
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Վալատաօ եւ Էտըմ Շիֆ միացեալ յայտարարութեամբ մը դատապարտեցին Արցախի մէջ Ատրպէյճանի նորագոյն ռազմական գործողութիւնները՝ ընդգծելով, որ ատրպէյճանական զօրքերու տեղաշարժը դէպի Արցախի հողերը, անոնց կողմէ անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումը եւ Արցախի քաղաքացիները բնական կազի հիմնական աղբիւրէն զրկելը 2020ի զինադադարի պայմաններու խախտում է եւ սպառնալիք է անմեղ մարդոց նկատմամբ:
«Միացեալ Նահանգները պէտք չէ աչք փակէ այս վտանգաւոր գործողութիւններուն դիմաց եւ մենք պէտք է մեր կարելին ընենք՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար: Մենք կոչ կ՛ընենք արտաքին գործոց նախարարութեան, որ օգտագործէ իր ձեռքին տակ եղած դիւանագիտական բոլոր գործիքները` դադրեցնելու Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի ռազմատենչ գործողութիւնները եւ զայն վերադարձնելու բանակցութիւններու սեղան՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան գործընթացին միջոցով», կ՛ըսուի քոնկրեսականներու յայտարարութեան մէջ: