
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսին կողմէ Հինգշաբթի գիշեր վաւերացուած Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2022ի 1500 միլիառ տոլար ամավարկին մէջ, Հայաստանին վերապահուած է միայն 45 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն, իսկ Արցախի ականազերծման ջանքերուն համար՝ 2 միլիոն տոլարի, ինչ որ անբաւարար նկատուեցաւ Հայ Դատին կողմէ։
Հոն նաեւ կը շեշտուի, թէ Քոնկրեսը այսուհետեւ պէտք է մօտէն հետեւի, թէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին տրամադրուող աջակցութիւնները ի՛նչ նպատակներու համար կը ծախսուին։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը շեշտէ, թէ Քոնկրեսը առիթ մը եւս կորսնցուց ատրպէյճանական բռնարարքներուն պատճառով գաղթական դարձած մօտաւորապէս 100,000 հայերուն մարդասիրական յատկանշական աջակցութիւն ապահովելու համար՝ աւելցնելով, որ առնուազն 50 միլիոն տոլար պէտք է միայն այդ գաղթականներուն տարրական կարիքները հոգալու համար։
Ան շեշտեց, թէ արդէն իսկ աշխատանքը սկսած է 2023ի պետական ամավարկին մէջ Հայաստանի եւ Արցախին յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու համար։
Յիշեցնենք, որ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը Արցախին 50 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադրելու կոչ ըրած էր Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբին, անսալով այդ առնչութեամբ Հայ Դատին եւ անոր համակիրներուն կողմէ ներկայացուած դիմումներուն։ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին դիմումին մէջ կը շեշտուի, թէ այդ գումարը կենսական է Արցախի տագնապէն տուժած հայ գաղթականներուն անմիջական օժանդակութիւններ հասցնելու ջանքերուն համար, նոյն ժամանակ ցաւ յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ցարդ բաւարար աջակցութիւն չեն տրամադրած ատրպէյճանական անարդարանալի ռազմական յարձակումներուն թիրախ դարձած Արցախի հայութեան։