15 տարի։
15 տարի կանգուն՝ վերանկախացած Հանրապետութիւնը Հայաստանի։
Ասիկա համազգային տօն է, որ ամէնուրեք պէտք է նշուէր ամենայն հպարտութեամբ ու արժանավայել կերպով։ Բոլորին կողմէ, միասնաբար։
Գոնէ մեր գաղութին մէջ այդ չէ, սակայն, որ կը պատահի, ու ոգեկոչումները տեղի կ’ունենան ակնկալածէս շատ աւելի համեստ մակարդակի վրայ, լուռ կերպով։ Ի՞նչն է ասոր պատճառը – Քանատայի կլիմա՞ն, թէ Մոնթրէալի հայութեան ջերմաստիճանի անկումը…
Նիւթս, սակայն, այդ չէ, ու ես կ’ուզեմ այստեղ արձանագրել ամէն հայու ցնծութեան եւ հպարտութեան այն զգացումը, որ իր հայրենիքը – իր պատմական հայրենիքի մէկ տասներորդ կոտորակը – ահա կա՛յ, կը գոյատեւէ որպէս անկախ պետութիւն մէկուկէս տասնամեակէ ի վեր, եւ յոյս կը ներշնչէ, որ պիտի շարունակէ գոյատեւել, կրելով իրեն հետ այս ազգի բազմահազարամեայ պատմութիւնը։
Կա՛յ Հայաստանը, ոչ թէ որպէս կայսրութեան մը մէկ ծայրամասը, այլ որպէս լիիրաւ, ինքնուրոյն պետութիւն՝ ՄԱԿի մէջ իր աթոռով, իր Եռագոյնով, օրհներգով ու զինանշանով, կայ Արցախը՝ իր ազատագրուած հողերով, եւ կայ հայաբնակ Չաւախքը՝ որպէս Վրաստանի մէկ շրջանը՝ արդարօրէն ինքնավարութեան իր պահանջքով եւ Հայաստանի հետ հետզհետէ սերտացող իր կապերով։
Տակաւին, իր սեփական բանակը ունի մեր հայրենիքը եւ ողիմպիական խաղերու մասնակից իր սեփական խումբը, Եռագոյն դրօշը պարզած։
Արդ, այս բոլոր իրականութիւնները չեն կրնար չհրճուեցնել իւրաքանչիւր հայու սիրտը, մանաւանդ որ այլեւս թէ՛ երկիրը եւ թէ անոր խորհրդանիշները համա՛յն հայութեան «կը պատկանին» եւ ոչ թէ այս կամ այն հատուածին – մեզ միացնող ազդակ են անոնք այլեւս եւ ոչ բաժանող, ինչպէս էր վերանկախացման նախորդող եօթը տասնամեակներուն։ Հրէի ու հեթանոսի հարց չկայ այլեւս։
Հայաստանը կայ ու քայլ առ քայլ կը յառաջդիմէ։
Ասիկա մէկ կողմն է մետալին, որ 15ամեակին պէտք է նշենք եւ պանծացնենք։
Մետալին միւս կողմը, սակայն, կան մարտահրաւէրներ, որոնք եթէ առաջին հերթին հայրենահայութեանն են, սակայն ե՛ն նաեւ սփիւռքահայութեանը, համայն հայութեանը։
Հայրենահայութեան, հետեւաբար նաեւ մեր առջեւ նետուած մարտահրաւէրները լաւագոյնս ամփոփեց վերջերս )Սեպտեմբեր 2-ին(՝ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ ընկ. Արմէն Ռուստամեանը՝ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կազմակերպութեան 10րդ Գերագոյն ժողովին իր ունեցած ելոյթով։ Այդ ելոյթի եզրափակման մէջ ահա իր ըսածը. «… Առաջիկայ (նախագահական եւ խորհրդարանական) ընտրութիւններով ձեւաւորուած որեւէ իշխանութիւն կանգնած է լինելու երկրում արմատական բազմաշերտ ու լայնածաւալ բարեփոխութիւններով ժողովրդավարութեան խորացման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի հայանպաստ լուծման, անվտանգութեան ներքին եւ արտաքին սպառնալիքների չէզոքացման, նուազագոյնը այս ծաւալի հրամայականների առաջ»։
Աւելի մանրամասնելով՝ հասնելու համար այդ եզրակացութեան, ընկ. Ռուստամեան իր խօսքին մէջ նշած էր յատկապէս Հայաստանի քաղաքական կեանքի վերաձեւաւորումը՝ քաղաքացիական հասարակութեան (civil society) յառաջացմամբ եւ ժողովուրդի խաթարուած վստահութեան վերականգնումով՝ քաղաքական կուսակցութիւններու նկատմամբ իրաւունքի գերակայութեան հաստատումը, կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան մեծացումը՝ «հակակշռման եւ զսպման արդիական մեքանիզմների լայն կիրառումով», կաշառակերութեան դէմ պայքարի սաստկացումը եւ ընկերային բեւեռացման մեղմացումն ու աղքատութեան յաղթահարումը։
Ան այլեւ ընդգծած էր կարեւորութիւնը «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ազգային շահի եւ պետական նպատակների հետապնդման վրայ խարսխուած շրջահայեաց արտաքին քաղաքականութեան» ինչպէս, նաեւ համայն հայութեան կարելիութիւնները մէկտեղելով՝ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի մը վրայ դնելուն։
Կասկած չկայ, որ այս մարտահրաւէրները, կամ եթէ կ’ուզէք՝ նպատակները, իրենց տարողութեամբ եւ ազգի երթին վրայ ունենալիք հեռահաս ազդեցութեամբ՝ համահայկական բնոյթ ունին, եւ եթէ զանոնք իրագործելու պարտականութեան առիւծի բաժինը կ’իյնայ Հայրենիքին ուսերուն, Սփիւռքն ալ զերծ չէ պատասխանատուութեան իր բաժինէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 15ամեակը առիթ է, որ մեր նշումներէն կամ այլուր՝ տօնակատարութիւններէն անդին՝ մեր ալ, այսինքն սփիւռքահայութեան ալ ընելիքներուն մասին վերստին մտածենք եւ մտածենք՝ թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի կարիքներուն լոյսին տակ։
Մեր այդ ընելիքներուն մէջ առաջին գիծի վրայ կու գայ Սփիւռքի վերակազմակերպման հարցը – վերակազմակերպել որպէս մէկ ամբողջութիւն՝ անկախ կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու եւ այլազան կազմակերպութիւններու – հատուածներու կառոյցներէն, սակայն ընդգրկելով այդ բոլորը եւ դնելով զանոնք բոլորը միասին Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հզօրացման նպատակը հետապնդող ընդհանուր պարունակի մը մէջ, վերջ տալով կոտորակուած, երբեմն հակասութիւններով, երբեմն ուժերու յումպէտս վատնումի եղանակով գործելու ներկայ կերպերուն։
Այս հարցին կ’արժէ անդրադառնալ առանձնաբար, այսօր սակայն վերանկախացման տարեդարձը առիթ թող ըլլայ մտածելու համար այս բոլորին մասին։