
ԱՆԱՀԻՏ (ՔԷՕՐՕՂԼԵԱՆ) ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 16 Հոկտեմբեր 1973ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, դստեր, քրոջ, եւ հարազատին՝ Անահիտ (Քէօրօղլեան) Մանուկեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2022ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 29 Ապրիլ 2022ին, առաւօտեան Ժամը 11ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, 58 S. Sierra Madre Blvd, Pasadena CA 91107, ապա թաղումը՝ Live Oak Cemetery գերեզմանատան մէջ, 200 E. Duarte Rd, Monrovia, CA 91016:
Սգակիրներ՝
Ամուսինը` Գէորգ Մանուկեան
Զաւակները՝ Փաթիլ եւ Տարօն Մանուկեաններ
Մայրը՝ Արփի Քէօրօղլեան
Աներմայրը՝ Մատլէն Մանուկեան
Եղբայրը՝ Վարդան եւ Նայիրի Քէօրօղլեան եւ զաւակները՝ Արփի, Սօսէ եւ Ալիք
Եղբայրը՝ Ճանի եւ Հուրի Քէօրօղլեան եւ զաւակները՝ Սեւանա եւ Լոռի
Տագրը՝ Մկօ եւ Մարալ Մանուկեան եւ զաւակը՝ Մանուկ
Տալը՝ Ճէմա Մանուկեան եւ զաւակները՝ Սեւան եւ Յակոբ
Մօրաքոյրը՝ Օժէն Փիլաւճեան եւ զաւակները
Մօրաքոյրը՝ Զապէլ Չուխաճեան եւ զաւակները
Մօրեղբայրը՝ Սերոբ եւ Մարալ Պէքէրեան եւ զաւակները
Հօրաքոյրը՝ Նուարդ Մուրատեան եւ զաւակները
Ամուսնոյն մօրաքոյրը՝ Ռոզին Գազանճեան եւ զաւակները
Եւ համայն Մանուկեան, Քէօրօղլեան, Պէքէրեան, Չուխաճեան, Գազանճեան, Փիլաւճեան, Խտրլարեան, Գույումճեան, Գաւլաքեան, Արսլանեան, Թապագեան, Քիլիսեան, Մուրատեան եւ Տատուր ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Փասատինայի Raffi՚s Catering and Banquet Ճաշարանին մէջ, 3887 E. Sierra Madre Blvd. Pasadena CA 91107
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին (Homenetmen Azadamard Chapter):
ԱՆԱՀԻՏ (ՔԷՕՐՕՂԼԵԱՆ) ՄԱՆՈՒԿԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն, զաւակներուն, մօր, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։