ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին եւ համալսարանին Երաժշտութեան բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, 2 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, համալսարանին գլխաւոր համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Պորիս Ալլահվերդեանի (աւագասրինգ, քլարինէթ) եւ Ալին Ալլահվերդեանի (դաշնակ) համերգը։
Մասնակցութեան սակը 15 տոլար է․ տարեցներուն համար՝ 12 տոլար, իսկ համալսարանին ուսանողներուն համար՝ անվճար։
Տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել կայքէջը: