ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Ազատութիւն».- 24 Մարտին, Ատրպէյճանի բանակը Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղին ուղղութեամբ խախտեց շփման գիծը: Ապահովական նկատառումներով՝ տարհանուեցան Փառուխին դրացի Խրամորթ գիւղի կիները եւ մանուկները: Այս մասին յայտնեց Արցախի տեղեկատուական շտաբը՝ աւելցնելով, որ պաշտպանութեան բանակին եւ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչները կը փորձեն բանակցութիւններու միջոցով կասեցնել ատրպէյճանցիներուն հետագայ յառաջխաղացքը եւ զանոնք վերադարձնել ելման դիրքեր: Շտաբը նաեւ յորդորեց բնակիչները՝ պահպանելու հանգստութիւն, եւ դիտել տուաւ, որ շփման գիծի միւս շրջաններուն մէջ կացութիւնը կայուն է:
Աւելի ուշ, Արցախի տեղեկատուական շտաբէն հաղորդեցին, որ Ասկերանի շրջանի Փառուխ եւ Խրամորթ բնակավայրերու ուղղութեամբ շփման գիծի պահպանութիւնը եւ այդ համայնքներուն մէջ ապրող խաղաղ բնակչութեան ապահովութիւնը կը գտնուի Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան տակ: Խաղաղապահները կը գտնուին իրենց յենակէտերուն մէջ, իսկ բանակցութիւնները կը շարունակուին:
«Բանակցութիւնների եւ անվտանգային լրացուցիչ միջոցառումների արդիւնքում ադրբեջանական զինուած ուժերի շարժն այս պահի դրութեամբ մեր տարածքում կասեցուած է, սակայն հակառակորդը դեռեւս չի վերադարձել ելման դիրքեր», կ՛ըսուի Արցախի տեղեկատուական շտաբի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ դիտել տալով, որ Ատրպէյճանի այս յարձակողական գործողութիւնները անգամ մը եւս կու գան ապացուցելու, որ պաշտօնական Պաքուն կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, կը դադրին ռազմական գործողութիւնները, կողմերը կանգ կ՛առնեն իրենց գտնուած դիրքերուն մէջ, եւ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի երկայնքով կը տեղակայուի Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմը:
«Այս գործողութիւններին նախորդել են Ադրբեջանի կողմից Արցախը սնուցող միակ գազատարի աշխատանքի ամբողջական խափանումը, մեծ տրամաչափի զինատեսակներից քաղաքացիական ենթակառուցուածքների թիրախաւորումը, արցախահայութեանն ահաբեկող սպառնալիքները եւ ցեղային զտմանն ուղղուած այլ քայլեր: Աւելին, Եւրոպայում անվտանգային իրավիճակի կտրուկ սրման հետ մէկտեղ Բաքուի նմանօրինակ գործողութիւնները լրջօրէն վտանգում են տարածաշրջանային կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը: Ակնկալում ենք, որ ռուս խաղաղապահ զօրքերը, որոնց պատասխանատուութեան գօտում է տեղի ունենում սադրանքը, միջոցներ կը ձեռնարկեն, որպէսզի Ադրբեջանի զօրքերը անյապաղ վերադառնան ելման դիրքեր եւ անշեղօրէն պահպանեն Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները», յայտարարեց նախարարութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ յստակ գնահատական տալու խաղաղութեան գործընթացը ձախողութեան մատնել միտող Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն մասին եւ աջակցելու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման հասնելու ջանքերուն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա եւս անդրադարձաւ Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղի ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու վերջին սադրանքին վերաբերեալ հարցին:
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Զախարովա նախ ըսաւ, որ դէպքը պէտք է գնահատեն այնտեղ գտնուող խաղաղապահ ուժերը: «Ես կը կրկնեմ այսօր ըսուածը՝ արդէն իսկ լարուած իրավիճակը ոչ մէկ յաւելեալ գործողութեամբ պէտք է սրի», յայտնեց ան:
Աս լուրին վերնագիրը գրված է. Ատրպէյճանական Բանակի Հայկական Տարածք Մուտքը Կասեցուեցաւ: Հետոյ ալ գրէր էք որ ազերիները դեր մնացած են իրենցգրաւած տեղերը: Ձեր կարծիքը ինչ է: Մեկը պետք է որ ուրախանա՞ կամ թէ տխրի, որ մտեր են եւ աւելի առջեւ երթալը «կասեցուցեր են»: Ձեզի պէս թերթի մը աւելի հստակ կեցվացք կըսպասէ կարդացողը: Մի ըսէք որ դուք միան լուրը տված էք արածնիդ պէս: