ՓԱՐԻԶ․- 8 Մարտէն ի վեր, Արցախը զրկուած է կազէ: Ատրպէյճան կտրած է դէպի Արցախ հասնող կազը, խափանելով կազի մայր խողովակը:
Խիստ ցուրտին, արցախցի մեր հայրենակիցները կ՛ապրին ահաւոր դժուար վիճակներ, ջեռուցում չունին եւ զրկուած են մարդկային տարրական իրաւունքէ:
Անմարդկային այս վերաբերումին պատճառով է՝ օրինակ, որ 5 տարեկան մանուկ մը մահացաւ՝ չդիմանալով ցուրտին:
Այս կացութեան վրայ կ՛աւելնան նաեւ սահմանամերձ գիւղերու վրայ եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ ամէնօրեայ կրակոցներ եւ զինուորական ոտնձգութիւններ, որոնց պատճառով Արցախի իշխանութիւնները յայտարարեցին ապահովական արտակարգ դրութիւն:
Ատրպէյճան կը շարունակէ սարսափի մթնոլորտ յառաջացնելու՝ իր ծրագրուած քաղաքականութիւնը կիրարկել, որուն միակ նպատակը Արցախը հայաթափելն է եւ ապա մեր հողերուն տիրանալը:
Ատրպէյճանի փանթուրանական այս քաղաքականութեան եւ հայատեաց այս ընթացքին դէմ իբրեւ բողոք՝ բոլորս հաւաքուինք Փարիզի ատրպէյճանական դեսպանատան առջեւ, մեզի հետ բերելով Ֆրանսայի, Արցախի եւ Հայաստանի դրօշակներ, Հինգշաբթի 14 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 6ին եւ մեր ձայնը միացնենք Արցախի եւ արցախահայութեան զօրակցող աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան: