ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գիւղատնտեսութեան նախարար Դաւիթ Լոքեան Հոկտեմբեր 25ին ընդունեց Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի պաշտօնաւարտ տնօրէն Ռ. Ռապինսընը եւ զայն պատուեց շքանշանով:
Շնորհակալութիւն յայտնելով չորսուկէս տարուան միասին արդիւնաւէտ աշխատանքին համար, նախարար Լոքեան նշեց, որ Հայաստանի գիւղատնտեսութիւնը Համաշխարհային դրամատան աջակցութեամբ լուրջ բարեփոխումներու ընթացք անցած է: Ռ. Ռապինսընի պաշտօնավարման ընթացքին աւարտած է Համաշխարհային դրամատան գիւղատնտեսական ոլորտի մէկ կարեւորգոյն ծրագիր, մշակուած եւ հաստատուած են նոր արհեստագիտութիւններու ներդրման եւ թռչնակրիփի կանխարգիլման ծրագիրները՝ որոնք արդէն գործադրութեան մէջ են: Այժմ, Համաշխարհային դրամատունը կ’օգնէ սահմանամերձ, բարձր լեռնային համայնքներուն՝ չքաւորութեան կրճատման, գիւղատնտեսութեան ոլորտի զարգացման, խորհրդատուութեան եւ շուկադրումի կազմակերպման խնդիրներուն մէջ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով եւ յաջողութիւններ մաղթելով Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի աշխատակազմի կողմէ՝ Ռապինսըն նշեց, որ իր գործունէութեան ընթացքին բաւական մեծ վերափոխումներ կատարուած են Հայաստանի տնտեսութեան կայուն զարգացման գործընթացին մէջ:
Հանդիպման աւարտին, կառավարութեան որոշումով եւ ի նշան երախտագիտութեան՝ նախարար Լոքեան «Գիւղատնտեսական նուաճումներու համար» ոսկէ շքանշան յանձնեց Ռ. Ռապինսընին: