ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստան դիմեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ)` պահանջելով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները ոտնահարելու գծով շտապ միջոցներու ձեռնարկելու Ատրպէյճանի նկատմամբ:
Հայաստան կ՛ակնկալէ, որ ՄԻԵԴն Ատրպէյճանէն պիտի պահանջէ դադրեցնել սպառնալիքները եւ ռմբակոծումները ու պիտի վերականգնէ բնական կազի մատակարարումը:
ՄԻԵԴին հասցէագրուած Հայաստանի դիմումին մէջ արձանագրուած են Արցախի բնակչութեան եւ կառոյցներու, որոնց կարգին դպրոցներու ռմբակոծման վերաբերող փաստեր:
Ռմբակոծման պատճառով վնասուած է Արցախ կազ հասցնող խողովակաշարը եւ անոր պատճառով Արցախի ամբողջ բնակութիւնը զրկուած է կազի մատակարարումէն: