ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 26ին բացումը կատարուեցաւ Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ համայնքներու առաջին ատեանի դատարանի շէնքին: Այն դատաիրաւական բարեփոխումներու վարկային ծրագիրի շրջանակներով կառուցուած 10րդ շէնքն է եւ կը համապատասխանէ դատարաններու անվտանգութեան եւ նախագծման միջազգային չափանիշներուն:
Շէնքը ունի հինգ յարկ. առաջին եւ երկրորդ յարկերու մէկ մասը հասարակական սպասարկման յատկացուած է, իսկ միւս մասերը եւ երրորդ յարկը ամբողջութեամբ ծառայողական են: Առաջին յարկին մէջ տեղակայուած են նաեւ ամբաստանեալներու ժամանակաւոր պահման խուցերը, որոնք կառուցուած են անվտանգութեան պահանջներուն համապատասխան:
Դատարանը նախատեսուած է ինը դատաւորի համար եւ ունի կահաւորուած հիմնական դատական նիստերու հինգ դահլիճ: