Ամերիկացի քաղաքականութիւն կերտողներու երկկուսակցական խումբ մը կը սպառնայ Հայաստանի դեսպանի նոր նշանակման վաւերացումը դժուարացնել, միաժամանակ ճնշում բանեցնելով նախագահ Ճորճ Պուշի վարչամեքենային վրայ, որպէսզի հրաժարի շուրջ դար մը առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն սպանութիւնները նկարագրելու համար «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելու իր վաղեմի դժկամութենէն։
Ռիչըրտ Հոկլընտը Հայաստանի նոր դեսպանի պաշտօնին վրայ հաստատելու աշխատանքները սառեցուած են, որովհետեւ ան խուսափած էր հայերուն սպանութիւններուն ճիշդ տարողութիւնը ճանչնալէ՝ հետեւելով Պուշի վարչամեքենային ուղեգիծին, միաժամանակ գոհ պահելու համար Թուրքիան։
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Էւընզ պաշտօնանկ եղաւ յառաջացնելով լայնատարած կասկած մը, թէ այդ մէկը հետեւանք էր «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելուն։
1915ին Թուրքիոյ մէջ մէկուկէս միլիոն հայերուն սպանութիւնն ու տեղահանութիւնը որակելու հարցը երկար ատենէ ի վեր շփոթի մատնած է ամերիկեան կառավարութիւնը, որուն Թուրքիոյ հետ ունեցած տարիներու դաշինքը մեծ արժէք ունի շրջանին մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան համար։
Թուրքիա կտրուկ կերպով կ՚ընդդիմանայ Ա. աշխարհամարտին հայերուն պատահած դէպքերը «ցեղասպանութիւն» եզրով նկարագրելուն եւ տասնամեակներէ ի վեր քուլիսային աշխատանք կը տանի ՆԱԹՕի իր դաշնակիցներուն մօտ՝ արգիլելու համար այդ եզրին օգտագործումը։
Միացեալ Նահանգներուն եւ Թուրքիոյ միջեւ լաւ յարաբերութիւններուն պահպանումը, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք երբեմն վտանգուեցան վերջին տարիներուն, կը շարունակէ մնալ առաջնահերթութիւն մը Պուշի վարչամեքենային համար, կ՚ըսեն մասնագէտներ, մանաւանդ այնպիսի ժամանակ, երբ իսլամական շարժումները հետզհետէ աւելի զօրաւոր կը դառնան Միջին Արեւելքի մէջ։
Մասնագէտներու համաձայն, նոյնքան կարեւոր է Իսրայէլի բարեկամութիւնը Թուրքիոյ հետ, իսլամ մեծամասնութեամբ յատուկ երկիր մը, որ նեցուկ կանգնած է հրէական պետութեան՝ անոր հիմնուելէն ի վեր։
Հայաստանի մէջ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզրին օգտագործումը արտօնելու վարչամեքենային դժկամութիւնը «ցոյց կու տայ, թէ Միացեալ Նահանգներ որքան կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւններուն», նշեց «Սենչըրի» հիմնարկի աւագ աշխատակից եւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Մորթըն Ապրամովից։ «Միացեալ Նահանգներ միշտ ալ փորձած է խուսափիլ «ցեղասպանութիւն» եզրին գործածութենէն», նշեց ան եւ աւելցուց, թէ՝ «տակաւին կը շարունակէ նոյն դիրքին վրայ մնալ եւ զանազան պատճառներով կը խուսափի դաշնակից մը նեղացնելէ»։
Ապրամովից նաեւ շեշտեց Իսրայէլի համար Թուրքիոյ ռազմավարական կարեւորութիւնը. «Իսրայէլացիներուն համար կարեւոր է իրենց կողքին ունենալ իսլամ մեծամասնութեամբ աշխարհիկ երկիր մը, որ կը ճանչնայ Իսրայէլը, ինչպէս նաեւ առեւտրական եւ զինուորական յարաբերութիւններ ունի անոր հետ», դիտել տուաւ նախկին դեսպանը։
Յունիս 28ին տեղի ունեցած Հոկլընտի պաշտօնի վրայ հաստատման նախնական ունկնդրութեան ընթացքին ծերակուտականներու խումբ մը խիստ հարցուփորձի ենթարկեց ներկայիս Տաճիկիստանի մէջ դեսպանի պաշտօն վարող վեթերան պաշտօնատարը։
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներէն ոմանք, որոնք ելոյթ ունեցան այդ ունկնդրութեան ընթացքին եւ մինչեւ հիմա տակաւին կը մերժեն վաւերացնել անոր պաշտօնը, հետեւեալներն են. դեմոկրատներ՝ Ճան Քէրրի (Մէսէչուսէց), Պարպարա Պաքսթըր (Քալիֆորնիա), Ճօ Պայտըն (Տէլըուէր), եւ հանրապետականներ՝ Նորմ Քոլմըն (Մինիսոթա) եւ Ճորճ Ալըն (Վըրճինիա)։
Ունկնդրութեան ընթացքին որոշուեցաւ քուէարկութիւնը կայացնել ամրան կիսուն, որ սակայն յետաձգուեցաւ մինչեւ աշուն։ Ծագումով հրեայ ծերակուտական Քոլմըն համարձակ ջատագովներէն է այդ հարցին գծով ամերիկեան քաղաքականութեան փոփոխութեան։ Ան որոշած է հաստատ մնալ Հոկլընտի նշանակման ընդդիմանալու իր կեցուածքին վրայ՝ իբրեւ բողոք Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կառավարութեան դժկամութեան։
«Ես մեծապէս դժգոհ եմ 1915ին հայերուն պատմականօրէն վաւերագրուած սպանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն չճանչնալու Միացեալ Նահանգներու կեցուածքէն», կը նշէր Քոլմըն Օգոստոսի սկիզբը հրապարակած յայտարարութեան մէջ։ «Իբրեւ հրեայ՝ ես մեծ զգայնութեամբ կը դիմաւորեմ Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնը ճանչնալու հարցը», դիտել կու տար ան։
Քոլմընի տեսակէտը կ՚արտացոլացնէ շատերու այն համոզումը, թէ հրեաներուն բարոյական պարտքն է ճանչնալ ուրիշ ազգերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնները։ Ուրիշներ աւելի գործնապաշտօրէն կը մօտենան հարցին եւ Իսրայէլի ռազմավարական շահերը աւելի բարձր կը դասեն, քան՝ բարոյական պարտաւորութիւնները։ Հետեւաբար, հակառակ հրեայ կարգ մը քաղաքական դէմքերու բարձրաձայն բողոքներուն, հրեայ-ամերիկեան խումբերը ընդհանրապէս աւանդականօրէն կը զօրակցին Թուրքիոյ՝ այդ հարցին մէջ։
Ամէն տարի այդ ջարդերուն ոգեկոչման թուականին՝ Ապրիլ 24ին, «ցեղասպանութիւն» եզրին օգտագործումը պահանջող օրինագիծ մը կ՚առաջադրուի Քոնկրէսին, որ սակայն կը մերժուի։ Հրէական կարգ մը խմբակներ իրենց պարտականութիւնը դարձուցած են այդպիսի օրինագիծի մը վաւերացումը արգիլելը։
Ազգային ապահովութեան հարցերու հրէական հիմնարկին, Ամերիկեւիսրայէլեան հանրային հարցերու յանձնախումբին եւ Ամերիկեան հրէական յանձնախումբին նման հրէական դատեր պաշտպանող խմբակներ աւելի քան տասնհինգ տարիներէ ի վեր «կ՚աշխատին թուրքերուն կողքին այդ հարցերուն մէջ», նշեց «Ճինզա»ի հաստատութիւններու եւ հանրութեան յարաբերութիւններու բաժինի վարիչ Եոլա Հապիֆ Ճոնսթըն։ «Հրէական լոպպին բաւական աշխոյժ ձեւով աշխատած է Թուրքիոյ կողքին այդ այսպէս կոչուած Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծերուն վաւերացումը արգիլելու համար», աւելցուց ան։
Սակայն ան նաեւ դիտել տուաւ, որ «Ճինզա»ն հրէական միակ խմբակն էր, որ անցեալ տարի մերժեց նեցուկ կանգնիլ Թուրքիոյ, Իսրայէլի նկատմամբ անոր քննադատութիւններուն, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներուն հետ համագործակցիլ մերժած ըլլալուն համար։ Վերջին քանի մը տարիներուն, երբ երկրին իշխանութիւնը յանձնուեցաւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում իսլամական կուսակցութեան, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերիվայրումներ ապրեցան։ Ըստ շարք մը վերլուծողներու, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Թուրքիոյ ուղղուածութիւնը շեղած է Արեւմուտքէն եւ երկիրը դրած իսլամ այլ երկիրներու հետ, ներառեալ՝ Իրանի եւ Սուրիոյ, աւելի ամուր կապեր հաստատելու ուղեգիծին մէջ։
Թուրքիոյ առաջնահերթութիւններու փոփոխութեան առաջին ցուցանիշներէն մէկը բացայայտուեցաւ Իրաքի պատերազմին նախօրեակին, երբ Թուրքիա մերժեց ամերիկեան յարձակումները իր հողերէն կատարելու առաջարկ-դիմումը։ Իրաքի դէմ ամերիկեան առաջին յարձակումին (1991) իր օդային սահմանները ամերիկեան բանակին կողմէ օգտագործուելու Թուրքիոյ արտօնութիւնը կենսական մէկ մասնիկն էր պատերազմի ռազմավարութեան։
Իսրայէլի դեսպանատունը մերժեց որեւէ հաստատում կատարել Հոկլընտին նշանակման մասին, դիտել տալով, որ հրեայ դիւանագէտները կարծիք չեն յայտներ ամերիկեան ներքին հարցերուն մասին։
Հայ քաղաքական կարգ մը գործիչներ կ՚ըսեն, թէ Հոկլընտին նշանակումը խափանելը չէ իրենց նպատակը։ «Մենք կ՚ուզենք ուշադրութեան առարկայ դարձնել այն իրականութիւնը, որ «ցեղասպանութիւն» եզրին գործածութենէն խուսափելու ամերիկեան քաղաքականութիւնը անընդունելի է, անբարոյ եւ պատմականօրէն սխալ է», նշեց հայկական անգլիատառ «Քալիֆորնիա քուրիըր» թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեան։ «Որդեգրուած քաղաքականութիւնն է խնդրոյ առարկան եւ ոչ թէ դեսպան Հոկլընտը», բացատրեց ան։
Սասունեան նաեւ դիտել տուաւ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ ճեղքեր յառաջացնել թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ։ Միացեալ Նահանգները արդէն իսկ որդեգրած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկու օրինագիծներ՝ 1975ին եւ 1984ին, եւ ոչ մէկ հարց ծագած էր օրին, աւելցուց թերթին խմբագիրը։
Հոկլընտի թեկնածութեան նախօրեակին Ներկայացուցիչներու տան վաթսուն անդամներ նամակ մը յղեցին պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայսին՝ մանրամասն բացատրութիւն պահանջելով դեսպան Էւընզին պաշտօնէ արձակման վերաբերեալ։ Անոնք չստացան պատասխան։
Շատեր կը մատնանշեն 2005ին պատահած դէպք մը, երբ Էւընզ խօսքը ուղղելով մեծաթիւ քալիֆորնիահայերու՝ 1915ի դէպքերուն ակնարկելով ըսաւ. «Ես այսօր Հայկական Ցեղասպանութիւն պիտի կոչեմ այդ մէկը»։ Այդ յայտարարութենէն կարճ ժամանակ ետք, կ՚ըսեն դիտորդներ, Էւընզէն պահանջուեցաւ ետ քաշել իր խօսքը, ինչպէս նաեւ անոր զլացուեցաւ պատուոյ շքանշան մը, որ պիտի ստանար Արտաքին ծառայութեան ընկերակցութենէն։
Պետական քարտուղարութեան բանբերը մերժեց որեւէ հաստատում կատարել դեսպան Էւընզին պաշտօնէ արձակումին կամ Հոկլընտին նշանակման մասին՝ նշելով, որ Սպիտակ տան վերաբերող հարցեր են անոնք։ Սպիտակ տան բանբերներէն մէկը իր կարգին մերժեց որեւէ յայտարարութիւն կատարել Հոկլընտին նշանակման առկախման մասին։
«Տը Ճուիշ Տէյլի»