«ԲԱՐԵՐԱՐ ԵՆ ՆԱԵՒ ԱՆՈՆՔ, ՈՐՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԳԱՆՁԱՐԿՂԷՆ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ ԱԶԳԻՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ». ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Չորեքշաբթի, 9 Մարտի կէսօրին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին, Կլենտէյլի «Լեկըսի Պենքուըթ Հալ» (Legacy Banquet Hall) շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց աւանդական սիրոյ սեղան-ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեանի, Ազգային առաջնորդարանի մեծ ընտանիքի հարազատ, բարեկամ եւ բարերար հայուհիներու ու հիւրերու:
Մեծ Պահքի ճաշկերոյթի բացման խօսքը կատարեց կազմակերպիչ մարմինի անդամ Վարդուհի Աւետիքեան, ապա ան հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը եւ հոգեւոր հայրերը՝ կատարելու Արեւագալի ժամերգութենէն հատուած մը: Սրահը լեցուցած աւելի քան 120 ներկաները յոտնկայս հետեւեցան Թորգոմ եպիսկոպոսի հրաւէրին եւ միահամուռ արտասանեցին Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք հոգեւոր հայրերը հնչեցուցին Արեւագալի շարականներէն փունջ մը, որուն աւարտին սրբազան հայրը խօսեցաւ լոյսի կարեւորութեան մասին եւ ըսաւ, որ «մարդուն կեանքին մէջ ամէնէն անսպառ, առատ եւ անհատնում լոյսի աղբիւրը Յիսուս Քրիստոսն է» եւ այս առիթով ներկաները հրաւիրեց միասնաբար երգելու «Առաւօտ Լուսոյ» շարականը, իր կողքին ունենալով Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը, Պօղոս քհնյ. Պալթայեանը եւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը, ապա սրբազանը օրհնեց սեղանները:
Մեծ Պահոց յատուկ ուտելիքներով ճոխ ճաշկերոյթին ընթացքին բանախօսեց Ազգային առաջնորդարանի «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթի խմբագիր Սեդա Գրիգորեան՝ «Սփիւռքի Տարին Եւ Հայ Կինը» նիւթով: Ան իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայ կնոջ պատմական, ազգային, ընկերային, կրթական եւ ներկայ օրերու դերը եւ տեղը մեր ազգի կեանքին մէջ՝ ընդգծելով, որ «Հայուհին՝ մայր ըլլայ ան, քոյր, կին կամ դուստր, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ միշտ բարձր դասուած է առաւելաբար շնորհիւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, որ բոլոր դարերուն եւ ընդմիշտ, հայ կինը կը դաւանի անփոխարինելի արժէք՝ յատկապէս իր աստուածային եւ բնատուր պարգեւներուն շնորհիւ»՝ աւելցնելով․ «Ինչպէս երէկ, նոյնպէս ալ այսօր, մեր բոլորին կեանքին մէջ հայ կինը է՛ ու կը մնայ հայ ազգի բարոյական եւ հոգեւոր արժէքները կրող նուրբ ու խոնարհ արարածը, հայ սերունդներու առաջին դաստիարակ հայ մայրը եւ այր մարդուն կողքին հաւասար դիրքի վրայ կանգնած հայ կինը»: Ան նաեւ պատշաճ օրինակներով մատնացոյց ըրաւ հայ կնոջ կերպարի պատմաքաղաքական եւ ընկերային զարգացման հոլովոյթը եւ արդի ժամանակներու մէջ գիտակից հայ կնոջ ձեռք բերած հմտութիւնները․ խօսքը ուղղելով հայուհիներուն՝ զանոնք խրախուսեց աւելի՛ քրիստոնեայ եւ աւելի՛ յանձնառու ըլլալ, ի նպաստ համազգային իտէալներու առաւել կենսագործման ու համասփիւռ տարածման:



Առաջնորդ սրբազան հօր եզրափակիչ խօսքը ներբող էր՝ ուղղուած Տիկնանց օժանդակ մարմինի բծախնդիր, ազգաշէն եւ կազմակերպուած մարդասիրական աշխատանքին ու սրահը լեցուցած հայուհիներու ոգեշնչող ներկայութեան: Առաջնորդը բարձր գնահատեց բոլոր ներկաներուն բերած նպաստը Ազգային առաջնորդարանի ծրագիրներու յաջողութեան ի խնդիր, ապա աւելցուց. «Բարերարներ են նաեւ անոնք, որոնք իրենց իմացական կարողութիւններով կը հարստացնեն հայութեան գանձարանը եւ իրենց մտքի արգասիքէն կու տան, կը նուիրեն ու կը շռայլեն յանուն ազգի ու հայրենիքի»: Այնուհետեւ, իբրեւ միտքի բարերարներու խումբի մէկ ներկայացուցիչ՝ Թորգոմ եպիսկոպոսը գնահատեց օրուան բանախօս Սեդա Գրիգորեանը եւ իր իւրայատուկ սէրն ու նուիրուածութիւնը հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան նկատմամբ, իսկ Տիկնանց օժանդակ մարմինին անունով ատենապետուհի Վանիա Պապիկեան գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը նուիրեց անոր:
Յայտնենք, որ ճաշկերոյթի ընտանեկան ջերմ մթնոլորտը աւելի եւս ճոխացուց քանոնահար Նեկտարը՝ նուագելով եւ երգելով հայկական երգարուեստէն նմուշներ: