Ասկերանի շրջանի Կարմիր Գիւղին մէջ 64 առանձնատուներէ բաղկացած նոր թաղամաս մը կը կառուցուի, կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը:
Ներկայ փուլին կը կատարուին առանձնատուներու հիմքերու կառուցման աշխատանքները:
Ծրագիրը միտուած է պատերազմին պատճառով տեղահանուած քաղաքացիները բնակարանով ապահովելու հարցի լուծման:
Բնակելի տուներու կառուցման աւարտէն ետք, ըստ նախագիծին, թաղամասին մէջ պիտի հաստատուին ենթակառուցուածքները եւ պիտի կատարուին ընդհանուր տարածքի բարեկարգման աշխատանքները:
Թաղամասի կառուցումը կ՛իրականացուի Արցախի կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ: