
ՏԵՂԱԿԱՆ
Ընկեր Յովսէփ Գազանճեան
Ս.Մ.
Մարտ 28ի Կիրակի առաւօտ, Ինֆլուենցայի (տենդախառն հարբուխ) համաճարակին զոհ գնաց ՀՅԴ Ֆրեզնոյի կոմիտէի ընկերներէն Յովսէփ Գազանճեան: Նոյն օրը, նոյն համաճարակին զոհ գնաց դժբախտ ընկերոջ 16 ամսուան զաւակը՝ Լեւոն Գազանճեան:
«Արարատ» գերեզմանատան մէջ, ուր ամփոփուեցաւ ընկերոջ մարմինը, ընկեր Մարտիրոս Թաշճեան Ֆրեզնոյի կոմիտէի կողմէ խօսեցաւ մի քանի յարգանքի խօսքեր:
***
Ընկեր Յովսէփ Գազանճեան, ծնած էր 1884ին, Մուշ քաղաքին մէջ: Իր կրթութիւնը ստացաւ տեղւոյն Միացեալ վարժարանը, որ աւարտեց 1902ին: Ապա անցաւ առեւտրական ասպարէզ: Առեւտրական ասպարէզով չբաւարարուեցաւ ան: Հայրենիքի ազատութեան գաղափարէն հրահրուած, մտաւ Դաշնակցութեան մէջ, մասնակցեցաւ «Կայծակ» խմբի աշխատանքներուն, եղաւ սուրհանդակ Մուշի եւ Սասունի միջեւ: 1904ի դէպքերուն՝ Վահանի նամակ տանելու առթիւ կը բռնուի թուրք պաշտօնեաներէ: Կը խուզարկեն իր խանութը, տունը, ուրկէ կը գտնեն յեղափոխական մարմնի կնիքը եւ զանազան գրութիւններ: 48 օր բանտ մնալէ յետոյ՝ դուրս կու գայ կերպով մը: Բանտէն յետոյ՝ աւելի բուռն սիրով կը նուիրուի յեղափոխական գործին, բայց մշտական հսկողութեան տակ ըլլալով, կ՛անցնի Կարին եւ անկէ Ամերիկա:
Ամերիկայի մէջ կը շարունակէ կուսակցական գործունէութիւնը:
Դարաւոր թշնամին բնաջինջ ըրաւ անոր երկրաբնակ պարագաները:
(Յապաւուած)
Ապրիլ 4, 1922, թիւ 841