ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Նկատի ունենալով Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ ատրպէյճանական շարունակուող մահացու յարձակումները, ինչպէս նաեւ Արցախի բնակչութիւնը կազէ զրկելու՝ Պաքուի նորաոճ ոճիրը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դարձեալ կոչ ըրաւ նախագահ Ճօ Պայտընին, որ անմիջապէս կասեցնէ Ատրպէյճանի բռնապետական եւ քարիւղով հարուստ վարչակարգին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնները եւ առնուազն 50 միլիոն տոլար տրամադրէ Արցախի գաղթականներուն։

Հայ Դատին նախաձեռնած եւ ՀԵԴի մասնակցութեամբ յառաջ տարուող նամակարշաւին միջոցաւ, արդէն իսկ հազարաւոր դիմումներ կատարուած են նախագահին, իսկ Հայ Դատը կը շեշտէ, թէ Սպիտակ տան հեռաձայնով եւս կարելի է դիմել Երեքշաբթիէն Հինգշաբթի օրերը, Լոս Անճելըսի ժամով առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ 12, (202) 456-1111 թիւով, այս պահանջներուն գծով նախագահին վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու նպատակով։
Արշաւին մասին Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Շրջանային վարչութեան անդամ Յասմիկ Բուրուշեանի պատգամը կարելի է դիտել կայքէջին վրայ։
Հայ Դատը 15 Մարտին, Միացեալ Նահանգներու զանազան փոքրամասնութիւններու, կրօնական եւ քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններու նամակով մը դիմեցին Պայտընին, շեշտելով, որ ամերիկացիներէն գանձուած տուրքերը պէտք չէ յատկացուին աշխարհի տարածքին մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումներով ծանօթ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողքին, նամակին տակ ստորագրած էին հետեւեալ կազմակերպութիւնները՝ American Friends of Kurdistan, Assyrian Policy Institute, Christian Solidarity International, Code Pink, Coptic Solidarity, Hellenic American Leadership Council, Hindu American Foundation, In Defense of Christians, Israeli-American Civic Action Network, Jewish World Watch, National Council of Churches եւ Women for Weapons Trade Transparency.
Նամակարշաւին միանալու համար այցելել կայքէջը։