Կիրակի, 20 Մարտին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ, առաջնորդարանի «Համբար Ընտանիք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճափոնի եւ Հայաստանի Բարեկամութեան» ձեռնարկը՝ նուիրուած երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30ամեակին:
Ներկայ էին մեծ թիւով դիւանագէտներ, պաշտօնատար անձեր եւ պատկառելի հիւրեր: Արեւմտեան թեմի եւ Լոս Անճելըսի մէջ Ճափոնի գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը ոչ միայն երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական ջերմ յարաբերութիւններու վկայութիւնը կը խորհրդանշէր, այլեւ մէկ դարու հասնող բարեկամութիւնը, որ խարսխուած է բացառապէս փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ:
Ներկաներուն ողջոյնի եւ բարեմաղթութեան խօսքով հանդէս եկան առաջնորդ Յովնան արք.
Տէրտէրեան, Լոս Անճելըսի մօտ Ճափոնի գլխաւոր հիւպատոս Աքիրա Մութօ եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան:
Միջոցառումը նշանաւորուեցաւ, երբ հայ եւ ճափոնցի հիւրերը տեսակապի միջոցաւ ողջունեց Հայաստանի մօտ Ճափոնի արտակարգ դեսպան Մասանորի Ֆուքուսիմա, որ զրոյցին ընթացքին խօսեցաւ ճափոնցի եւ հայ ժողովուրդներու դարաւոր յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ ապագայի համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին:
Երեկոյին ընթացքին հնչեցին հայկական եւ ճափոնական ազգային երաժշտութիւններ եւ կատարումներ ճափոնցի երաժիշտներ Կոզուէ Մացումոթոյի եւ Ռէյչել Ռուտիչի կողմէ:
Ձեռնարկին ընթացքին, բանախօսները անդրադարձան հայ եւ ճափոնցի ժողովուրդներու յարաբերութեան առնուազն հարիւր տարուան վաղեմութեան՝ նշելով, որ տակաւին 1922ին՝ Էյիչի Շիպուսաւա դարձաւ Ճափոնի մէջ Հայ Օգնութեան նորաստեղծ կեդրոնի առաջին նախագահը, որ կազմուած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնէն վերապրողներուն օգնութիւն տրամադրելու համար: Այդ նոյն օրերուն, Ճափոնի մօտ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Դիանա Աբգար օգնեց առանց պաշտօնական փաստաթղթերու Ճափոն ժամանած հայ փախստականներուն՝ տրամադրելով յատուկ կարգավիճակ եւ ապաստան: 1922ի Զմիւռնիոյ ողբերգութեան ընթացքին, ճափոնական նաւը այն քիչերէն մէկն էր, որ համարձակեցաւ մօտենալ այրող քաղաքին՝ փրկելու հարիւրաւոր հայեր եւ յոյներ: Նշուեցաւ նաեւ, թէ 1988ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն ետք հայ ժողովուրդի առաջին օգնութեան ձեռք մեկնողներէն մէկը եղաւ Ճափոն: Այսօր, Հայաստանին մէջ կը գործեն ճափոնական երկու կեդրոններ, որոնք նուիրուած են Հայաստանի մէջ ճափոներէնի կրթութեան եւ մշակոյթի խթանման։ Նաեւ, Սուրբ Էջմիածինի Մայր տաճարի վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են ճափոնցի բարձրակարգ վերականգնող ճարտարապետ-մասնագետներ եւ որուն համազգային դրամահաւաքի աշխատանքները կը ղեկավարէ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Ճափոնի մէջ կը գործէ նաեւ Հայ-Ճափոնական բարեկամութեան կեդրոնը, որ հիմնադրուած է 1984ին. անիկա կը հրատարակէ ճափոներէն երկու եռամսեայ հանդէսներ՝ «Արաքս» եւ «Արարատ» անուանումներով: Թոէիոյին մէջ կը գործէ նաեւ Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը, ինչպես նաեւ Ճափոնի Կոմիտասի անուան երաժշտական խումբը:
Ձեռնարկի վերջաւորութեան, հիւրերուն միջեւ տեղի ունեցաւ միտքերու ջերմ փոխանակում, ինչպէս նաեւ ճափոնական եւ հայկական ազգային ուտելիքներու եւ խմիչքներու հիւրասիրութիւն:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ