ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա նահանգին մէջ հաստատուած Միջազգային ռազմագիտական ուսմանց հաստատութիւնը (International Strategic Studies Association) հրապարակած է տեղեկագիր մը, ուր կ’ըսուի, թէ Թուրքիա 1974ին հիւսիսային Կիպրոս ներխուժելէ ետք գերի բռնած կիպրացի յոյներուն վրայ քիմիական փորձարկումներ կատարած է:
Ըստ տեղեկագրին, քիւրտեր, բայց նաեւ թուրքեր, յայտնած են թէ «1974ին թրքական ներխուժման ժամանակ գերի բռնուած յոյն զինուորներ եւ կիպրացի յոյներ 1984էն 1988ի ընթացքին փոխադրուեցան թրքական զօրանոցներու քիմիական տարրալուծարանները», ուր անոնք քիմիական փորձարկումներու ենթարկուած են:
Կիպրոսի իշխանութիւնները «ցնցի»չ որակեցին այս տեղեկութիւնները, իսկ տեղեկագիրը զայրոյթ յառաջացուցած է Կիպրոսի տարածքին:
Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Եորկօ Լիլիքաս յայտնեց, թէ կառավարութիւնը լրջութեամբ կը հետապնդէ այս հարցը, սակայն ցարդ այդ տեղեկութիւնները հաստատելու համար բաւարար փաստեր չէ հաւաքած:
Ան աւելցուց, թէ «մարդկային ողբերգութիւն մը պիտի ըլլայ», եթէ այդ տեղեկութիւնները հաստատուին:
Լիլիքաս յայտնեց, թէ Կիպրոսի կառավարութիւնը պահանջած է տեղեկագրէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը Ուաշինկթընի մէջ Կիպրոսի դեսպանին ու յօդուածագիր Կրեկորի Քոփլէյի միջեւ:
Իր կարգին, Քոփլէյ յայտնեց, թէ ամերիկեան կառավարութիւնը եւս կը զբաղի այս հարցով: Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Քոփլէյ դիտել տուաւ, թէ հիմա որոշուած է հրապարակել տեղեկագիրը, նկատի առած այն իրողութիւնը, որ նախապէս անբաւարար տեղեկութիւններ ունէին ու միայն վերջերս նոր խոստովանութիւններ ի յայտ եկած են:
Աթէնքի մէջ, Յունաստանի կառավարական բանբեր Թոտորիս Ռուսոփուլոս դիտել տուաւ, թէ յունական կառավարութիւնը եւս ներկայիս կարելիութիւնը չունի հաստատելու տուեալ տեղեկագրին փաստացի ըլլալը. «Կը գործակցինք կիպրական կառավարութեան հետ եւ կը քննարկենք բոլոր տուեալները», ըսաւ Ռուսոփուլոս:
Ըստ ՄԱԿի տուեալներուն, թրքական ներխուժումէն ետք «անհետացած են» աւելի քան 1500 կիպրացի յոյներ եւ 500 կիպրացի թուրքեր: