ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Երկուշաբթի օր, Ուքրանիոյ մէջ զինադարար հաստատելու ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն չորրորդ հանգրուանը եւս աւարտեցաւ առանց յատկանշական յառաջդիմութեան, հաղորդեց Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Միխայլօ Փոտոլիաք։ Ան աւելցուց, որ համաձայնութեան մը վերջնական փաստաթուղթը (հաւանաբար Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ հաշտութեան համաձայնագիր), պէտք է ստորագրուի երկու երկիրներու նախագահներուն կողմէ:
«Ուքրանիոյ նախագահը կը պնդէ վարել Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներու երկկողմանի բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին անոնք պիտի կարենան վերջնական համաձայնութիւն ձեռք բերել փոխադարձ փոխզիջումներու վերաբերեալ, սակայն Ուքրանիոյ շահերուն տեսանկիւնէն, որովհետեւ Ուքրանիան առաւել վնասած երկիրն է», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, ռուսական ուժերը Կիրակի օր հրթիռային հարուածներ հասցուցին Լվովի մարզին մէջ՝ Լեհաստանի հետ սահմանին մօտ գտնուող ռազմակայանին: Լվովի մարզային զինուորական ղեկավարութիւնը յայտարարեց, որ ՆԱԹՕի կողմէ գործածուող կեդրոնի տարածքին վրայ արձակուած են շուրջ 30 հրթիռներ: Արձանագրուած են 35 զոհեր, իսկ 134 ուրիշներ վիրաւորուած են:
Փենթակոնի բանբեր Ճան Քըրպի յայտնեց, որ Լվովի շրջանին մէջ ռմբակոծման ենթարկուած ռազմակայանին մէջ ամերիկացի զինուորներ չկան, եւ ամերիկացի զինուորները շաբաթներ առաջ հեռացած են մարզումի այդ դիրքէն: «Յստակ է, որ ռուսական կողմը կ՛ընդլայնէ իր թիրախներուն շրջանակը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ մէջ պիտի չկռուին, որովհետեւ այդ քայլը երկու հիւլէական ուժերուն միջեւ կրնայ մագլցումի յանգեցնել: Պիտի շարունակենք Ուքրանիոյ օգտակար եւ ազդու զինուորական օժանդակութիւն տրամադրել»:
Նաեւ, Երկուշաբթի օր գաղթականներու մօտաւորապէս 160 ինքնաշարժներու շարասիւն մը կրցաւ դուրս գալ ռմբակուոծուող հարաւային Մարիոփօլ քաղաքէն, մինչ Քիեւի եւ այլ քաղաքներու ռմբակուծումները կը շարունակուէին։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով Շաբաթ օր ռուսական պատկերասփիւռի Առաջին ալիքէն յայտարարեց, որ Ռուսիա Միացեալ Նահանգները նախազգուշացուցած է Ուքրանիոյ զէնք եւ սպառազինութիւն մատակարարելու հետեւանքներէն:Ըստ անոր՝ օտարերկրեայ զէնքի շարասիւնները, որոնք «անխոհեմօրէն կը մատակարարուին Ուքրանիոյ», ռուս զինուորներուն համար պիտի դառնան օրինական թիրախներ:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներուն Մոսկուայի հակադարձ քայլերուն՝ Ռիապքով յայտնեց, որ Արեւմուտքի դէմ պատժամիջոցներու ցանկերը պատրաստ են:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕի միջեւ յարաբերութիւնները հասած են «զերօ կէտ»ին, եւ Մոսկուա այժմ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներուն պատասխան քայլերը կը քննարկէ: «Մոսկուա պատրաստ է, անհրաժեշտութեան պարագային, ուժանիւթի ոլորտին մէջ Եւրոպական Միութեան հետ բուռն ճակատումի», յայտարարեց նախարարութիւնը: