

Փասատինա քաղաքի Պլեր Հայկական ճեմարանի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ տօնեցին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ դարերու պատմութիւն ունեցող Տրնդեզի սովորութիւնը: Հիմնականօրէն յայտագիրին մաս կազմողները եղան ճեմարանի երգչախումբը եւ պարախումբը, որոնք քանի մը շաբաթներու լուրջ աշխատանքին շնորհիւ սորվեցան ո’չ միայն պարել եւ երգել, այլ կրցան պատկերացնել հայ մարդու ճաշակն ու ստեղծագործ միտքը:
Դասարաններու մէջ նաեւ աշակերտները իմացան Տեառնընդառաջին եւ Տրնդեզին վերաբերող մանրամասնութիւններու մասին, դիտեցին յատուկ տեսանիւթեր եւ պատրաստեցին կանթեղներ՝ իբրեւ հետեւորդները հին սովորոյթներու, զայն յարմարցնելով նոր օրերու մեր կեանքին եւ հասկացողութեան:
Ուրբաթ, է8 Փետրուարը յարմարագոյն օրն էր տօնակատարութեան եւ աշակերտները արձակուելէ ետք հաւաքուեցան ճեմարանի շրջափակի հայկական անկիւնը, ուր Եռագոյնը բարձր կը ծածանէր, կարծես մրցելով հայկական երաժշտութեան հետ, որ կը ջերմացնէր մթնոլորտը եւ կը բարձրացնէր ներկաներու տրամադրութիւնը:
Փետրուարեան ջերմ օդին հետ, համեղ հայկական խորովածի բոյրը եւ դէպի հայկական անկիւն հրաւիրող խանդավառ պարեղանակները ոչ միայն հայ աշակերտները այլ՝ օտար աշակերտներն ալ հրաւիրեցին բակի հեռաւոր անկիւնը, ուր հետաքրքրական էր տեսնել եւ վկան ըլլալ Վահագնի որդիներու կրակին շուրջ համախումբը, երգելը եւ պարելը:
Ներկայ էին Պլերի տնօրէնութենէն եւ պաշտօնէութենէն ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, ծնողներ, շրջանաւարտ աշակերտներ եւ վարժարանէն շատ մը հետաքրքրուողներ:
Օրուան շարժառիթին մասին լսելէ ետք, ներկաները վայելեցին տօնակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ համեղ խորովածը, անուշ «բոնջիկ»ները եւ համադամ ախորժաբեր ուտելիքները:
Պարախումբի աղջիկները, Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան քոյրերու առաջնորդութեամբ՝ իրենց վճռական ներկայութեամբ մուտք գործեցին դաշտ եւ ճկուն քայլերով պարեցին ու դարձան բոցավառող կրակին շուրջ եւ հաստատեցին կրակի տիրապետութիւնը եւ հոգիները մաքրելու անոր կարողութիւնը: Խանդավառութիւնը մեծ էր եւ պարախումբը վերածուեցաւ համընդհանուր շուրջպարի, ընդգրկելով բոլոր ներկաները, հայ թէ օտար. պատանի, պարմանուհիները երջանիկ էին որ գիտելիքը փոխադրած էին դասարանի պատերէն դուրս եւ ամբողջապէս կը վայելէին պահը, ոչ միայն անոնց հոգիները թռիչք առած էին, այլ՝ անոնք ձեռք ձեռքի պինդ բռնած՝ նաեւ ֆիզիքապէս կը թռչէին կրակին վրայէն, հաստատելով աւանդոյթը, նաեւ ամբարելով գիտութիւնը, ծանօթացնելով զայն օտարներուն եւ հաստատելով զայն իրենց մատղաշ միտքերուն մէջ:
Ժամանակը օգտակար եւ արագ սահած անցած էր՝ անգամ մը եւս փաստելով հայու կարողութիւնը՝ յարատեւելու եւ իր հետ ապրեցնելու իր նախնիներու սովորութիւնները:
Հայկական Ճեմարանը Փետրուար 2022ին միացաւ համընդհանուր այս տօնին` առաջին տարին ըլլալով կրակ վառելու սովորութիւնը կենդանացուց գեղեցկօրէն՝ իր բոլոր մանրամասնութիւններով, որոնց ազդեցութիւնը մնաց ճեմարանի երկնակամարին վերեւը՝ ինչպէս «Յարդգողի Ճանապարհ»ը:
Եւ այսպէս, ճեմարանը իր առօրեայ հայկական ծրագիրներուն կողքին նաեւ կը ստեղծէ հայկական մթնոլորտ, կը տօնէ հայկական ազգային բոլոր տօները, ապրեցնելով հայկականութիւնը եւ հայ լեզուն: Այս չէ՞ արդեօք առաքելութիւնը հայկական վարժարանին… Լիցքաւորել նոր սերունդը հայկականութեամբ, հայու կրակով վառել անոնց հոգիները եւ իբրեւ լուսաւորող աստղ զայն տանին իրենց հետ ամէնուր:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)