«Ճանզ Հափքինզ» համալսարանի վիճակագրութիւններուն համաձայն՝ աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերու թիւը 500 միլիոնի սահմանը անցաւ այս շաբթուան ընթացքին։ Այդ թիւը 502,188,145 էր 14 Ապրիլին, իսկ համաճարակին պատճառով մահացածներուն թիւը հասած է 6,191,610ի։
Վարակումներուն մօտաւորապէս 81 միլիոնը արձանագրուած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ուր ցարդ մահացած են մօտաւորապէս մէկ միլիոն քաղաքացիներ։
43 միլիոն վարակումներ արձանագրուած են Հնդկաստանի մէջ, իսկ Պրազիլի մէջ՝ 30 միլիոն վարակումներ։ Այդ երկիրներուն մէջ զոհերու թիւը յաջորդաբար 521,767 եւ 661, 710 է։
Ըստ Քալիֆորնիոյ առողջապահութեան իշխանութիւններու տուեալներուն՝ նահանգին տարածքին ցարդ արձանագրուած են 8.5 միլիոն վարակումներ եւ 88,748 զոհեր։ Նահանգին բնակչութեան մօտաւորապէս 84 տոկոսը առնուազն մէկ անգամ պատուաստուած է։