ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յարութեան հրաշալի լուսաբացին յուսադիր սրտով կը սպասեն հաւատացեալները իրենց գերեզմանափոսերուն մէջ, երբ պիտի ճլտորուին մեռելային թմրութենէն եւ անսպասելիօրէն արթննան մահուան թմբիրէն: Դեռ այս կեանքին մէջ եղող հաւատացեալներն ալ կը սպասն համընդհանուր ատեանին, երբ ի վերջոյ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ, երկնաւոր Դատաւորին ատենապետութեամբ գումարուած ահեղ դատաստանի ընթացքին:
Մէկշաբթի առաւօտեան, շլմոր կանգնած Յիսուսի գերեզմանի դրան առջեւ, իւղաբեր կանանց ունեցած մեծ զարմանքը՝ յարութեան այսքան շուտ տեղի ունենալուն պատճառով էր: Անոնք զարմացեր էին մտածելով, որ ինչպէ՞ս կրնար մեռած ու երեքօրեայ թաղուած մարդը գերեզմանի հսկայ քարը շպրտել դրան մուտքէն եւ աւելին՝ կենդանացած մարմինով դուրս գալ մահուան խայթող ճիրաններէն: Այդ պահուն անոնց զգացածը մեռած մարդ տեսնելու վախ չէր միայն, որովհետեւ փաստօրէն նախատրամադրուած եկեր էին մեռելին մարմինը թանկագին իւղերով օծելու աւանդութիւնը կիրարկելու: Այդ պահուն անոնց զգացածը արտասովոր երկիւղ մըն էր, իմանալով որ Ան յարութիւն առեր է: Ուրեմն, մեռելներէն յարութիւն առած մարդու մը հանդիպելու վախը պատեց անոնց միտքն ու հոգին, երբ լսեցին հրեշտակին բարձրաղաղակ աւետիսը. «Այստեղ չէ՛, որովհետեւ յարութիւն առաւ» (Մտ 28.6): Ճիշդ այս պատճառով Յիսուս երբ երեւցաւ իւղաբերներուն, փութաց ծանօթացնել իր անձը եւ հանդարտեցնել անոնց թփռտացող սիրտը, կանչելով մագթաղենացին եւ ըսելով. «Մարիա՛մ», եւ ան անմիջապէս ճանչնալով զինք՝ կը պատասխանէ. «Րաբբունի» («Վարդապետ», տե՛ս Յհ 20.16):
Վախնալու սոյն երեւոյթը նաեւ մահուան դիմաց զգալի է, յատկապէս այն ատեն, երբ մարդ հոգեպէս պատրաստ չէ՛ անդենական կեանք փոխադրուելու: Հողեղէն կեանքի առօրեայ զբաղումները, իրենց աւարտին չհասած սեփական ծրագրերը, իրենց ընտանիքին համար նիւթական աւելի մեծ եկամուտներու հայթայթման հեռանկարները եւ բազմաթիւ այլ խնդիրներ վախ կը պատճառեն մահուան շուքը իր գլխուն վրայ տեսնող մարդուն: Վերոնշեալ եւ բազմաթիւ այլ հարցեր կը մտատանջեն մարդը, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան իրմէ ետք այն աշխատանքները, որոնք այնքա՜ն դժուարութիւններով նախագծեր էր: Սակայն մահը բարեկամ չունի եւ չի՛ կրնար ունենալ: Մահը հասարակաց թշնամին է: Աշխարհի սկիզբէն մինչեւ այսօր շատե՜ր փորձեր են մտերմանալ մահուան հետ, սակայն վերջաւորութեան բոլորին դաւաճաներ է անիկա, յանկարծ կերպարանափոխեր իր դէմքը, ու մանգաղը ուսին մօտեցեր անոնց:
Մարդ արարածին անհամբերութիւնը բացայայտ իրողութիւն է: Ամէն ինչ շուտով իմանալու, տեսնելու եւ ունենալու ձգտումը յաճախ կը նմանցուի կանխածին մանկան, երբ որովայնի պտուղը անհամբեր կ՛ուզէ մուտք գործել այս աշխարհը, տեսնել արեւուն լոյսը եւ սկսիլ իր կեանքի ճանապարհորդութիւնը: Մարդ էակը անհամբերութիւնը իր մօր արգանդին մէջ կը սորվի, կարծես դժգոհ իր իրավիճակէն եւ այնպէս ենթադրելով, որ ծննդեան վայրկեանէն սկսեալ երջանիկ աշխարհ մը պիտի բացուի իր առջեւ:
Մեզ շրջապատող բնութիւնը այսպէս չէ՛ սակայն: Բնութիւնը անհամբեր չէ մարդ էակին նման: Բնութիւնը երբեք չի շտապեր: Տարուան չորս եղանակները որքա՜ն հեզասահ կը շղթայուին իրարու, իրենց տարբեր գոյները անզգալաբար ներդաշնակելով մէկզմէկու: Ո՞վ կրնայ պատկերացնել, թէ ի՛նչ է կը կատարուի ձմրան, չորցած տեսքով ծառի բունին մէջ: Աւիշը լո՜ւռ ինքն իր վրայ կը գալարուի ներսը, փաթթուելով ու հանգուցուելով, արմատներէն ուժ կը ներծծէ, որպէսզի գարնան նոր ծիլեր կարենայ արձակել եւ տերեւներու ցցումով դարձեալ հրաշագեղ զգեստաւորէ ծառը:
Յարութիւնը եւս հանդարտ գործընթաց է: Անիկա եւս բնա՛ւ աճապարանք չունի: Յիսուսի աստուածային կարողութիւնը մեզմէ ո՛չ ոք ունի, ակնթարթային ինքնայարութեամբ դուրս գալու մեռելութենէն, կամ մեր մարմինը փտեցնող բազմատեսակ գերեզմաններէն:
Ազգեր կամ հաւաքականութիւններ եւս կրնան մահանալ եւ պատմութեան գերեզմանափոսին մէջ թաղուիլ: Պատմագիրքերուն էջերը լեցուն են նման ազգերու, կայսրութիւններու կամ պետութիւններու անուններով, որոնք ատեն մը կային իրենց մեծ փառքով, սակայն այժմ ջնջուած են աշխարհի երեսէն:
Մահուան յուսահատական ճիրաններուն մէջ յայտնուած է նաեւ մեր ազգը այսօր: Շրջապատուած ենք այնպիսի հեռաւոր եւ մօտակայ թշնամիներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բահ ի ձեռին փոս կը փորէ, գերեզմանելու համար դարաւոր ժողովուրդ մը, իր պատմութեամբ ու շարժուն եւ անշարժ մշակոյթով, ինչպէս նաեւ հայրենի մշակուած ու արդէն կանաչցած դաշտերով:
Շփոթած ու իր ընելիքը չգիտցող Մագթաղենացիին նման ենք մենք այժմ: Չենք հաւատար մահուան, չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ընենք, զո՛վ պիտի մեղադրենք, որո՛ւն դէմ պիտի պայքարինք, վերջապէս զո՛վ պիտի հարուածենք, մեր կործանման ու մահուան թաւալգլոր այս ընթացքը կասեցնելու համար:
Մահուան մեր չհաւատալը մէկ կողմ, մեզմէ շատեր չեն հաւատար նաեւ մեր յարութեան…։ Այս աւելի՛ մահացուցիչ է, քան մահը ի՛նք: Սակայն, բա՞ց են մեր ականջները լսելու համար Յիսուսի ո՛չ միայն սթափեցուցիչ, այլեւ կազդուրիչ կոչը՝ «Մարիա՛մ»: Ատիկա անուն մըն է միայն, որ գերեզմանի լուռ շրջակայքին յանկարծ լսուեցաւ: Վայր մը, որ մեռելութեամբ օծուն էր: Յիսուսի արթնցնող կանչը վախցած հոգիներու վրայ թափուած բալասան էր այդ պահուն: Նոյնը կրնայ այս պահուն ըլլալ, երբ այնքան վախի մէջ ենք հաւաքապէս: Յարուցեալ փրկիչը իր մելանոյշ ձայնով կրնայ սթափեցնել մեր բոլորը, «ոտքի՛ հայ ժողովուրդ» գոչելով, վանելու համար մեզմէ ամէն տեսակ վախ եւ յուսահատութիւն: Անոր յուսացող ազգը, մանաւանդ Անոր անուան համար Տէր Զօր քշուած ժողովուրդը, խորապէս հաւատացած է նաեւ Անոր հրաշափառ Յարութեան:
Ամենազօր Յարութեամբ վերակենդանացածին համար դժուա՞ր է արդեօք յարութիւն տալ նաեւ ժողովրդի մը, որ այսքան տառապանքէ ետք, տակաւին յուսադրեալ հոգիով եւ ակնասեւեռ կը նային Անոր՝ անխախտ հաւատքով:
Ժողովողի գիրքին հեղինակը կ՛ըսէ. «Ամէն ինչի ժամանակը կայ… լալու ժամանակը եւ ծիծաղելու ժամանակը, ողբալու ժամանակը եւ պարելու ժամանակը»: (Հմմտ Ժղ 3.4): Եթէ հիմա մեր լալու ժամանակն է, ուրեմն պիտի գայ նաեւ ժամանակը, երբ միասնաբար պիտի ծիծաղինք, պիտի ցնծանք մեր յաղթանակով: Միշտ կը մոռնանք, որ բնութեան նման, յարութիւնը չի՛ շտապեր: Այս եւս իր հանդարտ գործընթացով մեզի պիտի առաջնորդէ դէպի փառք: Պարզապէս հիմա ժամանակը չէ՛: Սակայն պիտի գայ յարութեան օրը, հաւատա՛ ազգս, երբ Մարիամի նման աչքերովդ պիտի տեսնես յարութիւնը: Սակայն անհրաժեշտ է, որ մահուան վախը հեռացնենք մեր սիրտերէն, հաւաքական ու վճռակամ աշխատանքով, ներքնապէս զօրացնելով մենք մեզ, ներքին միասնականութեամբ թշնամին դուրս վտարելու որոշումով, ինչպէս նաեւ ներկայ ժամանակներուն յատուկ նախապատրաստուածութեամբ:
Ազգին ու հայրենիքին յարութիւնը պայմանաւորուած է ժողովուրդի միտքին եւ հոգիին մէջ շողարձակած յարութեան լոյսով: Սակայն ներկայիս մեր ազգային բոլոր կեցուածքները, հաւաքական «յարութեան» հաւատացողի շարժումներով չեն առաջնորդուիր, այլ լոկ անհատական «յարութեան» եւ անհատական փառքի տիրանալու ձգտումներով զսպանակուած են: Մեր ազգի յարութեան հաւատացողը ո՛չ միայն մահուան երկիւղը իր սիրտէն պիտի վանէ, այլեւ իր սիրտը ազգի բոլոր զաւակներուն նկատմամբ եղբայրական ջերմ սիրով պիտի լեցնէ:
Յարուցեալ Փրկչին հանդիպած անձերուն անունները փոփոխական են այնպէս, ինչպէս միայն Մարիամը չէր, որ հանդիպեցաւ Յիսուսին: Աւելի ուշ աշակերտներուն ալ հանդիպեցաւ Ան, իր զօրութիւնը տալով անոնց: Սակայն միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան Թովմասի նման թերահաւատներ, որոնք աւելի ուշ կ՛ըմբռնեն յարութեան վերակենդանացնող ուժը: Այդ պատճառով անոնք շփոթի կը մատնուին, թերամիտ կասկածանքի մէջ կ՛իյնան, եւ կը խորտակուի անոնց հաւատքի ամրոցը:
Մանկամիտ անհամբերութեան, մեծամիտ յայտարարութիւններու, անհամեստ փոխյարաբերութեան եւ թերաճ ու տհաս քաղաքականութեան հետեւանք է մեր ժողովուրդին ներկայ դրութիւնը: Սակայն Յիսուսի գերեզմանի դրան հսկայ ժայռին տապալած ըլլալը մեծագոյն յոյսը կը ներշնչէ մեզի՝ գերեզմանի հրդեհուող խոտերուն վրայ բոկոտն քալողներուս, որ յարութիւնը անպայման տեղի պիտի ունենայ:
Պիտի գայ այն օրը, որ Մարիամին ձայն տալու նման, մեզի ձայն պիտի տայ մեր յարուցեալ Փրկիչը: Բնութենէն սորվինք ուրեմն համբերել, որովհետեւ անիկա երբեք չի՛ շտապեր: Նոյնպէս եւ յարութիւնը բնաւ չի՛ շտապեր, բայց անխուսափելի է անիկա, որովհետեւ Քրիստոս ինք յարեա՜ւ ի մեռելոց: