ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ ԱՄԵՐԻԿԱՆ Կ’ԱՅՊԱՆԷ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՉ
ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Գերմանական «Շփիկըլ» շաբաթաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ըսած է, թէ Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վրայ եղած յարձակումին համար պէտք է այպանել Միացեալ Նահանգները եւ Միջին Արեւելքի մէջ անոնց վարած քաղաքականութիւնը։
Սեպտեմբեր 12ին չորս սուրիացիներ փորձած էին պայթեցնել Դամասկոսի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը, բայց իրենց ծրագիրը ձախողած էր, երբ սուրիացի պահակներ սպաննած էին յարձակողներէն երեքը։ Չորրորդը աւելի ուշ մահացած էր իր ստացած վէրքերէն։
Երբ հարց տրուած է, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգները պէտք է յանցաւոր նկատել, նախագահ Ասատ ըսած է. «Որովհետեւ կը նպաստէ հոս ստեղծուած յուսահատութեան մթնոլորտին, եւ լռութեան կը մատնէ մշակոյթներու երկխօսութիւնը»։
Ասատ հարցազրոյցին ընթացքին նաեւ ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց զգուշացուցած էր Իրաքի վրայ յարձակելէ՝ դիտել տալով, որ պատերազմը յաղթելէն ետք Իրաքի մէջ ամերիկացի զինուորները տիղմի մէջ պիտի խրին։ «Ակնկալածէս աւելի վատ եղաւ արդիւնքը», աւելցուցած է ան։
ԿԻՒԼ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԱՊԱՀՈՎԵԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
«Զաման» թերթի կայքէջը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ կը շարունակէ իր տեսակցութիւնները, որոնց նպատակն է Թուրքիոյ ապահովել 2009ին եւ 2010ին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին անդամակցութիւնը։
Կիւլ, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի նիստին առիթով կը գտնուէր Նիւ Եորք, տեսակցութիւններ ունեցաւ Իտալիոյ, Մեքսիքայի եւ Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հետ։
Այս տեսակցութիւններէն անկախ, Կիւլ հանդիպեցաւ նաեւ Մոնթենեկրոյի վարչապետ Միլօ Տիւքանովիչի հետ եւ անկէ խնդրեց նեցուկ կանգնիլ Ապահովութեան խորհուրդի Թուրքիոյ անդամակցութեան։ Կիւլ Տիւքանովիչի յայտնեց նաեւ, որ Թուրքիա կը փափաքի դեսպանատուն մը ունենալ Մոնթենեկրոյի մէջ, մանաւանդ որ Թուրքիա առաջին երկիրներէն էր, որ անցեալ Մայիսին տեղի ունեցած հանրաքուէէն ետք ճանչցաւ Մոնթենեկրոն։
ԸՍՏ «ԹԱԼԵՊԱՆ»Ի, ՊԸՆ ԼԱՏԷՆ ՈՂՉ ԱՌՈՂՉ Է
Արաբական «Արապիյա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Աֆղանիստանի «Թալեպան» շարժումի պատասխանատուէ մը, հաղորդեց, թէ հակառակ շրջան ընող լուրերուն, «Քայիտա»ի ղեկավար Ուսամա պըն Լատէն «ողջ առողջ է»։
Պատկերասփիւռի կայանը ըսաւ, թէ Փաքիստանի մէջ «Արապիյա»ի գրասենեակը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է թալեպան պաշտօնատարէ մը, որ ըսած է, թէ պըն Լատէն ողջ է, եւ թէ անոր հիւանդ ըլլալուն մասին լուրերը անճիշդ են։
Ֆրանսական օրաթերթ մը հաղորդած էր, թէ Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները համոզուած են, որ պըն Լատէն մահացած է։ Սէուտական Արաբիա հերքեց տեղեկութիւնները։
ՇԻՆԶՕ ԱՊԷ ՃԱՓՈՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ
ԹՈՔԻՕ, «Ռոյթըրզ».- Շինզօ Ապէ, որ կը հաւատայ, թէ Ճափոն աւելի սերտ կապեր պէտք է մշակէ Ուաշինկթընի հետ եւ պէտք է աւելի շատ խօսք ունենայ միջազգային հարցերու մէջ, Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26ին պաշտօնապէս ընտրուեցաւ Ճափոնի վարչապետ։
52ամեայ Ապէ համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք իշխանութեան եկող ամէնէն երիտասարդ ճափոնցի վարչապետն է։
Ապէ, որ Ճափոնի քաղաքական չափանիշներով համեմատաբար անփորձ կը նկատուի, պարտի բարելաւել նաեւ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները, որոնք նախկին վարչապետ Ճունիշիրօ Քոյիզումիի իշխանութեան վերջին օրերուն յաւելեալ վատթարացում արձանագրած էին։
ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ ԵՒ ՌՈՒՄԱՆԻԱ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՆ 2007ԻՆ
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Պուլկարիա եւ Ռումանիա ակնկալուածէն տարի մը առաջ՝ 2007ին, անդամ պիտի դառնան Եւրոպական միութեան, բայց Եւրոպական յանձնաժողովը աննախընթաց նախապայմաններ դրած է անոնց անդամակցութեան առջեւ:
Յանձնաժողովի յանձնարարագիրը, որ Հոկտեմբերին շատ հաւանաբար որդեգրուի Եւրոպական միութեան ղեկավարներուն կողմէ, կը պահանջէ շարք մը բարեկարգումներ, որպէսզի երկու պալքանեան երկիրները լիիրաւ անդամ դառնան:
ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ՄԷՉ ԱՆՁՆԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ 18 ԶՈՀ ԽԼԵՑ
ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Անձնասպանական գործողութիւն մը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25ին առնուազն 18 զոհ պատճառեց հարաւային Աֆղանիստանի մէջ։ Պայթումը տեղի ունեցաւ շրջանի կառավարիչին գրասենեակին մօտ, հաղորդեցին աֆղան պաշտօնատարներ։
Անձնասպանական գործողութիւնը տեղի ունեցաւ, երբ ՆԱԹՕի զօրագունդ մը կ՚անցնէր շրջանէն։
Միւս կողմէ, Քապուլի մօտ իտալացի զինուոր մը սպաննուեցաւ եւ երկու ուրիշներ ծանրօրէն վիրաւորուեցան ճամբեզրին զետեղուած ականի մը պայթումին պատճառով։