ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Զինուորական ծառայողներուն մասնագիտական հմտութիւնները զարգացնելու նպատակով, 4 Ապրիլին հակաօդային պաշտպանութեան N զօրամասին մէջ տեղի ունեցաւ մարտավարական զօրավարժութիւն:
Զօրավարժութեան ընթացքին անձնակազմը բացայայտեց հակաօդային պաշտպանութեան միջոցները եւ կատարեց առաջադրուած խնդիրները: Ստուգուեցաւ անձնակազմի մասնագիտական գիտելիքները, ինչպէս նաեւ մարտական հաշուարկներու գործողութիւնները՝ հակառակորդի օդային յարձակումները կանխելու, հետախուզական եւ կրակային խնդիրներու կատարման ընթացքին: