
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ որոշած է զօրակցիլ Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Էլանի Քունալաքիսի վերընտրութեան պայքարին։
«Փոխնահանգապետ Քունալաքիս հոյակապ բարեկամ եւ յատկանշական դաշնակից է մեր համայնքին», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով, ան ոչ միայն գլխաւորած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Հայաստան այցելած նահանգային քաղաքական պատուիրակութիւնը, այլ նաեւ նեցուկ կանգանած էր Թուրքիայէն նահանգային ներդրումները ետ քաշելու արշաւին եւ դէմ դրած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի ջանքերուն։
Յիշեցնենք, որ Հայ Դատը 2018ին եւս նեցուկ կանգած էր Քունալաքիսի յաջողութեամբ աւարտած ընտրապայքարին։
Նկատի ունենալով անոր յունական ծագումը՝ փոխնահանգապետը լաւապէս ծանօթ է հայոց պատմութեան եւ ամերիկահայ համայնքի քաղաքական նախապատուութիւններուն։
Վերոյիշեալներուն կողքին, ան նաեւ կարեւոր դեր ունեցած է Հայաստանի մէջ Քալիֆորնիոյ առեւտուրի գրրասենեակ բանալու աշխատանքներուն մէջ, համագործակցելով Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի հետ, ինչպէս նաեւ ձախողութեան մատնած էր Քալիֆորնիա-Թուրքիա առետրական համաժողով մը, որուն պիտի մասնակցէին Ցեղասպանութիւնը ուրացող մեծ թիւով անձնաւորութիւններ։