(Խոսրով Ասոյեանի Յիշատակին)
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Վահան Թէքէեան, իր «Բարձրացում» բանաստեղծութեան մէջ, ունի մօտաւորապէս հետեւեալ տողերը. բարեկամները (աւելցնենք՝ գաղափարակից ընկերները) անոնք են, որոնք միասնաբար կը մտածեն կարելի ու անկարելի բաներու մասին, սակայն այս աղուոր գիւտէն անդին չ՛անցնիր, հարց տալու՝ թէ մարդս ի՞նչ կացութեան, հոգեվիճակի կը մատնուի, երբ տասնամեակներ շարունակ ունի այս արժանիքը լիացնող ընկեր մը, Խոսրով Ասոյեան անունով, եւ օր մըն ալ յանկարծ կը կորսնցնէ զայն, չի կրնար պատասխան գտնել այն հարցումին, թէ ի՞նչ է ստեղծուած կացութիւնը ընդուելու, կուլ տալու ձեւը, ինչպէ՞ս կարելի է դուրս գալ անկարելիին սպասումէն, համակերպիլ այն «գաղափարին», որ անոր հետ հանդիպելու կամ հեռաձայնով զրուցելու առիթ պիտի չունենաս:
Սպասումը եւ անպատասխան ակնկալութիւնը վստահաբար մեղանչում չեն, սակայն վստահ չեմ, թէ արդեօք մեղանչո՞ւմ է այն, որ երբ վերջին հրաժեշտի համար եկեղեցի գացած ես եւ կը հետեւիս յուղարկաւորութեան արարողութեան, յանկարծ յիշատակներդ՝ որոնք վերջին շաբաթներուն մէկ-մէկ վերականգնած են մտապատկերիդ մէջ, յանկարծ յորձանուտի վերածուին եւ կլանեն ամբողջ ուշադրութիւնդ, քեզ անջատելով շրջապատէդ: Յուշեր եւ յիշատակելի դրուագներ, պատկերներ՝ որոնք կը տարածուին աւելի քան կէս դարու վրայ (ինչպէ՜ս ալ արագ սահեր-գացեր են տարիները): Եթէ փորձեմ այդ բոլորը վերարտադրել այստեղ, հաւանաբար բազմաթիւ էջերով հատորիկ մը պիտի կազմուի, հետեւաբար, պէտք է կատարեմ ընտրութիւն, յանձն առնեմ ուրիշ տեսակի մեղանչում մը՝ զանց առնել այնպիսի բաժիններ, որոնք կ՛իյնան զուտ անձնականի կալուածին մէջ, կամ՝ բաներ, որոնք հեռացած ընկերս պիտի չուզէր լոյս աշխարհին յանձնել, ըստ խորհրդապահութիւն պահելու իր բնաւորութեան:
***
Աւազանի անունով՝ Խոսրով Ասլանեան, իբրեւ բանաստեղծ՝ Խոսրով Ասոյեան: Չէ՛. կրօնաւոր չէր, ո՛չ ալ Ասոյեանը սոսկական գրչանուն մըն էր (բայց այդ մասին չաճապարեմ): Մեր ծանօթութեան «կնքահայրը» ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնն էր, որուն երբ միացայ աւելի քան 50 տարի առաջ, շատերու պէս արդէն հոն էր Խոսրովը: Շատերու հետ մտերմութիւնը աւելի հեզասահ գնաց, մինչդեռ Խոսրովը անոնցմէ էր, որոնց հետ հեռաւորութիւնը մնաց որոշ ատեն: Ժողովներէն առաջ, սովորութիւն դարձուցած էինք զուարճալիքներ պատմել իրարու, սակայն ան չէր մասնակցեր այդ «նախաժողովներուն». ունէր լուրջ դիմագիծ, որ երբեմն «պաշտպանուած» կ՛ըլլար բաւական մութ գոյնով ակնոցներով: Ժողովներու պահուն ալ ընդհանրապէս լռակեաց էր, մինչդեռ կային քանի մը «մենակատար»ներ, որոնք երբեմն վէճերով փոթորիկ կը ստեղծէին:
Որոշ ատեն ետք, վարչութիւնը նորագիրներս նշանակեց տարբեր յանձնախումբերու, խմբակներու մէջ: Ես բաժին ինկայ մամուլի խմբակին, որուն գլխաւոր պարտականութիւնն էր աշխատակցիլ «Ազդակ»ի «Զաւարեանական էջ»ին: Օհօ՜, մեր թեւերուն տակ ինչպիսի՜ հովեր լեցուեցան: Աշխատակցիլ «Ազդակ»ի՜ն: Խորքին մէջ, աշխատանքին ծանրութեան բաժինը կ՛իյնար աւելի փորձառու եւ արդէն գրիչ շարժելու վարժ, որոշ թրծում ապրած ընկերներու ուսերուն: Խոսրովն ալ մաս կը կազմէր այդ խմբակին եւ հոն էր որ իմացանք, թէ ան… բանաստեղծ էր, անոր բխումները սկսած էին տարածուիլ գրական թերթերու էջերուն:
Մինչեւ Խոսրովի այդ արժանիքին ծանօթացումս, մեզի՝ թերխաշներուս համար բանաստեղծը գիրքերու էջերէն ժպիտով կամ խոհուն դէմքերով ընթերցողին նայող նկարն էր, կամ ալ… կատակի նիւթ դառնալու թեկնածու մը. բանաստեղծ կը համարուէր ան, որ քիչ մը կտրուած է իրական աշխարհէն, «ոտքերը գետինը չեն», տարուած է զգացականութեամբ եւ այլուրային ոլորտներու մէջ կը տուայտի: Որքան յառաջացաւ Խոսրովին հետ ծանօթացումս, ա՛յնքան աւելի հիմնաւորուեցաւ հակադիր մտածումը, թէ՝ բանաստեղծը յիշեալ՝ «դասական» հասկացութեան համապատասխանող անձը չէ անպայման (թէեւ ոմանք լաւապէս արդարացուցած են յիշեալ սահմանումները), այլ մէկը՝ որ կանգնած է կողքիդ, քեզի պէս միս-ոսկորով երիտասարդ է, ունի քեզի նման զգացումներ, գերին չէ զգացումներուն, անհաղորդ չէ զգացական աշխարհին, սակայն իր մէջ գերակշռող է տրամաբանութիւնը, խոհականը, որ զինք կրնայ հասցնել փիլիսոփայելու ոլորտ: Կը մտածէ քեզի եւ ուրիշներու պէս, սակայն քեզմէ հիմնական տարբերութիւններ ալ ունի. ան ի վերուստ օժտուած է այն կարողութեամբ, որ զգացածը, մտածածը եւ ապրածը հարազատօրէն կ՛արտացոլացնէ թուղթին վրայ, կը վերարտադրէ գիրով, բառերով, տողերով ու պատկերներով, որոնք դուն երբեք պիտի չկարենաս ընել, չունիս այդ «խմորը»: Խոսրովը կանուխէն իր տեղը ամրագրած է դասուն մէջ այն բանաստեղծներուն, որոնց արտայայտուելու իւրայատուկ ձեւ(եր)ը կ՛անցնին ընթացիկ գրութեան մը ոճային եւ գրելաձեւի սահմաններէն շա՜տ անդին, զինք ալ կը վերածեն ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏի ու ԲԱՆ-Ա-ՍՏԵՂԾի, այսինքն՝ իւրայատուկ խօսք ստեղծողի, կը դասեն տարբեր հորիզոններ գծողներու փաղանգին մէջ: Նման գրողներու եւ բանաստեղծներու ալ կը պատշաճի Սայաթ Նովայի մէկ տողը. «Իմ գիրն ուրիշ գրէն է…»
***
Եւ պատահեցաւ, որ 1971ի Ապրիլ 24ին, «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը, երէց ու պատասխանատու սերունդի քաջալերանքով, նախաձեռնեց մեր նորագոյն պատմութեան առաջին հրապարակային ցնցող ձեռնարկը՝ Պիքֆայայէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք քայլարշաւը, այսինքն՝ մարդկային կամուրջ մը ստեղծել (այդ օրերուն նորակերտ) Պիքֆայայի յուշակոթողին, եւ Մայրավանքի շրջափակին մէջ տասնամեակներ առաջ կանգնած՝ Նահատակաց մատուռին միջեւ: Սա հայութեան բողոքի ու պահանջատիրական ձայնը քանի մը «տեսիպէլ» աւելի՛ ուժեղ պիտի հնչեցնէր՝ Ցեղասպանութեան 50ամեակին առիթով, Պէյրութի մարզաւանի պատերէն ներս հնչած համահայկական ձայնէն:
Կանուխ առաւօտուն, փոխադրակառքերով հասանք Պիքֆայա: Երկրորդ փոխադրակառքէն մը վար իջնողներուն շարքին էր Խոսրովը: Առաջին ակնարկով իսկ, զգացուց, որ բոլորովին տարբեր Խոսրովի մը դիմաց կը կանգնէի այդ օրը: Փոխադրակառքի սանդխամատէն վար ցատկողը՝ բոցավառ աչքերով, հայութեան ու մասնաւորաբար երիտասարդութեան զայրոյթն ու քաղաքական կամքը դէմքին խտացուցած Խոսրով մըն էր, կիտուած յօնքերով, պրկուած շրթունքով: Մեզի տրամադրուած՝ բռունցքի պատկեր կրող կարմիր ժապաւէնները փոխադարձ օգնութեամբ ամրացուցինք մեր բազուկներուն եւ անցանք մեր պարտականութեան:
Քանի մը ժամ ետք, Խոսրովին դարձեալ հանդիպեցայ Մայրավանքի շրջափակին մէջ, երբ աւարտած էինք մեր պարտականութիւնը: Ցասումի, զայրոյթի եւ հատուցում պահանջողի նոյն պատկերը գամուած կը մնար դէմքին վրայ, զանոնք լարուած կը պահէր յոգնութեան նշոյլն իսկ ցոյց չտուող էութեան մէջ, մինչդեռ շատերս հեւասպառ էինք…
***
Նոյն շրջանին էր որ օր մը, մեր ժողովներէն մէկուն սկզբնաւորութեան, երբ յանձնախումբի անդամներս տաք զրոյցի բռնուած էինք, Խոսրովը ժողովատեղի հասաւ ձեռքին ունենալով փաթեթ մը: Բացաւ մեղմ ժպիտ եւ անչափելի գոհունակութիւն բուրող նայուածքով մը մեզի բաժնեց իր առաջին հատորէն՝ «Կէտեր»էն օրինակներ: Հատորով մը հրապարակ գալը տարբեր կշիռ մը կու տար գրողին, կը վաւերագրէր, կ՛ամրագրէր ԲԱՆԱՍՏԵՂԾը:
Սերնդակից ընկերներու քաջալերանքով, անդամակցած էի նաեւ Համազգայինի Պուրճ Համմուտի մասնաճիւղին: Չզարմացայ, երբ Խոսրովը գտայ նաեւ հոն: Բնական միջավայրն մըն էր իրեն համար. բանաստեղծ-գրող «ձուկ»ը մշակութային հոգեհարազատ «աւազան»ին մէջ էր: Հոն էր որ, երեխայրիքէն մօտաւորապէս երկու տարի ետք, դասախօսական ձեռնարկի մը սկզբնաւորութեան, Խոսրովը դարձեալ փաթեթով մը մօտեցաւ ընկերներու եւ տրցակ-տրցակ յանձնեց իր երկրորդ հատորէն օրինակներ: Լոյս տեսած էր «Արեւագալ»ը (այս սիւնակները տեղը չեն մտնելու անոր հատորներուն եւ բանաստեղծական գործերուն էջերուն մէջ):
Մշակոյթի մարդիկ, Պէյրութէն մինչեւ Հայաստան, ողջոյնի արտայայտութիւններով արձագանգեցին նորածինին աշխարհ մուտքին: Գրականութեան աշխարհին մեծ դուռը բացուած էր անոր առջեւ, ու ան քալեց դէպի նոր հորիզոններ:
***
Ուսուցիչ էր, ուսուցչական դաշտ մտայ նաեւ ես: Տարբեր աշխարհներու մէջ էինք. ինք՝ ազգային վարժարանի մէջ դասատու, ես՝ աւետարանական վարժարանի մը: Տարբեր աշխարհներուն միջեւ կային բազմաթիւ հասարակաց գիծեր, բաւարարութիւն տուող կացութիւններու կողքին, կային նաեւ տագնապ առթող վիճակներ: Հայերէնով աւանդուող նիւթերուն նկատմամբ դանդաղօրէն աճող անտարբերութիւնը, Հայ Դպրոցին դիմագրաւած դժուարութիւնները, դասագիրքերու հնացումը, ուսուցչական ասպարէզին երկնակամարին լոյսի նուազումը եւ այլն մեր զրոյցներուն, մտահոգութեանց եւ մտասեւեռումներուն առանցքներն էին. «մեր» ըսելով՝ ի մտի ունիմ հասակակից ուսուցիչներ, որոնք կրթական տարբեր օճախներէ նոյն տագնապը կը հաւաքագրէին հասարակաց աւազանին մէջ (այսօր, երբ ետ կը նայիմ, անոնք մինչեւ իսկ երանելի՜ օրեր կրնամ որակել. ու Խոսրովին հետ այս խորացող «մղձաւանջը», մինչեւ իր մեկնումը կանխող շաբաթներուն ալ, մնաց մտատանջութեան նիւթ):
Երանութեամբ եւ բաւարարութեամբ կը յիշէր, թէ այդ օրերուն, դպրոցին մէջ դրական փոթորիկ մը ստեղծած էր, աշակերտները մղելով հրատարակելու պատի թերթ մը եւ այդ ճամբով անոնց միջեւ մրցակցութիւն ստեղծելով հայութեան մասին (պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, մշակոյթ եւ այլն) արտադասագրքային նիւթեր գտնելու համար: Դպրոցին տնօրէնին գնահատանքը մարմնաւորուած էր՝ մրցանակաւորներուն գիրքեր նուիրելով…
***
Պայթեցաւ Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»ը, որ, ինչպէս յստակ է մինչեւ այսօր, ներքին տագնապ մը արտայայտելէ շատ աւելին էր. փաստօրէն, Լիբանան դարձած էր արտաքին մահասփիւռ-մաշեցնող խաղերու մէկ «պանդոկ»ը:
Բոլոր շրջաններուն եւ համայնքներուն շարքին, հայութիւնն ալ իր բաժինը ըմպեց դառն բաժակէն: Մինչեւ այսօր ալ, նորանոր եւ շատ աւելի դառն բաժակներ կը հրամցուին լիբանանցիներուն եւ… ըմպողները կը մնան նոյնը՝ բոլոր համայնքներու զաւակները, զանգուածները, որոնք հեռու ինկած են «մենաշնորհեալներու» դասէն:
Կարճ ատեն ետք, աշխատանքի կոչուեցայ «Ազդակ»ի խմբագրական կազմին մէջ: Պէտք էր անցնիլ «արեւմտեան Պէյրութ», ուր կը գտնուէր խմբագրատունը, հոն կար նաեւ ստուարաթիւ հայութիւն, բոլորուած՝ «Արա Երեւանեան» նորահաստատ կեդրոնին (փոխարինած էր Ս. Նշանին ետին գտնուող հին-պատմական ակումբը), Ճեմարանի, ՀՄԸՄի, ՀԲԸՄի ակումբներուն, Ս. Նշան եկեղեցւոյ, Հայ Աւետ. եւ Հայկազեան քոլէճներուն շուրջը, տարածուելով մինչեւ Պասթայի սահմանները, Համրա եւ աւելի անդին:
Խոսրովը հոն ալ հասած էր կանուխէն: Քանի մը տարի առաջ, «Բագին»ին իր աշխատակցութիւնը չէր որ զինք հոն տարած էր: Պահը գրիչ չէր հարկադրեր, այլ՝ լծուիլ հայկական կառոյցներու պաշտպանութեան՝ քիչ մը անկարելի եւ ստուգապէս վտանգալից առաքելութեան մը: Հայկական կեդրոնները կը գտնուէին ճակատումներու տաք գօտիներուն կամ անոնց անմիջական դրացնութեան մէջ: Խոսրովը այն ընտրեալ նուիրեալներէն էր, որոնք պէտք էր պահ մը հեռանային պուրճ համմուտեան՝ «արեւելեան» գօտիի հայահոծ շրջաններէն եւ իրենց պարտականութիւնը իրականացնէին այլուր: Տարիներ ետք էր, որ Խոսրովը, իրեն յատուկ խորհրդապահութեամբ եւ համեստութեամբ պիտի պատմէր, թէ որոշ օրեր, ինչպիսի՜ վտանգներ դիմագրաւած են ինք ու խմբակից տղաք, իրենց «արեւմտեան» առաքելութեան օրերուն: Իսկ այդ դառն փորձառութիւնները պարզապէս նախերգանքն էին այն երկարապատում ու վտանգալի դրուագներուն, որոնք իրեն համար տարիներ եւս պիտի շարունակուէին «արեւելք»ի մէջ, մինչեւ երկրէն իր հարկադիր հեռացումը:
***
Պէյրութի մէջ Խոսրովին հետ վերջին հանդիպումներէս ամէնէն տպաւորիչը եղաւ այն օրը, երբ զինք տեսայ, իր քիչ մը թանգարանային «Օփէլ»ով, «Արա Երեւանեան» կեդրոնին մօտ: Յաճախ «Բագին»ի խմբագրատունը կու գար աշխատանքի համար, երբեմն առիթ կ՛ըլլար հանդիպելու, զրուցելու, կատակ մը փոխանակելու, սակայն այդ օրը տարբեր բան մը կար ինքնաշարժին մէջ: Համեմատաբար խաղաղ, անհրթիռ եւ հրազէններու ճարճատիւնէ զերծ օր մըն էր. հետն էին տիկինը՝ Ռիթան եւ… նորածին մանչուկը: Խոսրովին դէմքէն տարբեր ճառագայթում մը կը ցոլար. առջինեկը՝ Տիգրանը հանգիստ քնացած էր Ռիթային գիրկին մէջ:
***
Կարճ ատեն ետք, Խոսրովը հարկադրուեցաւ ընտանիքը առնել եւ հեռանալ Պէյրութէն, իմացանք, որ գացեր-հաստատուեր է Լոս Անճելըս: Պատերազմական վիճակը ո՛չ մէկ ձեւով կը նպաստէր աշխարհագրական նորաստեղծ հեռաւորութիւնը ձեւով մը կամրջելու:
Ու տարիները սահեցան, շատ մը բարեկամներու, ընկերներու եւ հարազատներու ցանկին վրայ մնաց նաեւ Խոսրովին անունը:
***
1993ի ամառը, դաշնակցական մամուլի խմբագիրներն ու աշխատակիցները Հայաստան հրաւիրուած էին խորհրդաժողովի մը համար, վերակնախացումէն ետք առաջինը՝ մայր հայրենիքի հողին վրայ: Ժողովը տեւեց աւելի քան շաբաթ մը: Ա՛յն օրերն էին, երբ Արցախի ազատագրական ճակատումները կը գտնուէին ամէնէն տաք փուլերուն, Արցախի մեծ մասը ազատագրուած էր, Աղտամը գլխաւոր կիզակէտն էր…: ՄԱԿը, ազերիական «փոկրոմ»ներն ու այլ թշնամանքները մոռցած՝ մեծ ախորժակով որոշումներ կը բանաձեւէր ի վնաս Հայաստանի, խոր մտահոգութիւն տարածելով հայաշխարհին մէջ (բայց… չշեղիմ ճամբէս):
Խորհրդաժողով աւարտէն ետք, մտածում գոյացաւ, որ խմբագիրներս ու մամուլի աշխատակիցներս խմբովին այցելենք Արցախ: Լաչինի անցքը բացուած էր աւելի քան ամիս մը առաջ, իսկ երբ Շուշի ու Ստեփանակերտ հասանք, հեռուէն կը լսուէին ռմբակոծումի ձայները (Լիբանանէն հասնողներուս համար ո՛չ-անհարազատ աղմուկ, սակայն այլ երկիրներէ եկողներու համար…):
Մեր ուղեւորութիւնը տեւեց երկու օր: Երբ Երեւան վերադարձանք, յաջորդ առաւօտուն ուղղուեցանք «Երկիր» օրաթերթի խմբագրատունը, որ կը գտնուէր Օփերայէն դէպի կեդրոնական հրապարակ տանող ճամբու մը վրայ, հին շէնքի մը մէջ (այդ թաղամասը պատմութեան անցաւ շինարարութեան խուժումին պատճառով): Մուտքի աստիճաններուն վրայ եւ շուրջը, քանի մը տասնեակ ընթերցողներ հաւաքուած էին օրուան թերթը կարդալու: Աստիճանին վրայ նստողներէն մէկը, ինչպէս կ՛երեւէր հեռուէն, աղ-պղպեղ գլուխով եւ մօրուսաւոր անձ մըն էր, որ գլուխը կոխած էր թերթին մէջ: Յանկարծ լսեցի. «Ահա՛ Սարգիս Մահսէրէճեանը (եւ ընկերակիցներուս անունները) կու գան մեր թերթին խմբագրատունը»: Չորս դիս նայեցայ, ընկերակիցներէս զատ ծանօթ մէկը չկար, իսկ նման արտայայտութիւն, բնականաբար, ընկերակիցներէս պիտի չգար: Նախադասութիւնը կրկնուեցաւ տարբերակով մը, թերթին վրայ կախուած գլուխը դանդաղօրէն բարձրացաւ եւ… Խոսրովին փայլուն աչքերը մեզ ողջունեցին չարաճճի ժպիտով մը: Ողջագուրումի «արարողութենէն» ետք, հարցուցի. «Երբէ՞ն ի վեր հոս ես… ի՞նչ կ՛ընես» (կը մտածէի, որ իբրեւ մամուլի աշխատակից կրնար հոն ըլլալ, սակայն խորհրդաժողովին չէր եկած): Պատասխանը լակոնական էր. «Պտոյտի եկած եմ…»: Թաքուն ժպիտը մնաց պահուըտած: Երկար ատեն չտեսած ընկեր մը վերագտած ըլլալու ուրախութիւնը բթացուցած էր մտածելու ունակութիւնս, անմիջապէս չկրցայ ես ինծի հարց տալ, թէ պատերազմի եւ տագնապի այս օրերուն (ջուր-ելեկտրականութիւն-պենզին-հաց-կենսանիւթեր դժուար գտանելի էին), պտոյտի գալու այս ի՞նչ ախորժակ…:
Յաջորդ օրը, երբ դարձեալ հանդիպելու առիթ ունեցանք, խորհրդաւոր ժպիտով մը բաւականացաւ փարատել մութը, սակայն մնաց նոյնքան լակոնական. «Արցա՛խ եկած եմ, կանչած են… գործ կայ ընելիք…»:
Երկու օր ետք իմացանք, որ Խոսրովն ու այլ ընկերներ Արցախ վերադարձեր են՝ իրենց սկսած գործը շարունակելու…: Քանի մը օր ետք, մամուլի աշխատակիցներս ալ վերադարձանք մեր երկիրները, անսպասելիօրէն վերստեղծուած կապը դարձեալ խզուեցաւ: Իսկ այդ ԳՈՐԾին մանրամասնութիւնները տարիներ ետք սփռուեցան Խոսրովի իրերայաջորդ հատորներուն մէջ, սկսելով «Մենք Ենք Մեր Սարերը» գիրքէն: Այդ գիրքերը եղան հայելին իր փորձառութեանց, դառնութեանց, ցաւին եւ, անշուշտ, ապրած հպարտանքներուն:
***
Տարիներ ետք, Ս. Վրացեանի բառերով՝ կեանքի ուղիները զիս ալ օր մը նետեցին Լոս Անճելըս, վերամիացայ եղբօրս, վերագտայ բազմաթիւ ընկերներ, ծանօթներ եւ հարազատներ, առանց թօթափելու Պէյրութէն հեռացած ըլլալու դառնութիւններս…
Եւ եղաւ այնպէս, որ Խոսրովին բնակարանը գտնուէր եղբօրս գրատան մօտ: Դարձեալ վերագտանք զիրար, հանդիպումները վերածուեցան շաբաթական-երկշաբաթեայ զրոյցներու: Այլ ընկերներ ու բարեկամներ ալ ունէին նոյն ժամադրավայրը: «Օրուան հարցեր»ն էին մեզ ներգրաւողը:
Մեր առաջին հանդիպումներէն մէկուն էր, եւ իբրեւ պատասխան այն հարցումիս՝ թէ գրիչը ի՞նչ վիճակի մէջ է, սեղանին դրաւ իր «Վեր-ա-դարձ» հատորէն օրինակ մը: Ծներ էր «Արեւագալ»էն երկու տասնամեակ ետք, եւ ահա, անկէ ետք ալ եօթը-ութ տարիներ սահեր էին: «Է՞… հիմա՞» հարցումիս՝ պատասխանեց գաղտնասէրի իր խորհրդաւոր ժպիտով:
Ժամանակ անցաւ: Շաբաթ կէսօրէ ետք մըն էր. Խոսրովին ինքնաշարժը բարձրացայ, միասին չեմ յիշեր թէ ո՛ւր երթալու: Հազիւ թէ երկու-երեք վայրկեան վարած էր ինքնաշարժը, երբ շապիկին գրպանէն հանեց ծալլուած թուղթերու տրցակ մը, բացաւ, դրաւ ղեկին վրայ եւ սկսաւ տողերուն առթած ոգեւորութեամբ եւ յուզումով կարդալ. «Պէտք է հաւաքեմ վէրքերս, որ իմս չեն այլեւս ու երթամ, պէտք է հաւաքեմ յուշերս, որ իմս չեն այլեւս ու երթամ, պէտք է հաւաքեմ երգերս… Պէտք է հաւաքեմ թուղթերս…»: Եւ այսպէ՛ս՝ «հաւաքելու արարողութիւն»ը շարունակուեցաւ՝ ընդգրկելով օրերը, գիրքերը, խոհերը…: Կը կարդար ու կը շարունակէր ինքնաշարժը վարել: Ես, շշմած, մտիկ կ՛ընէի: «Կողմը առ եւ կեցի՛ր», ըսի: Ականջ չտուաւ ու շարունակեց թերթ առ թերթ վարել ինքնաշարժը: Քանի մը վայրկեան տեւած ընթերցումէն ետք, գրածը՝ 10-12 ձեռագիր էջ, սպառած էր: Խորհրդաւոր ու հարցական ժպիտով քովընտի նայեցաւ ինծի: «Ինչ որ կարդացիր՝ սառցակոյտի մը երեւցող բեկորն է», հաղորդեցի տպաւորութիւնս եւ ցանկութիւն յայտնեցի, որ գրիչը դարձեալ երկարատեւ արձակուրդի չմատնէ, այլ գրաւոր արարչութիւնը շարունակէ: Վստահաբար իմ խրախուսանքիս պէտք չունէր, որովհետեւ ներսիդիէն ժայթքող հրաբուխը, պահ մը արգելափակուած աղբիւրը սկսած էր հոսիլ:
…Եւ հոսքը շարունակուեցաւ անընդհատ: Եթէ չհանդիպէինք, ընթերցումը պիտի կատարէր հեռաձայնին մէջէն, մինչեւ որ ի վերջոյ ամբողջացաւ եւ ծնաւ «Մենք Ենք…»ը: Բարեբախտաբար մշտահոս աղբիւրը շարունակեց հրաբխիլ տարուէ տարի, իրարու յաջորդեցին միւս հատորները: Այդ բոլորը կատարուեցան իր առօրեայ, սպառիչ եւ յոգնեցուցիչ, բառին ամէնէն դառն իմաստով՝ սպառող աշխատանքին զուգահեռ: Երբ հեռաձայնը հնչէր, ա՛լ վարժուած էի (եւ ակնդէտ կը սպասէի), որ ընթացիկ խօսակցութենէն ետք՝ ըսէր. «Մտի՛կ ըրէ, բան մը պիտի կարդամ», ու քանի մը տող, քանի մը էջ կարդար, պատառիկներ՝ որոնք բխած էին նոյն օրը կամ վերջին քանի մը օրերուն: Յետոյ, զանոնք պիտի կոփէր, վերադասաւորէր, պատառիկները իրարու պիտի զօդէր եւ ահա նոր հատոր մը լոյս աշխարհ պիտի բերէր: Կասկած չունիմ, որ գրածներուն վայելքը ունեցողներուն միակը չէի, սակայն շուտով սորվեցայ, թէ Խոսրով Ասոյեան բանաստեղծը ինչպէ՛ս կ՛արարէ:
***
Քանի մը բառ՝ Ասոյեան գրչանունին «գիւտ»ին մասին:
Կանուխ երիտասարդութեան օրերէն, ընտանեկան հարազատներէ եւ համաքաղաքացիներէ (ծնողները մալաթիացի էին) իմացած է, որ գերդաստանը բնիկ մալաթիացի չեն եղած, այլ՝ եկուոր: Պրպտումները զինք հասցուցած են որոշ ծալքերու բացման. իմացած է, որ գերդաստանին արմատները կ՛երկարին մինչեւ Սասուն, ուր ապրած է Ասօ Խաչոն՝ իր նախապապը: Յաւելեալ յստակացումի համար պէտք եղած է, որ օր մը, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ, քթին տակէն քրտերէն երգ մը մռլտայ եւ գրաւէ «նահապետ»ին՝ Կարօ Սասունիի ուշադրութիւնը: Վերջինը իր սենեակը հրաւիրած է երիտասարդ Խոսրովը, հարց ու փորձով իմացած է, թէ Գամիշլիէն եկած այս տղան քրտերէն գիտէ, հարցուցած է թէ արդեօք որո՞նք եղած են իր պապերը: Խոսրովը որոշ բացատրութիւն տուած է, հասնելով մինչեւ Ասօ Խաչոյենց տունը: Կ. Սասունիի ուշադրութիւնը գրգիռ ստացած է, բացատրած է, որ այդ ընտանիքին անունն ու անցեալը որոշ չափով ծանօթ են իրեն, թէ՝ Ասօ Խաչոն զաւակներէն է Սասունի այն գիւղերուն, որոնց բնակիչներուն մականունները եան-ով չեն վերջանար: Ահա թէ ուրկէ ծնած է «Ասոյեան» գրչանունը, որ խորքին մէջ զինք արմատներուն կապող կամուրջ մը…
***
Համաճարակին տարածումէն առաջ, Խոսրովին հետ հանդիպումները, երբեմն երկար ընդմիջումներով (առօրեայի հեւքին բերումով) կ՛ըլլային դէմ առ դէմ, երբեմն միայն հեռաձայնով: Համաճարակը պատճառ դարձաւ, որ կապի միակ միջոցը դառնայ հեռաձայնը: Անցեալ տարիներէն մնաց եւ զարգացում ապրեցաւ սովորութիւն մը, որ շուտով վերածուեցաւ առօրեայի, որովհետեւ երկուքս ալ պարտադրաբար տունը կը մնայինք (իր պարագային, յետոյ աւելցաւ առողջութեան նահանջը):
Հեռաձայնով մեր հաղորդակցութիւնը պիտի սկսէր «գաղտնաբառեր»ով: Իմ՝ «մարհապա»իս (արաբերէն՝ բարեւ), պիտի պատասխանէր յանգաւոր կատակով մը. «Նապաա» (Պուրճ Համմուտի կից՝ արաբական թաղամաս մը) կամ «քահրապա, ֆի՞ քահրապա…» (արաբերէնով՝ ելեկտրականութիւն. ելեկտրականութիւն կա՞յ…): Առաջին հարցումներէ մէկը պիտի ըլլար «Լուրերը մտիկ ըրի՞ր»: Եթէ պատասխանս այո ըլլար, պէտք էր քննարկէինք արցախեան, հայրենի կամ մեզ շրջապատող աշխարհի իրադարձութիւնները, ուրախանայինք հայկական դաշտերու մէջ արձանագրուած դրական զարգացումներով, տագնապէինք, տրտմէինք ընկրկումներուն, նահանջներուն, կորուստներուն եւ այլ դառնառիթ պատճառներով: Երբեմն հաղորդակցութիւնը կ՛ընդհատուէր մէկ-երկու օրով, սակայն երբեմն ալ նոյն օրը պէտք էր քանի մը անգամ հաղորդակցէինք, մանաւանդ եթէ ըսէի, թէ տակաւին առիթ չեմ ունեցած Հայաստանէն լուրեր առնելու: Ինք սովորութիւն չունէր լուրեր հաղորդելու. պիտի թելադրէր. «Մտիկ ըրէ՛, յետոյ կը խօսինք…»: «Յետոյ»ն կէս ժամ կամ քանի մը ժամ ետք էր: Հայաստանի նախկին ու այժմու իշխանաւորներուն ձախաւերութիւններն ու ընկրկումները (մեղմ ասած), պատճառած-արձանագրած կորուստները իր մէջ կը ստեղծէին այն դառնութիւններն ու ընդվզումը, որոնք դրսեւորուած են իր հատորներուն մէջ, մերթ՝ Ցեղասպանութեան անմար այրուցքներուն, յաճախ նաեւ Արցախի մէջ անցեալ տասնամեակներուն ու վերջին մէկ-երկու տարիներուն արձանագրուած կորուստներուն, ձախողանքներուն, բացայայտ կամ թաքուն դաւաճանութիւններուն պատճառով:
Երկար ատեն մէկդի դրած գրիչը դարձեալ գործի լծուած էր վերջին ամիսներուն: Դարձեալ սկսած էի վայելել «մտի՛կ ըրէ»ները եւ քանի մը տողերու, քանի մը էջերու ընթերցումը: Կը գրէր ու կը վերամշակէր, երբեմն յիշելով իր մէկ հատորին մէջ հնչած հարցումը «Կը լսե՞ս ձայնը…», եւ այս՝ հակառակ առողջական վիճակին դանդաղ նահանջին: Դարձեալ պատառիկները սկսած էին իրարու քով գալ, հատորիկ մը ձեւ-կերպարանք կ՛առնէր: Մեկնումէն մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ, գոհունակութեամբ իմացուց, որ «բաւական տեղ հասած է» գործը, կը պատրաստուի դարձեալ «թուղթերը հաւաքելու» եւ եղածներ մեքենագրելու, վերջին կաղապարը հագցնելու: Ափսոս, որ չհասցուց…
***
…Ամիսներ առաջ, երբ արդէն առողջական վիճակը հարկադրած էր տարբեր մասնագէտներու դիմել, կը զգար, որ դանդաղ շիջումի մէջ էր. օր մը հեռաձայնեց ըսելու, որ մասնագէտ բժիշկէ մը նոր տուն դարձած է. «Ըստ այս մասնագէտին՝ երկու-երկուքուկէս ամիս ունիմ» ըսաւ այնպիսի՛ հանդարտութեամբ մը եւ հոգեկան հանգստութեամբ, որ պիտի արտայայտէր շուտով աշխատանքէ դադրելու եւ հանգստեան կոչուելու պատրաստուող անձ մը (երկար պիտի ըլլար արձանագրել, թէ վերջին քանի մը տարիներուն, աշխատանքը շատ ծանրաբեռնած էր զինք, համաճարակին անբաղձալի հետեւանքներն ալ աղ-պղպեղ ցանած էին դժուարութեանց վրայ, ինչպէս՝ շատերու պարագային):
Շշմեցուցիչ էր լուրը: Գիտէի, գիտէինք, որ լուրջ էր պարագան, սակայն մօտալուտ մեկնո՞ւմ… այդ ալ իրմէ՛ լսել, եւ այդ ալ՝ այնպիսի՜ հանգստութեամբ: Քանի մը ակնթարթ անպատասխան ձգեցի զինք: Զգաց տուած լուրին վատ ազդեցութիւնը եւ… ներողութիւն խնդրեց, որ ասանկ լուր մը կու տայ: «Սիրտս, խիղճ, հոգիս հանգիստ են, ընկե՛ր, շարունակեց: Ընտանիքիս, զաւակներուս, ազգիս եւ հայրենիքիս հանդէպ պարտականութիւններս կատարած եմ՝ որքան որ կրցած եմ. զաւակներս տեղ հասան: Խիղճս հանգիստ է», կրկնեց:
Բնականաբար ըսածները ընդունելու, կուլ տալու պատրաստ չէի: «Բժիշկները ընդհանրապէս յոռեգոյն «սենարիօ»ն կու տան. Յոյսդ մի՛ կտրեր: Բժշկութեան մէջ ամէն օր նոր գիւտեր կ՛ըլլան, դարմաններ կը գտնուին», կմկմացի, ամբողջ հոգիով հաւատալով որ… ըսածիս նախ ե՛ս պէտք է հաւատամ:
Եւ իսկապէս ալ, Խոսրովը «սուտ հանեց» այդ բժիշկին ախտաճանաչումը: Վերջնական շիջումը եկաւ անկէ մօտաւորապէս 8 ամիս ետք: Մինչ այդ, հասցուց երկու անգամ եւս այցելել Հայաստան եւ վիրաւոր Արցախ, որ մօտաւորապէս տասը տարի առաջ երախտագիտութիւն արտայայտող շքանշանով մը պատուած էր 90ականներու իր ծառայական առաքելութիւնը: Դարձեալ տեսաւ հին ընկերները, դարձեալ սգաց արցախեան առաջին մարտերուն, նաեւ վերջին ճակատումներուն կորսուած մատղաշ կեանքերը:
Վերադարձաւ տուն, ընտանիքին անդամներով շրջապատուած, անոնց գուրգուրանքին ներքեւ փակեց աչքերը, եւ իր վերջին փափաքին համաձայն, կ՛երթայ միախառնուելու Հայաստանի ու Արցախի հողին:
***
Կորսնցուցինք Սփիւռքեան Բանաստեղծ մը, որուն էջերուն հայրենիք(ներ)ը (Հայաստան, Արցախ, Լիբանան) լայն տեղ ունեցաւ(ն): Տառապեցաւ մարդկութեան եւ ճակատագրակից ժողովուրդներու տագնապներով: Ինչպէս ոեւէ արժէքաւոր արարողի՝ նոյնպէս ալ Ասոյենց Խաչոյի ժառանգորդ՝ Խոսրովին կորուստը դարման չունի, բաց մը կը ստեղծէ:
Սակայն պիտի չողբանք իր կորուստը, որովհետեւ ան իր կեանքը հասցուց լինելութեան, հարստացուց մեր գրականութիւնը, իր անմոռանալի լուման ձգեց հայութեան կեանքի գանձանակներուն մէջ: Դուրեանական՝ «Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ»ը պիտի մարմնաւորուի Խոսրովներու թողած ժառանգութեան մէջ:
…Հիմա, գրադարանիս մէջ, իր հատորներուն կողքին, ունիմ փոքր տուփ մը, որուն մէջ կայ Արցախէն բերուած ափ մը հող: Խոսրովէն՝ սիամանթոյական ոճով վերջին յիշատակ մըն է, որ ստացայ իր մահէն ետք. այդպէ՛ս կտակած էր զաւկին: