
Կ՛ապրինք արտասովոր ժամանակներու մէջ: Մինչ կը նշենք Հայոց Ցեղասպանութեան 107րդ ամեակը, զայն իրականացնողներուն ատելութիւնը կը շարունակէ հանդիսանալ շարք մը երկիրներու, ներառեալ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, քաղաքական վարքագիծին մէկ մասնիկը, իսկ քաղաքակիրթ աշխարհը բռնած է դէպի վայրենութիւններու առաջնորդող ճամբան:
Տասնամեակներով շեշտած ենք, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն չճանչնալով եւ չդատապարտելով, կամ ճանաչումը քաղաքական գործիքի վերածելով՝ միջազգային համայնքը անտեղի կերպով կրկնութեան առիթը կը ստեղծէ նման ոճիրներու, որոնք կը պատճառեն բազմաթիւ նոր զոհեր:
Անցեալ տարի, նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան հաստատումը վերջ դրաւ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ամերիկեան կողմի մեղսակցութեան, միաժամանակ կասեցնելով ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը սահմանելու օտար կառավարութիւններու ջանքերը:
«Այսօր կը սգանք այն, ինչը կորսնցուցիք, բայց մեր հայեացքը ուղղենք դէպի ապագայ, դէպի այն աշխարհը, զոր կ՛ուզենք կերտել մեր զաւակներուն համար: Աշխարհ մը՝ որ ապականած չըլլայ առօրեայ նախապաշարումներու եւ անհանդուրժողութեան չարիքներով եւ ուր յարգուին մարդկային իրաւունքները, ուր բոլոր մարդիկ կարենան իրենց կեանքը շարունակել արժանապատուութեամբ եւ ապահովութեամբ», նշած էր Պայտըն իր 24 Ապրիլ 2021ի պատգամին մէջ:
Սակայն, Պայտընի վարչակարգը, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի դաշնակիցները կը շարունակեն անտեսել «առօրեայ նախապաշարումներու եւ անհանդուրժողութեան չարիքներ»ը, նեցուկ կանգնելով անհանդուրժողութիւն գործադրող եւ ապագայ սերունդները եւս այդպէս դաստիարակող վարչակարգերու:
Օրինակի համար, հակառակ ամերիկահայերու եւ քոնկրեսականներու բազմաթիւ կոչերուն, Ուաշինկթըն կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Իլհամ Ալիեւի վարչախումբին, որ ցեղային մաքրագործման արշաւ կը մղէ Արցախի հայութեան դէմ, որուն դիմաց լուռ կը մնան Միացեալ Նահանգները եւ համայն աշխարհը:
Այս լռութիւնը աւելի յանդուգն կը դարձնէ Ալիեւը, որ կը քաջալերուի իր զինակիցին՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ եւ շարունակաբար յարձակումներու կը դիմէ անզէն քաղաքայիններու դէմ, իրականացնելու համար Արցախը հայերէ պարպելու եւ Արցախի հայկական հետքերը ջնջելու իր նպատակը:
Այնպէս կը թուի, թէ այսօր մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները դատապարտելու ամերիկեան պատրաստակամութիւնը ի զօրու է միայն Ուքրանիոյ պարագային, մինչ նման եւ աւելի վատ ոտնակոխումներ նկատի չեն առնուիր ու Ուաշինկթըն հաստատ կը մնայ համաշխարհային հարցերը շատ նեղ դիտանկիւնէ դիտելու իր կեցուածքին մէջ։
Հակառակ Արցախի հայութեան դէմ շարունակուող բռնարարքներուն, որոնց շարքին էր նաեւ ձմեռնային պայմաններու մէջ կազի մատակարարումի կասեցումը, Ասկերանի Փառուխ գիւղը ներխուժումը, Հայաստանի կառավարութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ նախաձեռնած է Ատրպէյճանի հետ «խաղաղութեան բանակցութիւններ»ու, մինչ միաժամանակ կը փորձէ յարաբերութիւնները բնականոնացնել Թուրքիոյ հետ:
Յստակօրէն, 2020ի պատերազմի օրերուն, Ատրպէյճանին բացայայտօրէն սատարելու՝ Թուրքիոյ կեցուածքը բաւարար չէ եղած ահազանգ հնչեցնելու Հայաստանի ղեկավարութեան մօտ, թէ Անգարա, ինչպէս նաեւ Պաքու բարի նպատակներ չեն հետապնդեր: Անգարա նաեւ շարունակաբար կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը՝ պնդելով, թէ հայկական կողմն է, որ պատրաստ չէ «վճռական քայլեր» առնելու:
Հայաստանի թշնամիներուն հետ յարաբերութիւնները բարեկարգելու՝ Երեւանի երկճակատ մօտեցումը ոչ միայն կ՛անտեսէ Հայաստանի եւ հայութեան դէմ այդ երկու պետութիւններու ոճիրները, այլ նաեւ Հայաստանի ազգային ապահովութիւնը յաւելեալ վտանգներու ենթակայ կը դարձնէ:
Այս բանակցութիւններուն «առանց նախապայմաններու» մասնակցելու՝ Հայաստանի կառավարութեան կեցուածքը նաեւ կը տկարացնէ ապագայ սպանդներու առաջքը առնելուն մէջ կենսական հանդիսացող՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար պայքարելու իր ստանձնած պարտաւորութիւնը:
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելու ջանքերը այժմ աւելի հրատապ դարձած են, երբ Թուրքիոյ բացայայտ աջակցութեամբ Ատրպէյճան յառաջ կը մղէ Արցախի հայութեան դէմ ցեղային մաքրագործումի ցեղասպանական արշաւը:
Այս պէտք է հանդիսանայ համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը, մինչեւ այն ատեն, երբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ մերժող երկիրները, ներառեալ՝ Բրիտանիան եւ Իսրայէլը, ընդունին զայն, նպատակ ունենալով պատմական այդ սխալը սրբագրել եւ այդ ընելով՝ իսկապէս առաջքը առնեն նման նախճիրներու: