Անկախութեան օրը տօնեցինք։
Հայկական բանակը յատուկ զօրահանդէսով, փաղանգ առ փաղանգ զինուորական խրոխտ տողանցքով, ռազմական հնարաւորութեանց հպարտ ցուցադրութեամբ ոգեպնդեց մեզ, բոլորը՝ Հանրապետութեան հրապարակը ողողող բազմութիւնը եւ վստահաբար հանրային պատկերասփիւռէն դիտող հայութիւնը թէ արտերկրի հայութիւնը։
Տօնի առթիւ կազմակերպուած երգահանդէսները, Վազգէն Սարգսեանի անուան մարզադաշտը եւ աւելի ուշ օփերայի «Ազատութեան» հրապարակը լեցնող անհամար բազմութիւնը յուզեցին մեր հոգիները։
Գիշերային բազմագոյն հրավառութիւնները բարգաւաճ հայրենիք մը ունենալու յոյսի աստղեր գծեցին երկինք նայող մեր աչքերուն։
Տօնի նախօրէին կազմակերպուած համահայկական խորհրդաժողովը, անոր հաւատաւոր ու թերահաւատ մասնակիցներով, անկիւնադարձ մը ստեղծելու անկեղծ ճիգի մը արտայայտութիւնը եղաւ՝ 15ամեայ պատանի պետութիւնը առաւել զօրացնելու ուղղութեամբ։
Տօնակատարութիւնները հետաքրքրականօրէն կազմակերպուած էին այնպիսի ձեւով, որ կը գոհացնէին թէ՛ Սփիւռքէն եկած հայորդիներու եւ թէ հայաստանցի մարդոց ակնկալութիւններն ու ճաշակը։ Իսկապէս համազգային տօնախմբութիւն էր տեղի ունեցածը։
Անկախութեան տօնակատարութիւնները հազիւ լրացած, մայրաքաղաքը կը պատրաստուի նոր տօնախմբութեան մը, այս անգամ նախագահ Շիրակի գլխաւորած ֆրանսական պետական հսկայ պատուիրակութիւն մը հիւրընկալելու առթիւ։
Յետոյ։ Յետոյ, Հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթը, դարձեալ տօն՝ մայրաքաղաքի մէջ, Երեւանի ծննդեան տարեդարձի առթիւ։
Յետոյ։ Մեր առօրեան, մեր աշխատանքները, մեր խնդիրները, մեր մտահոգութիւններն ու ցաւերը։
Տօնական օրերը չեմ գիտեր ինչ հոգեկան խռովքով ապրած 20ամեայ Միհրան Արզանեանը եկած էր Հայ կրթական հիմնարկութեան երեւանեան գրասենեակ՝ իր տարտին դարման գտնելու։ 1995էն ի վեր Լաչին, այժմ Բերձոր քաղաքի բնակիչ այս տղան Երեւան եկած է ուսանելու, ընդունուած է պետական համալսարանի ռոմանագերմանական բաժանմունք, վճարովի կարգով, այսինքն տարեկան պէտք է 1000 տոլարէն աւելի կրթաթոշակ վճարէ։ Երկուշաբթի, 25 Սեպտեմբերը, անկախութեան տօնին յաջորդող շաբթուան առաջին օրը, ան կը դիմագրաւէր 500 տոլար ճարելու կամ համալսարանէն հեռացուելու նուաստացումը:
Հայ կրթական հիմնարկութիւնը Բերձորի շրջանի բնակչութեան յայտնի է իր նորոգած դպրոցներով։ Ուրեմն, իբրեւ վերջին յոյս ան եկած էր հիմնարկութեան գրասենեակ՝ օգնութիւն խնդրելու։ Դժբախտաբար, Կրթական հիմնարկութիւնը այսպիսի պարագաներու համար նախատեսուած գումարներ չունի։ Գրասենեակի պատասխանատուն, Ստեփան Նալպանտեանը, ճարտարապետ եւ հրաշալի հայաստանագէտ այս մարդը, որ անմիջապէս կ’անձնականացնէ ուրիշի ցաւը եւ իր կարելին կ’ընէ օգնելու կարիքաւորներուն, երջանկացաւ, երբ պատահականօրէն իր մօտ մտան երեք սփիւռքահայեր։ Հարցը ներկայացուց անոնց։
Միհրանը Երկուշաբթի օր համալսարանի հաշուապահութեան փոխանցեց իր կիսամեակի վճարումը եւ գալիք տօները անխառն ուրախութեամբ դիմաւորելու հնարաւորութիւնը ապահովեց։
Միհրանի նման հազարաւոր ուսանողներ կան։ Բայց եւ այնպէս բազմաթիւ բարեգործական հիմնարկութիւններ կան, որոնք կրթաթոշակներ կը յատկացնեն կարիքաւոր ու արժանաւոր ուսանողներու։ Միհրանի բերձորցի ըլլալը միայն բաւական արժանաւոր կը դարձնէ զինք։ Միհրանի նմանները պէտք է տեղեակ ըլլան բարեգործական հիմնարկութիւններու ծրագիրներու մասին, որպէսզի կարենան օգտուիլ անոնցմէ եւ որպէսզի խնայուի իրենց անտեղի նուաստացումներ։ Ես միայն վերջերս տեղեկացայ, օրինակ, որ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի միջոցաւ, Ժիրայր Թուրբանճեան անունով հայորդի մը, որ ամերիկեան «Փըսիֆիք սէյլ» ընկերութեան սեփականատէրն էր, հարիւրաւոր ուսանողներու կրթաթոշակ յատկացուցած է։
Ուրեմն, այս եւ նման ծրագիրներ պէտք է կարենան առաւել լայն քարոզչական աշխատանք տանիլ ու հասնիլ բոլոր միհրաններուն։
Անշուշտ, կարիքաւորներուն հասնելու անհրաժեշտութիւնը չի սահմանափակուիր անձերով կամ ընտանիքներով։ Այս ծիրէն ներս, սահմանամերձ գիւղերուն ուղղուած օգնութիւնները համադրելու Համահայկական երրորդ համագումարի տրամադրութիւնը միայն կարելի է ողջունել։ Այս համագումարի ոգին հասած է արդէն Քալիֆորնիա, ու յայտնի բժիշկ ու Հայաստանի ժողովուրդին անցեալին բազմապիսի օգնութիւն ցուցաբերած հայորդի Կարօ Դերձակեանն ու իր տիկինը՝ Սիլվին, կը տեղեկացնեն, որ որոշած են օգնել Տաուշի շրջանի Սեւ Քար գիւղի դպրոցին։ Իր պատանեկան տարիներուն հերոս հայդուկ սեւքարեցի Սագոյի մասին լսած ու անոր քաջագործութիւններով ներշնչուած բժիշկը օգնութեան առաջին քայլը առած է արդէն, այդ գիւղի վարժարանի ուսուցիչներուն պարգեւավճարներ բաշխելով։ Հիմա, իր աղջկան վկայութիւնը հասած է իրեն, որ դպրոցի վիճակը բաւական խղճալի է։ Յաջորդ ծրագիրը դպրոցին օգնելն է։ Իմ առաջարկս՝ այս գործը վստահիլ այս մարզի մէջ հսկայական աւանդ ունեցող Հայ կրթական հիմնարկութեան, որու ղեկավարութեան ծանօթ է յարգելի բժիշկը։
Տօնական օրերուն յաջորդող օրերն են։ Շարունակենք աշխատիլ։
Գրեցէք ինծի.- mherapo@hotmail.com