
Կրթական եւ վարչական մարզերուն մէջ առաւել քան 30 տարիներու փորձառութիւն ունեցող դոկտ․ Սիւզի Օհանեան նշանակուեցաւ Շ․ եւ Է․ Մերտինեան Հայ Աւետարանական վարժարանի տնօրէն։
Վարժարանին հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Ցոլեր Ուքայեան, կրթական ոլորտին մէջ անկիւնադարձայն այս պահուն Օհանեանի տնօրէն նշանակումը ողջունելի քայլ մը կը համարէ՝ շեշտելով, որ նորանշանակ տնօրէնը իր ասպարէզին ընթացքին փաստած է իր նուիրումը աշակերտներու ուսուցման եւ անձնակազմի վերապատրաստութեան ջանքերուն, բարի գալուտ մաղթելով անոր։
Օհանեան եղած է Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնի օգնական եւ այդ վարժարանին դասանիւթերու ե դասաւանդութիւններու պատասխանատու, որմէ առաջ դասաւանդած է Շամլեան Ազգային վարժարանին մէջ։
Դոկտ․ Սիւզի Օհանեան Պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղէն։ Ան ուսուցչութեան եւ վարչարարութեան ճիւղերուն մէջ Մագիստրոսի երկու տիտղոսներ ունի, իսկ դոկտորի կոչում ունի կրթութեան մասնագիտութեան մէջ։ Ան ամուսնացած է Ռաֆֆիին հետ եւ ամոլը ունի երկու զաւակներ՝ Արամ եւ Շանթ։