ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Հանգստեան կոչուիլը իւրաքանչիւր աշխատողի համար եղած է միշտ ցանկալի, բայց մէյ մը որ հոն հասնիս… «բանե՜ր, բանե՜ր, ի՜նչ բաներ», սկսեալ՝ պայուսակիդ մէջ տեղաւորուած դեղերու տուփէն՝ մինչեւ բժիշկիդ հետ ունեցած յաճախակի հանդիպումները, անոր թելադրած տեսակ-տեսակ մարմնավարժութիւնները, դիտել տուած ճիշդ ձեւով ու ժամանակին սնուելու անհրաժեշտութիւնը ու տակաւին հազար ու մէկ բաներ, որոնք կամաց-կամաց կեանքիդ մէջ նախ՝ որպէս նորութիւն մուտք կը գործեն, ապա շարունակուելով՝ անկասկած օր մը չէ օր մը քեզ այնքան կը յոգնեցնեն, որ կը սկսիս փնտռել այն օրերը, երբ այնքան առոյգ ու կայտառ անկողնէդ դուրս ցատկելով՝ երբեմն նոյնիսկ առանց նախաճաշի, մինչեւ մեծնալդ դպրոց՝ իսկ անկէ անդին՝ աշխատանքի կ՛երթայիր։
«Երնէ՜կ այդ օրերուն»։
Անցեալի յիշատակներու կարօտ, նոյնիսկ անոնցմէ ամենախոցելիին ու ահաւոր կարծուածին նկատմամբ։
Քարէն Եփփէ ճեմարանի աւարտական տարիս էր. թուականը՝ 1962։
Պետական «պաքալորիա»ի քննութիւններուն մօտաւորապէս երկու ամիս մնացած, տնօրէնութեան որոշումով աշակերտները ազատ կ՛արձակուին եւ իւրաքանչիւրս իր ընտրած ընկերոջ կամ ընկերուհիին հետ միասին, խեղճ ու կրակ հաճոյքները, որոնցմէ լաւագոյնը՝ սինեմա երթալ կամ «Նոնոշ»ին խանութին մէջ «սանտուիչ» մը ուտելն էր, մէկ կողմ դրած, կը սկսինք գալիք յաջողութեան հաշւոյն ժամեր ամբողջ առանց յոգնութիւն զգալու դաս սորվիլ։
Ընկերուհիս՝ մեր տան մօտ ապրող Լուսին Ապուլաֆեանն էր. խելացի, լուր, ամէն հարցի համար ճիշդ լուծում գտնող, աւելին՝ նեղութիւններու ու դժուարութիւններու առջեւ զանոնք մեղմացնելու իր ունեցած ատակութեամբ, գիտցաւ այդ օրերու մեր երկուքին վրայ ճնշող մթնոլորտը երբեմն իր կատակներով ու սրամտութիւններով համեմել։ Դաս սորվելու միջոցին էր, լաւ կը յիշեմ, երբ այլեւս սպառած՝ յանկարծ գլուխը վեր բարձրացնելով ըսաւ․
– Մէյ մը որ այս քննութիւնները վերջանան, գիտե՞ս ինչ պիտի ընեմ, միայն ու միայն պիտի հագուիմ, շքուիմ ու պտըտիմ։
Կարծես ըսածը լսած կամ հասկցած չըլլայի, երբ այս անգամ իրեն յատուկ հայացուցած արաբերէնով մը բարձրաձայն՝ «պիտի «ճըխխեմ», այսինքն պիտի վայլեմ, հասկցա՞ր», աւելցուց։
Չսպասուած, երկուքիս արձակած անզսպելի խնդուքը, մինչեւ այսօր տակաւին կարօտով կը յիշեմ ու պիտի յիշեմ տակաւին։
Այս ընթացքով մի քանի շաբաթ անցնելէ վերջ, չուշացաւ քննութեան օրը, որուն նախօրեակին դպրոցի բակին մէջ բոլորս հաւաքուած՝ արաբերէն լեզուի ուսուցիչ Ապուլ Քատտուսին թելադրանքներուն այնքան ուշադիր մտիկ կ՛ընէինք։ Չէ՞ որ յաջողելու համար արաբերէն լեզուի մէջ 40ի վրայ 20 միջին ապահովելը պարտադիր դարձած էր այլեւս։ Աննախընթաց մտահոգութիւն… նոյն ինքն ուսուցիչին համար․ ու այդ մէկը չիրականանալու վախէն թելադրուած՝ զիս մէկ կողմ քաշելով՝ ապսպրեց․
– Քերականական վերլուծումը անմիջապէս կ՛ընես ու թուղթը երկու կողմի վրայ լայն-լայն կը բանաս, որպէսզի ետեւիններդ օգտուին անկէ, իսկ քեզմէ առջեւ նստողներուն կը յուշես, աւելցուց։
Ըսածը շատ լաւ հասկնալով, երբ ընկերուհիներուս վերադարձայ, ամէն ինչ իրենց հաղորդեցի, բայց քննութեան սրահին մէջ եղած խիստ հսկողութեան վախէս՝ ինծի վստահուած գործը թեթեւցնելու մտահոգութեամբ՝ «Նախադասութեան մէջ միայն բառին պաշտօնը կը յուշեմ, մնացեալը դուք շատ լաւ գիտէք արդէն», երբ ըսի․
– Չէ՛, չէ՛, չէ՛, բառին վերլուծումը ամբողջութեամբ յուշէ, հաճի՛ս, ըսաւ ինձմէ ոչ այնքան հեռու կեցող ու այնքան բծախնդիր Սօսի Նաճարեանը։
Այդպէս ալ եղաւ։
Կէսօրուան մօտ էր, երբ դպրոց վերադարձանք, անհամբեր մեզի սպասող տնօրէն պրն. Տօնապետեանն ալ ուրախացնելով՝ յայտնեցինք, որ քերականական վերլուծումին համար վերապահուած նիշը բոլորս ալ ապահոված ենք արդէն, իսկ մնացածը, որուն մասին պիտի գրէինք ուսուցիչին գուշակած ու անոր վրայ մանրամասնութեամբ ծանրացած գրականութեան այն շրջանն էր, որ արաբական աշխարհէն դուրս, յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի մէջ, ծնունդ առած ու զարգացած գաղթականական գրականութիւն (էտեպ էլ հըճրի) կոչուած էր, որուն մասին գիրքին մէջ եղածը ամբողջութեամբ, կարեւոր չէր, թէ հարցումը անոր ո՞ր մասն է, աշակերտները ծայրէ ծայր գոց սորվելով՝ գրած ու իրենց յաջողութիւնը ապահոված էին արդէն։
Ընելիք ոչինչ մնացած՝ այլեւս պիտի սպասէինք արդիւնքներուն. որքան որ փայլուն աշակերտ ըլլաս կամ գրածիդ վրայ վստահիս, տակաւին անհամբեր պիտի սպասես, սպասես ու սպասես…, մինչեւ այն օրը, երբ ամբողջ Հալէպի թաղերուն մէջ «յաջողողներու եւ յաջողողուհիներ»ու անունները վանկարկելով՝ թերթի ցրուիչները մունետիկներու պէս ամբողջ քաղաքը տակն ու վրայ ընեն։
Երկուշաբթի օր մըն էր, նախազգացումը ունեցայ, որ արդիւնքները ելած են, բայց ստուգելու համար ո՛չ փողոց իջայ, ո՛չ ալ տան պատշգամէն փորձեցի դուրս նայիլ։
Դասընկերուհիս Յասմիկ Սերոբեանը, զիս զարմացնելու չափ առաջին անգամուան համար քովս եկած էր, երբ իրեն հարցուցի «արդիւնքները ելած՞ են», ոչինչ պատասխանեց. շատ անտրամադիր էր, այնքան որքան չհամարձակեցայ իրեն ըսել, որ երէկ գիշեր երազիս մէջ քեզ տեսայ, իսկ այսօր քովս ես. լուռ մեկնեցաւ, զիս առանձին ձգելով երազիս շարունակութեան հետ, ուր լուսաւոր վերտառութեամբ մը աչքիս երեւցած էր եգիպտացի յայտնի գրող ու քննադատ Թահ Հուսէյնի մէկ խօսքը, որ որպէս վկայութիւն քննութեանս թուղթին վերջաւորութեան գրած էի։ Այս ի՜նչ երազ… ինչպէ՞ս մեկնաբանել զայն… երազներու չեմ հաւատար, երազահան չփնտռեցի, փոխարէնը՝ այնքան ամուր զարնուած տան դուռը բանալով․
– Մատլէ՛ն, արդիւնքները ելած են, բայց քու անունդ չկայ, ըսող «բախտաբեր» մը ներս առի. «երազս՞ էր, որ իրականացաւ…», ըսի ես ինծի ու վայրկեանի մը համար գլխէն զարնուածի մը պէս, բայց նեղութիւնս ինծի պահելով՝ «Այսօր չկայ, բայց վաղը անպայման կ՛ըլլայ», ինչպէս՞ պատասխանեցի, ես ալ չեմ գիտեր։
Խօսելիք ոչինչ ունենալով, երկար չմնաց եւ պարտականութիւնը վերջացնողի մը պէս՝ ձգեց գնաց, կարծես միայն ու միայն այդ լուրը տալու համար եկած ըլլար, իսկ ես սենեակս անցնելով՝ օրեր ամբողջ անկողնիս մէջ քիթիս բերնիս վրայ պառկած՝ «ինչո՞ւ»ներու եւ «ինչպէ՞ս»ներու շարքով մը կարծեցի, թէ ամէն ինչ կանգ առաւ, արեւածագի շողերէն սկսեալ՝ մինչեւ թաղերուն մէջ կաթ ծախելու համար իրենց այծերը կթող ու տան դռները զարնող կաթնավաճառները։ Բայց ամէն ինչ նոյնն էր, փոխուողը միայն ես էի։
Այո՛, ձախողած էի, բայց ինձմէ աւելի ուսուցիչս անակնկալի եկած՝ «եղածը անկարելի է», ըսաւ ու պայուսակը շալկած՝ կրթութեան նախարարութեան բոլոր գրասենեակները տակն ու վրայ ընելով՝ բացայայտեց, որ որպէս գնահատանքի թուղթերուս վրայ հետեւեալը՝ 14 + 15 = 19 գրուած էր։
Գումարումի սխալ, որուն գինը շատ սուղ վճարեցի։
Ճիշդ է, որ այդ օրերուն ամէն մարդ զիս աւելիով ճանչցաւ, բայց ըսէ՛ք, որո՞ւ է պէտք ձախողութեան վրայ հիմնուած հռչակը… հապա՞ որ այդ մէկը ուրիշի մը պատահած ըլլար, կը մտածեմ. այն ինչ, որ յաջողած ընկերուհիներէս Սրբուհի Սարաֆեանը ըսաւ, յատկապէս ինծի պատահէր, եւ աւելցուց. «Ամբողջ տարուան ընթացքին «յաջորդ տարի ալ տեղդ հոս կրնայ ըլլալ Սարաֆեա՛ն» ըսող Ուսուցիչը կը կարծե՞ս, որ քեզի ըրածը ինծի ալ պիտի ընէր…»
– Ինքը չէ,բայց քեզի համար ալ անկասկա՛ծ թուաբանութեան ուսուցիչը նոյնը կ՛ընէր, պատասխանեցի։
Շաբաթուան մը համար յայտարարուած ձախողութիւն, որմէ ետք յաջողութեանս փաստաթուղթը առի. քննութիւններու պատմութեան մէջ ահաւոր, իսկ յիշողութեանս մէջ անջնջելի դէպք… ինծի պէս արդեօ՞ք քանի՜- քանի՜ ձախողածներ յաջողած պէտք է ըլլային, կը մտածեմ, որոնցմէ մէկը Յակոբ եղբայրս էր, որուն արաբերէն լեզուի թուղթին երկրորդ երեսը չսրբագրուած՝ նոյնիսկ սխալը բացայայտուելէ վերջ, տակաւին զինք ձախողած յայտարարելով՝ ուսումնական տարի կորսնցուց։
Ինչպէ՞ս բացատրել այս ամէնը, պատասխանատու պաշտօնէութեան մը անպատասխանատուութիւն՞… թէ ճակատագիր… չեմ գիտեր, բայց շատ լաւ գիտեմ, որ այդ օրուան մէջս ստեղծած ցնցումս ու նեղութիւնս զիս զօրացուցած՝ մինչեւ հանգստեան կոչուիլս, կուրծքիս թէ մէջքիս, պատահական թէ դիտումնաւոր ուղղուած բոլոր նետերը իրարու զարնուելով՝ ինծի չհասած, զիրար կոտրտեցին…։