ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Լուիճի տի Մայօ հանդիպեցաւ Հայաստանի նախագահին, վարչապետին եւ Ազգային ժողովի նախագահին, տուաւ մամլոյ ասուլիս մը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ եւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Նախարարը ծաղկեպսակ զետեղեց Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշակոթողին մօտ եւ ծաղիկներ խոնարհեց անմար կրակին մօտ:
«Իտալիա կ՛աջակցի ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի ջանքերուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկխօսութեան վերաբերող», հաստատեց Լուիճի տի Մայօ՝ վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին:
Հարաւային Կովկասի իրավիճակին վերաբերող հարցերը քննարկելով՝ Նիկոլ Փաշինեան իր դիտարկումները ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ եւ ընդգծեց միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը՝ Ատրպէյճանի կատարած սադրիչ գործողութիւններուն նկատմամբ: Ան կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ծիրին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտելով Արցախի կարգավիճակի յստակացման, պահեվութեան եւ արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:

Աւելի ուշ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարը շեշտեց, որ Իտալիա տեղեակ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ հետեւանքներէն եւ խաղաղ բնակչութեան կրած տառապանքներէն: Ան վերահաստատեց իր երկրի խոր համերաշխութիւնը հակամարտութեան բազմաթիւ զոհերուն՝ ընդգծելով, որ Իտալիա պատրաստակամ է աջակցելու բնակչութեան: «Մենք դրական կը մօտենանք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բարձր մակարդակի ուղղակի կապերուն եւ վճռականօրէն պիտի աջակցինք խաղաղ, համապարփակ եւ կայուն լուծման՝ լուծում, որ կ՛երաշխաւորէ խաղաղութեան եւ կայունութեան հեռանկարը կովկասեան ամբողջ տարածաշրջանին մէջ, որ իսկապէս ռազմավարական քառուղի է ամբողջ Եւրոպայի համար», յայտարարեց նախարարը:
Միրզոյեան շեշտեց, որ միջազգային հանրութիւնը պատշաճ եւ հասցէական արձագանգ պէտք է տայ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն եւ աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն: «ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկրները արդէն իսկ յստակ եւ հասցէական արձագանգել են ԼՂում իրադրութեան վերջին սրմանը՝ փաստելով, որ այն հետեւանք է ադրբեջանական զօրքերի շարժի», յայտնեց ան:
Միրզոյեան իտալացի իր պաշտօնակիցին վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու խաղաղ բանակցութիւնները եւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու՝ իբրեւ արդիւք ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ տարուող աշխատանքին: