ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Հայ Դատի յենասիւնը» գիրքի շնորհահանդէսով Հոկտեմբեր 20ին եզրափակուեցաւ նորվեկիացի գիտնական, բեւեռախոյզ, մարդասէր, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Ֆրիտեոֆ Նանսէնի ծննդեան 145ամեակին նուիրուած 10օրեայ միջոցառումներու շարքը:
Գիրքի հեղինակ, «Ֆրիտեոֆ Նանսէն» հիմնադրամի նախագահ Ֆելիքս Բախչինեանը նշեց, որ մեծանուն գիտնականին նուիրուած առաջին ծաւալուն աշխատութիւնը՝ «Նանսէնը եւ Հայաստանը», գրած է պատմաբան Մակիչ Արզումանեանը: Այս գիրքը իր ծաւալով կը զիջի նախորդին, եւ հեղինակը փորձած է վեր հանել Նանսէնի մարդասիրութեան ազդակներն ու միջազգային գործունէութիւնը, որմէ ալ կը բխի անոր անկողմնակալութիւնը՝ Հայ Դատի նկատմամբ: Գիրքին մէջ հեղինակը անդրադարձած է Ֆրիտեոֆ Նանսէնի այն միտքին, որ Հայ Դատը հնարաւորութիւն է մարդկութեան մաքրագործման համար: Ֆ. Բախչինեանը տեղեկացուց նաեւ, որ յառաջիկային պիտի նկարահանուի «Նանսէնը եւ Հայաստանը» ժապաւէնը: Յիշեցնենք, որ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք մեծ մարդասէրի ջանքերով՝ 320 հազար հայեր ստացան նանսէնեան անձնագրեր եւ կրցան ապաստան գտնել աշխարհի 52 երկիրներու մէջ: