1976-1983 Արժանթինի մէջ պետական հարուածով իշխանութեան գլուխ հասած զինուորական բռնատիրութիւնը առանձնակիօրէն վայրագ եղաւ։ Այդ տարիներուն «անհետացան» մօտ 30 հազար քաղաքացիներ, որոնց ճակատագիրը ցարդ անյայտ կը մնայ մինչեւ օրս։ Մարդկային իրաւանց այս զանգուածային բռնաբարումները, որոնք ժողովրդավարութեան վերադարձէն ետք բացայայտուեցան յատուկ յանձնաժողովի մը հետազօտութեան արդիւնքով եւ յանգեցան զինուորական խունթայի դատական հետապնդումին եւ դատապարտման, իրենց խոր հետքը ձգած են արժանթինեան հասարակութեան վրայ։ Արդիւնքով՝ Արժանթինը այսօր աշխարհի այն երկիրներէն է, ուր մարդկային իրաւանց հարցը թէ՛ ներքին, եւ թէ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ առաջնահերթային տեղ կը գրաւէ։
Հակառակ 1983էն ի վեր իրերայաջորդ տնտեսական եւ ընկերային ծանր տագնապներուն, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան յանձնառութիւնը կենդանի կը մնայ, եւ ոչ միայն հետզհետէ աւելի կ’ամրակայուի հաւաքական յիշողութեան մէջ այլ նաեւ ծնունդ կու տայ քաղաքական իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններու։
Այդ նախաձեռնութիւններու կարգին, 1995ին, երկրի օրէնսդիր իշխանութիւնը անցուց թիւ 24,515 օրէնքը, որ ուժի մէջ մտաւ նոյն տարուան Յուլիս 5ին։ Այդ օրէնքով ստեղծուեցաւ եւ գործելու սկսաւ Խտրականութեան, Օտարատեացութեան եւ Ցեղապաշտութեան դէմ Ազգային հիմնարկը (ԻՆԱՏԻ), որուն ղեկավարութիւնը կը կազմեն հիմնարկի նախագահը, փոխնախագահը եւ եօթը տնօրէններ, որոնցմէ չորսը գործադիր իշխանութեան հետեւեալ նախարարութիւններէն՝ ներքին գործոց, արտաքին յարաբերութիւններու, արդարադատութեան եւ կրթութեան, իսկ երեքը՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններէ։ Հիմնարկի առաքելութիւնն է, ըստ օրէնքի տրամադրութիւններուն, բանաձեւել ազգային քաղաքականութիւն եւ մասնայատուկ միջոցառումներ՝ խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարելու համար։ Անկախ ամբողջ երկրի տարածքին մարդկային իրաւանց, մշակութային եւ ընկերային բազմազանութեան եւ սեռային հաւասարութեան ի խնդիր քարոզչական արշաւներ, դաստիարակչական ծրագիրներ եւ տարբեր միջոցառումներ կազմակերպելէ, անկախ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան միջազգային օրէնքի ամենավերջին արդիականացումներուն հետ քայլ պահելէ, ԻՆԱՏԻն նաեւ աշխոյժ է խտրականութեան ամէն երեւոյթի մասին եղած ամբաստանութիւններու ստանձման, դատական գործերու ընթացք տալու եւ հանրային կարծիքը զօրաշարժի ենթարկելու մարզերուն մէջ։ Օրկանականօրէն ԻՆԱՏԻն կը գտնուի արդարատադութեան նախարարութեան մարդկային իրաւանց քարտուղարութեան ոլորտին մէջ, սակայն կը գործէ ապակեդրոն ձեւով։
Անցեալ 13 Սեպտեմբերին, Արժանթինի նախագահ Նեսթոր Քիրշների հրամանագրով, ԻՆԱՏԻի նոր նախագահի իր պաշտօնը ստանձնեց Մարիա Խոսէ Լուպերթինօ։ Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած նոյն այդ արարողութեան ընթացքին հիմնարկի փոխնախագահի պաշտօնը տրուեցաւ Փետրօ Մուրատեանին։ Արժանթինի պատմութեան մէջ հազուագիւտ են հայ ծագումով քաղաքացիները, որոնք գործադիր իշխանութեան մէջ պատասխանատու այս դիրքերուն հասած են։ Ցարդ, անոնցմէ ամէնէն ծանօթը 1985ին զինուորական խունթան դատապարտած իրաւագէտ Լէոն Քարլոս Արսլանեանն է, որ 1990ականներուն եղաւ երկրի առաջին արդարադատութեան նախարարը (մինչ այդ, Արժանթին արդարադատութեան նախարար չունէր այլ՝ արդարադատութեան քարտուղարութիւն)։ Ինչ որ Փետրօ Մուրատեանի պարագան յատուկ կը դարձնէ, անոր երկար տարիներու ներդրումն է Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ, նախ որպէս շարքային անդամ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին, ապա նաեւ որպէս այդ յանձնախումբի ղեկավար։ Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Պրազիլի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներու հետապնդման, անոնց համակարգման եւ տարբեր ծրագիրներու իրականացման իր հետեւողական մասնակցութիւնը Փետրօ Մուրատեանին տուած է քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներու մեծ փորձառութիւն։ Սակայն, զուգահեռաբար Հայ Դատի աշխատանքներուն, Փետրօ Մուրատեան երկար տարիներ մաս կազմած է Մարդկային իրաւանց մշտական հաւաք ոչ-կառավարական կազմակերպութեան, ուր պայքարած է հանրայայտ դէմքերու կողքին, ի խնդիր ժողովրդավարութեան ամրապնդման, զինուորական բռնատիրութեան ոճիրներու բացայայտման եւ մարդկային իրաւանց յարգանքի խորացման։
Փետրօ Մուրատեան առաջինը չէ Սփիւռքի մէջ, որ հասարակաց յայտարար մը գտած է թէ՛ հայկական եւ թէ ոչ-հայկական քաղաքական շրջանակներէ ներս միաժամանակ աշխատանք տանելու նախանձախնդրութեանց միջեւ։ Սփիւռքի մէջ երկար տարիներ թապու մնալէ ետք, վերջին քսան-երեսուն տարիներուն հետզհետէ աւելի է թիւը այն հայորդիներուն, որոնք քաղաքական ասպարէզը կ’ընտրեն եւ կը կամրջեն իրենց քաղաքացիական կամ մասնագիտական ու կոչումային գործունէութիւնը հայ ազգային յանձնառութեանց հետ, ի մասնաւորի ժողովրդավար երկիրներու ու հասարակութիւններու մէջ։ Գաղութային փակ համակարգերէ դէպի շրջապատի հետ համարկում սփիւռքեան հոգեփոխութեան կարգով, քաղաքական ասպարէզի մէջ հայ ծագումով քաղաքացիներու աշխուժացումը պատասխանատու մակարդակներու վրայ ամէնէն նշանակալիցն է։ Եւ եթէ նկատի ունենանք արժանթինեան, եւ ընդհանրապէս հարաւամերիկեան, առանձնայատուկ անցեալը վերջին կէս դարուն, որ իրերայաջորդ պետական հարուածներու ժամանակաշրջան մըն է, թերեւս հասկնալի կը դառնայ «քաղաքականութենէ հեռու մնալէ» աւանդական իմաստութիւնը։ Նոյնիսկ երբ այն կը նշանակէր լուռ կերպով համակերպիլ զինուորական բռնատիրութեան բարբարոսութիւններուն ու մարդկային իրաւանց բռնաբարումներուն… Կը մնայ, որ, դժբախտաբար, արժանթինեան հասարակութեան մեծամասնութեան նման, նաեւ ծագումով հայ քաղաքացիներ լրջօրէն կը համակրէին զինուորական բռնատիրական կարգերու, որոնց «արդարութեան» համոզուած կը թուին ըլլալ մինչեւ այսօր… Ահա այս դժբախտ իրականութեան ենթախորքով է, որ Փետրօ Մուրատեանի օրինակը տիպական կը դառնայ։
Արդարեւ, Փետրօ կը պատկանի Արժանթինի մէջ ապրող այն հայորդիներու սերունդին, որու պատանեկութիւնը անցաւ զինուորական բռնատիրութեան ժամանակներուն եւ որոնք հասակ առին ժողովրդավարութեան վերադարձի տասնամեակին։ Այսպէս, բախտորոշ 1980ական թուականներուն էր, երբ Փետրօ Մուրատեաններուն սերունդը համադրեց մէկ կողմէ ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւանց ի խնդիր պայքարը որպէս բռնատիրութենէ նոր դուրս եկող երկրի մը յանձնառու քաղաքացի, եւ միւս կողմէ՝ Հայ Դատի աշխատանքներն ու Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական գործընթացը որպէս արդարութեան գերագոյն քայլ։ Հետեւաբար, այս սերունդին համար անիմաստ դառնալու սկսաւ հայապահպանման այն իւրայատուկ ըմբռնումը, որ Հայ Դատի աշխատանքները, Ցեղասպանութեան արդարահատոյցը եւ յարակից խնդիրներ կը դիտէր բացառապէս որպէս ազգային խնդիր, ինքնըստինքեան բացառութիւն մը գրեթէ։ Ընդհակառա՛կը, Հայ Դատի պայքարը ամէնէն առաջ արդարութեան համար պայքար է, եւ որքան ալ որ այն ունենայ իր իւրայատկութիւնը եւ առաջնահերթութիւնը հայութեան համար, իր էութեամբ կը մնայ համամարդկային արդարութեան համար պայքար։ Յանձնառու Հայ Դատին, որու վերջին տասը-տասնհինգ ամենակարեւոր յաջողութիւններուն մէջ ան իր աշխոյժ բաժինը ունեցաւ, Փետրօ Մուրատեան նոյնքան յանձնառութիւն ցոյց տուաւ մարդկային իրաւանց պայքարին մէջ, ուր եւ ճանչցան զինք, յարգեցին եւ վստահեցան։ Հետեւաբար, խտրականութեան դէմ պայքարի այս պետական հիմնարկութեան մէջ իր արդար տեղը գտնելով, Փետրօ Մուրատեան կը վերածուի Սփիւռքի մէջ հոգեփոխութեան ամբողջ գործընթացի մը խորհրդանիշին։
Այդ հոգեփոխական գործընթացը այլեւս ջնջած է երեւակայական սահմանագծերը հայ եւ ոչ-հայ արդար պայքարներուն միջեւ. Հայ Դատն ու խտրականութեան դէմ պայքարը մէկ եւ միեւնոյն յանձնառութիւնն է։