներ եւս, ինչպէս Պ. Յակոբ Աբաջեան եւ Պ. Սրապ Բողիկեան, իսկ Պ. Զատիկեան չափազանց զգայուն կերպով երգեց սրտառուչ երգ մը:
Բոլորը գոհ սրտով մեկնեցան YMCAի սրահէն, ուր տեղի ունեցաւ հացկերոյթը:
Տիկինները արդէն մեծաքանակ հագուստներ ճամբած են որբերուն եւ հացկերոյթէն գոյացած գումարը եւս պիտի յատկացուի նոյն նպատակին:
Կը մաղթենք տիկիններուն տեւական եռանդ, շարունակելու իրենց գովելի գործունէութիւնը:
Ապրիլ 25, 1922, թիւ 847